Պարտադրուած Աճապարանք

fotorcreatedԵս այս անգամ Երեւանէն լաւատես հեռացայ: Կրնամ խոստովանիլ, թէ լաւատեսութիւնս հիմնուած չէ գիտական վերլուծումներու եւ ուսումնասիրութիւններու վրայ: Շատերու նման, իմ ալ ամէնէն ճշգրիտ աղբիւրներս Երեւանի թաքսիներու վարորդներն են, որոնք զարմանալի առողջ դատողութեամբ եւ իրավիճակը գնահատելու սուր տեսողութեամբ օժտուած են: Եւ անոնք՝ լաւատե՛ս էին:

Վարչապետն էր, որ իր աշխատանքի կարճ ժամանակամիջոցին իսկ դրական տրամադրութիւններ ստեղծած էր վարորդական այն շրջանակին մէջ, որոնց հետ շփուելու առիթն ու պատիւը ունեցայ:

Աւերակի վերածուած տնտեսութիւնը վերականգնելու, երկրին մէջ բարոյահոգեբանական ծանր կացութիւնը բարեփոխելու, մարդոց յոյս ներշնչելու տիտանական մարտահրաւէրը ընդունած Կարէն Կարապետեանը, միեւնոյն ատեն պէտք է կարենայ ամէն տեսակի պալատական նենգութիւններ յաղթահարել:

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Տնտեսական վերականգնումը իսկապէ՛ս հրաշքի համազօր պիտի ըլլայ, պարզապէս՝ որովհետեւ ամէն չարիքի հետ նաեւ արտագաղթը իր աւերիչ գործը տեսած է՝ զրկելով երկիրը իր կենսունակութեան աղբիւրներէն:

Վարչապետը, կը թուի, որ յոյսը դրած է ժողովրդային զօրաշարժի մթնոլորտ մը ստեղծելուն վրայ: Ելեկտրականութեան, գազի, քարիւղի եւ առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներու գիներուն նուազումը հետապնդելով եւ իր անձնական յարաբերութիւններուն շնորհիւ որոշ յաջողութիւններ արձանագրելով, արդէն գետին կը պատրաստուի հոգեփոխութեան: Յաջորդ քայլերը աւելի դժուար պիտի ըլլան: Կաշառակերութեան եւ մենաշնորհներու դէմ պայքարը կրնայ պատճառ ըլլալ, որ անօրինաբար կուտակուած դրամագլուխները թաքցուին կամ երկրէն փախուստ տան. հարկային դաշտի հաւասարեցումը կրնայ այսօրուան պաշտպանեալ ու միայն գերշահոյթով հետաքրքրուած գործարարներուն աշխատելու թափը կոտրել: Ու մինչ արդար պայմաններէն ներշնչուած գործարար նոր սերունդ մը հրապարակ դուրս գայ, երկիրը կրնայ տնտեսական նոր կաթուած մը ունենալ: Այս պայմաններուն տակ, լուծումը շտապելով, աճապարանքի մէջ կրնայ փնտռուիլ, ինչ որ ինքնին ուրիշ վտանգներ կրնայ բերել, ինչպէս օրինակ՝ բանակի հարցով հազար դրամի գայթակղութիւնը:

Այս պարտադրուած աճապարանքին բացասական հետեւանքները սահմանափակելու ճիգին պէտք է մեր նպաստը բերենք՝ սրբագրելու դրական ու կառուցողական հակազդեցութեամբ, եւ տակաւին՝ ամրապնդելով մեր զօրակցութիւնը տարուած աշխատանքներուն, միշտ ակնկալելով, որ քաղաքական համընդհանուր ու արմատական փոփոխութիւններ ալ պիտի իրականան զուգահեռաբար:

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

asbarez.com

Տպել Տպել