«Գանձասար»ի խմբագրական. Քաղաքական Շրջադարձի Նախաքայլե՞ր

Սուր­ի­ա­կան հար­ցին առն­չուող մի­ջազ­գա­յին դիւա­նա­գէտ­նե­րու, քա­ղա­քա­կան դէմ­քե­րու ար­տա­յայ­տու­թիւն­ներն ու մօ­տե­ցում­նե­րը վեր­ջին շր­ջա­նին շր­ջա­դարձ­ներ կ՛ար­ձա­նագ­րեն:

Առա­ջին շր­ջա­դար­ձը սուր­ի­ա­կան տագ­նա­պի սկզբ­նա­կան օրե­րէն Սուր­իոյ պե­տու­թիւնն ու անոր նա­խա­գա­հը մե­ղադ­րող մեծագոյն երկրին առա­ջին դէմ­քը կը կա­տա­րէր: ԱՄՆ-ի նո­րըն­տիր նա­խա­գահ Տա­նըլտ Թրամփ իր ընտ­րու­թեան յա­ջոր­դող օրե­րուն կը յայ­տա­րա­րէր, թէ ԱՄՆ-ի ու­շադ­րու­թիւնը պէտք է կեդ­րո­նա­նայ ՏԱ­ՀԵՇ-ին եւ ոչ թէ Սուր­իոյ ներ­քին հար­ցե­րուն վրայ, եւ թէ Ռուս­իա եւ Սուր­իա կը պա­քա­րին ՏԱ­ՀԵՇ-ին դէմ, հե­տե­ւա­բար անոնք նոյն նպա­տա­կը կը հե­տապն­դեն: Աւե­լին. ան կը շեշ­տէր, որ եթէ Ուա­շինկ­թըն յար­ձա­կում գոր­ծէ Սուր­իոյ վրայ, ապա ստիպ­ուած պի­տի ըլ­լայ ճա­կատ բա­նալ Ռուս­իոյ եւ Սուր­իոյ դէմ, մինչ իր թշ­նա­մին ՏԱ­ՀԵՇ-ն է:

Երկ­րորդ շր­ջա­դար­ձին մա­սին կը յու­շէր Ֆրան­սա­յի նա­խա­գա­հա­կան թեկ­նա­ծու, Ռուս­իոյ նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թի­նի բա­րե­կամ Ֆրանս­ուա Ֆի­օն, որ ընտր­ուե­լու պա­րա­գա­յին կը խոս­տա­նար ՏԱ­ՀԵՇ-ի դէմ պայ­քա­րը նպա­տա­կա­յին դարձնե­լու հա­մար վե­րա­կանգ­նել Ֆրան­սա-Սուր­իա դիւա­նա­գի­տա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը, աշ­խա­տիլ պա­հպա­նել քրիս­տո­նէ­ու­թեան ներ­կա­յու­թիւնը Մի­ջին Արե­ւել­քի մէջ, բա­րե­լա­ւել իր երկ­րի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը Իրա­նի հետ եւ վեր­ջա­պէս զօ­րակ­ցիլ Փու­թին-Թրամփ գոր­ծակ­ցու­թեան ուղ­ղու­թեան:

fotorcreated

Եր­րորդ շր­ջա­դար­ձը կու գար Եգիպ­տո­սի նա­խա­գահ Ապ­տուլ Ֆաթ­թահ ալ Սիսի­էն, որ նա­խանց­եալ օր փոր­թու­կա­լա­կան պատ­կե­րաս­փիւ­ռի մը հետ իր հար­ցազ­րոյ­ցին ըն­թաց­քին կը յայ­տա­րա­րէր, թէ Եգիպ­տոս կը զօ­րակ­ցի սուր­ի­ա­կան արա­բա­կան բա­նա­կին` ահա­բեկ­չու­թեան դէմ իր պայ­քա­րին մէջ, աւելց­նե­լով, որ որե­ւէ երկ­րի տա­րած­քա­յին ամ­բող­ջա­կա­նութ­եան պահ­պա­նումն ու խա­ղա­ղու­թեան հաս­տա­տու­մը երաշ­խա­ւո­րող հիմ­նա­կան ու­ժը ազ­գա­յին բա­նակն է, հե­տե­ւա­բար ան իր զօ­րակ­ցու­թիւնը յայտ­նե­լով սուր­ի­ա­կան բա­նա­կին կը շեշ­տէր, թէ սուր­ի­ա­կան տագ­նա­պի յաղթահարման մի­ակ ճա­նա­պար­հը քա­ղա­քա­կան լու­ծումն է, իսկ ահա­բեկ­չու­թեան դէմ պայ­քա­րի գլ­խա­ւոր դե­րա­կա­տա­րը որե­ւէ երկ­րի ազ­գա­յին բա­նակն է: Սի­սի մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան կոչ կ՛ուղ­ղէր նա­եւ հա­մա­կարգ­ուած ռազ­մա­վա­րու­թիւն որ­դեգ­րե­լու` ահա­բեկ­չութ­եան դէմ պայ­քա­րը ար­դիւ­նա­ւէտ դարձ­նե­լու հա­մար:

Քա­ղա­քա­կան տրա­մա­բա­նու­թիւնը չի թե­լադ­րեր զար­մա­նալ մարդ­կա­յին եւ քա­ղա­քակր­թա­կան ար­ժէք­նե­րը հար­ուա­ծող ահա­բեկ­չու­թեան ուղ­ղա­կի հա­կադ­րուող հա­մազ­գա­յին նման ար­ձա­գանգ­նե­րուն առի­թով:

Այն­ուա­մե­նայ­նիւ, սուր­ի­ա­կան բա­նա­կի ար­ձա­նագ­րած յա­ռա­ջխաղաց­քը, Սուր­իոյ ժո­ղո­վուր­դի լայն շեր­տե­րուն ահա­բեկ­չու­թեան դէմ բարձ­րա­ցող բո­ղոքն ու երկ­րէն ներս ահա­բեկ­չութ­եան գոր­ծած աւեր­նե­րը բա­ւա­րար տու­եալ­ներ են մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թիւնը հա­մո­զե­լու, որ որե­ւէ երկ­րի մէջ հնա­րա­ւոր չէ ահա­բեկ­չու­թեան մի­ջո­ցաւ քա­ղա­քա­կան օրա­կար­գեր պար­տադ­րել, կամ վար­չա­կար­գեր տա­պա­լել, մա­նա­ւանդ նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ հա­մաշ­խա­րհա­յին առու­մով հա­ւա­տադր­ժո­ղա­կան ահա­բեկ­չու­թեան դէմ ան­մի­ջա­կան քայ­լեր չձեռ­նարկ­ուե­լու պա­րա­գա­յին, Մի­ջին Արե­ւել­քը քա­րու­քանդ ընող այս սար­սա­փազ­դու ալի­քը պի­տի հաս­նի Եւ­րո­պա եւ Մի­աց­եալ Նա­հանգ­ներ:

Ուս­տի վե­րո­յիշ­եալ ար­ձա­գանգ­նե­րը կա­րե­լի է հա­մա­րել Սուր­իոյ ուղ­ղու­թեամբ քա­ղա­քա­կան շր­ջա­դար­ձի նա­խա­քայ­լեր:

«Գ.»

kantsasar.com

Տպել Տպել