ՀՅԴ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վարչապետ Հարիրիի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ներկայացնող պատուիրակութիւն մը 6 դեկտեմբերին այցելեց վարչապետ Սաատ Հարիրիի: Պատուիրակութեան մաս կազմեցին ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, փոխներկայացուցիչ Աւետիս Կիտանեան եւ Րաֆֆի Աշքարեան:

Հանդիպումէն ետք երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ վարչապետ Հարիրիի այցելութիւնը կ՛իյնայ ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէին կողմէ իշխանութեան պետերուն կատարուած այցելութիւններու շրջագիծին մէջ:

Ան նշեց, որ վարչապետին հետ քննարկած են կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը:saad-hariri-delegation-from-tachnak-party-2_120616

«Մաղթեցինք, որ կառավարութեան կազմութեան գծով յաւելեալ ճիգ եւ արագութիւն ցուցաբերուի վարչապետ Հարիրիի հետ գործակցելու, որպէսզի պետական հաստատութիւններուն աշխատանքը աւելի կանոնաւոր կերպով ընթանայ: Տակաւին կան կարգ մը դժուարութիւններ, որոնք կ՛արգելակեն կառավարութեան կազմութիւնը, սակայն նշմարեցինք, որ տօնական օրերը կրնան յարմար ըլլալ` լիբանանցիներուն նոր կառավարութեան ծնունդը աւետելու իմաստով: Այս բոլորը կը յայտարարենք այն համոզումով, որ կառավարութեան կազմութեան գործընթացը տակաւին բնականոն ժամկէտին մէջ կը գտնուի», ըսաւ Յ. Բագրատունի:

Երեսփոխանը ըսաւ նաեւ, որ վարչապետ Հարիրիի հետ քննարկած են կառավարութեան մէջ հայ համայնքի ճշգրիտ ներկայացուցչութեան կարեւորութիւնը, որպէսզի հայ նախարարը իր նախարարութեան ընդմէջէն կարենայ Լիբանանին ծառայել` իր կարողութիւններուն եւ արժանիքներուն համաձայն:

«Նախարարութիւններուն նկատմամբ, ըլլան անոնք ուժային, ծառայութեան թէ այլ, մեր կեցուածքը յստակ է: Կը վերահաստատենք, որ այդ նախարարութիւններուն տրուած մեկնաբանութիւններն ու ճշդուած կշիռները սահմանադրական հերետիկոսութիւններ են, որովհետեւ ամէնէն կարեւորը կը մնայ օրէնքի եւ սահմանադրութեան առաստաղին տակ մատուցուելիք ծառայութիւնը», շեշտեց ան:

Յ. Բագրատունի աւելցուց, որ բաւական երկար քննարկած են նաեւ ընտրական օրէնքին կապուած հարցերը, ընդգծելով բոլոր համայնքներուն եւ լիբանանեան քաղաքական կողմերուն համար ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն ապահովող ընտրական օրէնք մը մշակելու կարեւորութիւնը, «որպէսզի կարենանք երեսփոխանական ընտրութիւնները սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին կատարել», եզրափակեց Յակոբ Բագրատունի:

aztagdaily.com

Տպել Տպել