Ուաշինթընի Մէջ՝ Ամերիկայի Արեւելեան Շրջանի Հայ Դատի Յանձնախումբի Մեծարանքի Տարեկան Հանդիսութիւնը

Շաբաթ, 3 Դեկտեմբերին, Ուաշինկթընի Արլինկթըն շրջանի շքեղ «Ուեսթին» պանդոկի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ամերիկայի Արեւելեան շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբի կազմակերպած մեծարանքի հանդիսութիւնը:

Իւրայատուկ էր այս տարուան ձեռնարկը, որովհետեւ կը նշէր իր տասնամեակը: Այդ պատճառով որոշուած էր զայն կայացնել մայրաքաղաքին մէջ:

Ներկայ էին Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութեանց դեսպաններ Գրիգոր Յովհաննիսեան եւ Գրիգոր Աւետիսեան:

Օրուան հանդիսավարն էր վաստակաւոր լուսանկարիչ Սքաութ Թիւֆէնքճեան, որ բազմաթիւ հայկական գաղթօճախներ այցելած եւ լուսանկարած է եւ անշուշտ պատրաստած նախագահ Օպամայի նկարազարդ ալպոմ մը:

0000WASHINGTON1Թիւֆէնքճեան առաջին հերթին բեմ հրաւիրեց Անահիտ Տէրտէրեանը, որ Ամերիկայի եւ Հայաստանի քայլերգներով կատարեց բացումը: Ապա, Ամերիկայի արեւելեան թեմի առաջնորդական փոխանորդ Անուշաւան եպս. Դանիէլեան կատարեց Տէրունական աղօթքը:fotorcreated

Թիւֆէնքճեան պաշտօնապէս բացուած նկատելով մեծարանքի երեկոն՝ յայտնեց, թէ իրեն համար պատիւ է նմանօրինակ ձեռնարկի մը հանդիսավարութիւնը ստանձնելը: Ապա, ան բեմ հրաւիրեց Ամերիկայի արեւելեան շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Սթիւ Մեսրոպեանը, որ իր խօսքին մէջ յայտնեց, թէ դժուար տարի մը բոլորեցին Հայ Դատի յանձնախումբերը, կրկնապատկելով իրենց գործունէութեան դաշտը, յատկապէս Ապրիլի քառօրեայ պատե-րազմի օրերուն: «Մեր պարտականութիւնն է շարունակ արթուն մնալ, անցուդարձերուն հետեւիլ, գործել, միջամտել, կապեր հաստատել: Եւ այդպէս ալ պիտի շարունակենք մեր ուղղին, ամենայն հետեւողականութեամբ, ամենայն նուիրումով եւ ամենայն հաւատքով…», ըսաւ Մեսրոպեան:

Ընթրիքէն ետք, յատուկ յուշանուէրներ յանձնուեցան Հայ Դատի բնագաւառէն ներս գործող ակադեմականներ Լեւոն Աւտոյեանի եւ Ռոճըր Սմիթի, որոնք բեմ հրաւիրուեցան յաջորդաբար Արամ Համբարեանի եւ Կարին Շամլեանի կողմէ:

Պատմագէտ Լեւոն Աւտոյեան, որ նաեւ արժանացած է «Մովսէս Խորենացի» շքանշանին, շնորհակալութիւն յայտնեց եւ եզրակացուց, թէ իր պարտականութիւնն է ծառայել հայութեան, անոր պատմութեան, մշակոյթին եւ դատին: Իսկ Ռոճըր Սմիթ խօսք առնելով՝ յայտնեց, թէ Ցեղասպանութեան միջազգային հիմնարկէն ներս ծառայելով, մօտէն քաջատեղեակ է Հայ Դատի գործունէութեան: Ան յայտնեց, թէ պիտի շարունակէ իր ներդրումը ունենալ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գործին մէջ:

Ցուցադրուեցաւ քանի մը վայրկեան տեւողութիւն ունեցող վաւերագրական ֆիլմ մը, որուն մէջ կը ներկայացուէր Հայ Դատի գործունէութիւնը:

«Վահան Քարտաշեան» շքանշան ստացան Ճոն Ճերիկեան, Լեւոն Բալեան եւ Թոմ Վարդապետեան (յետ մահու):

Ճոն Ճերիկեանին բեմ հրաւիրողն էր Ամերիկայի Հայ մշակութային միութեան պատասխանատու եւ Ռիչմընտ շրջանի Հայ Դատի գործօն անդամ Պետրոս Պանտազեան: Ճերիկեան յուզմունքով անդրադարձաւ, թէ ինք պիտի մնայ հայութեան ծառայողը բոլոր բնագաւառներէն ներս:

Ուաշինկթընի շրջանէն Սեպուհ Ասատուրեան ներկայացուց շրջանի հաւատաւոր եւ ալեհեր ընկերներէն Լեւոն Բալեանը (97 տարեկան), որ իր խօսքին մէջ յայտնեց, թէ ինքզինք կը զգայ երիտասարդ եւ շարունակ պատրաստ՝ գործելու ի նպաստ Հայ Դատին: «120 տարեկան չեմ, այլ միայն 97 գարուններ բոլորած եմ», յայտնեց Բալեան, զուարճացնելով ներկաները:

Պոսթընի Հայ Դատի յանձնախումբին մէջ գործող Ցոլին Սարեան ներկայացուց Թոմ Վարդապետեանը, որ դժբախտաբար քանի մը շաբաթ առաջ մահացած էր: Սարեանի խօսքին հետ կ՛ընկերակցէին լուսանկարներու սահիկներ: Թոմի դուստրը՝ Սոնան, ներկայացած էր ստանալու այս յուշանուէրը: Ան իր խօսքին մէջ յայտնեց, թէ իր հօր համար ազգին ծառայելը ամէն բանէ վեր էր:

«Ազատութիւն» շքանշանով պար-գեւատրուեցան Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան եւ ծերակուտականներ Քրիսթոֆըր Վան Հոլըն կրտսեր (Մերիլենտ, դեմոկրատական) եւ Մարք Քըրք (Իլինոյ, հանրապետական):

Հայ Դատի Ուաշինկթընի գրասենեակի պատասխանատու Րաֆֆի Համբարեան ներկայացուց Արցախի Հանրապետութեան նախագահը, օրինակներ մէջբերելով Մարթին Լութըր Քինկէն: Նախագահ Սահակեան յատուկ պատրաստուած երիզով մը ելոյթ ունեցաւ, որուն մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց Հայ Դատի Ամերիկայի Արեւելեան շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբին: Ան շեշտեց, թէ միասնաբար գործելով կարելի եղած է պաշտպանել Արցախի եւ արցախահայութեան շահերը:

Ծերակուտական Քրիսթոֆըր Վան Հոլըն կրտսեր բազմազբաղ ըլլալով չէր կրցած ներկայ ըլլալ այս հանդիսութեան: Այս առթիւ, ան շնորհակալագիր մը յղած էր Հայ Դատի յանձնախումբին, որ կարդացուեցաւ: Վան Հոլըն, իր նամակին մէջ կը նշէր, թէ ինք միշտ ալ պատրաստ է պաշտպանելու Հայ Դատի արծարծած հարցերը:

Կրէկ Պետեան ներկայացուց ծերակուտական Մարք Քըրքը եւ զինք բեմ հրաւիրեց: Հակառակ կաթուածահար ըլլալուն, Քըրք ամենայն ինքնավստահութեամբ եւ յենելով իր անթացուպին, բեմ բարձրացաւ եւ յայտնեց թէ, որքան կարեւոր է պայքարիլը, եւ այդ ալ ամէն իմաստով: Իր անձնական առողջապահական վիճակէն եւ քաղաքական գործունէութենէն օրինակներ բերելով, ան շեշտեց, թէ շարունակ պայքարելով՝ կարելի է հասնիլ արդիւնքի: Ան յայտնեց, թէ պիտի մնայ հայութեան բարեկամը, եւ յատկապէս Իլինոյի մէջ ամէն գնով ինքզինք ի սպաս պիտի դնէ հայութեան:

Փակման խօսքը փոխանցեց, Ամերիկայի Արեւելեան շրջանի ԿԿի ներկայացուցիչ Հայկ Օշական, որ ըսաւ, թէ Հայ Դատի աշխատանքը տարուէ տարի կը բազմանայ, եւ բազմաթիւ նահանգներէ ներս արդէն իսկ կը գործեն կորիզներ:

Օշական շնորհակալութիւն յայտնեց կազմակերպող յանձնախումբին, որ ամենայն բծախնդրութեամբ գործած էր եւ լաւապէս կազմակերպած մեծարանքի այս ձեռնարկը:

Գեղարուեստական յայտագիրով ելոյթ ունեցաւ Անդրանիկ Մելիքսէթեան, որ հմտօրէն հրամցուց քանի մը կտորներ, խանդավառելով ներկաները:

Փակման աղօթքը կատարեց Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդական փոխանորդ Անուշաւան եպս. Դանիէլեան:

«Հայրենիք»ի Թղթակից

asbarez.com

Տպել Տպել