Քալիֆորնիոյ Հայութեան Ներքին Դրուածքը (ԽՆԴԻՐՆԵՐ ԵՒ ԼՈՒԾՄԱՆ ԱՌԱՋԱՐԿՆԵՐ) Ա.

Բաւական ընդարձակ նիւթ մըն է (աւելի ճիշդ՝ թղթածրար), որուն կ՛ուզենք անդրադառնալ մեր ներկայ յօդուածաշարքով: Ընդարձակ է, որովհետեւ ունի բազմաթիւ ծալքեր, որոնք պէտք է բացուին, անաչառօրէն քննուին, բանավէճի նիւթ դառնան խորհրդաժողովներու ճամբով եւ ի հարկին՝ հրապարակային ձեւով, որպէսզի կարենանք ամէնէն ճշգրիտ լուծումներուն յանգիլ, մանաւանդ վարքագծային իմաստով:

Բացայայտ իրողութիւն է, որ Քալիֆորնիա հաստատուած հայութիւնը Հայաստանէն դուրս ապրող մեր հաւաքականութիւններէն ամէնէն հոծն է՝ համախումբ ապրելու իմաստով: Թէեւ Ռուսիոյ մէջ ապրող հայութիւնը շատ աւելի մեծ թիւ կը ներկայացնէ (2.5-3 միլիոն), որ համեմատաբար շատ աւելի միատարր ըլլալով հանդերձ, միաժամանակ, կազմակերպուածութեան իմաստով շատ աւելի նուազ մակարդակի վրայ:
vache

Քալիֆորնիոյ հայութեան կարեւորութիւնը կը կայանայ բազմաթիւ կէտերու մէջ. թիւ, կազմակերպութիւններու առատութիւն, նիւթական կարողականութիւն, քաղաքական ազդեցութիւն, հայրենիքի հետ քիչ թէ շատ ամուր կապ եւ այլն: Ամենակարեւորը սակայն, իր բազմազանութիւնն է, որ թէ՛ ուժ է եւ թէ, միաժամանակ՝ Աքիլլեսեան կրունկ:

Ինչո՞ւ Աքիլլեսեան կրունկ:

Ահաւասիկ: Քալիֆորնիոյ մէջ կ՛ապրին հայեր՝ Լիբանանէն, Իրաքէն, Հայաստանէն, Իրանէն, Ռումանիայէն (նաեւ՝ Արեւելեան Եւրոպայի այլ երկիրներէն), Յունաստանէն, Սուրիայէն, Եգիպտոսէն, Յորդանանէն (Երուսաղէմը ներառեալ), Թուրքիայէն (առաւելաբար՝ Պոլիսէն) եւ այլն: Կան անշուշտ «հին» հայեր (ժողովրդային լեզուով՝ ամերիկահայեր), առաւելաբար Ֆրեզնոյի մէջ:

Մէկ խօսքով, Քալիֆորնիոյ հայութիւնը բազմաթիւ «հաւաքականութիւններու» համախմբում մըն է: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը եկած է քաղաքական, տնտեսական, ընկերային եւ մշակութային տարբեր միջավայրերէ, իր հետ բերելով այդ տուեալ միջավայրերու շատ բնական ազդեցութիւնը:

Հոս կը յստականայ «տարբերութիւններու» այլազանութիւնը:

Լեզուականը եւ մտածողութիւնը ամէնէն ցայտուն տարբերութիւններէն են: Այս իմաստով (այսինքն լեզուական), երկու մեծ խումբեր կան. մէկը արեւելահայերէն խօսողներն են (Հայաստանէն եւ Իրանէն արտագաղթած), միւսը՝ արեւմտահայերէն խօսողները: Այս երկու մեծ խումբերը, իրենց կարգին կը բաժնուին ենթախումբերու (առանձին նիւթ է անգլիախօսութեան պարագան, յատկապէս նոր սերունդին մօտ, որուն պիտի անդրադառնանք անշուշտ):

Օրինակ, կայ Իրանէն եկած հայերու արեւելահայերէնը եւ կայ՝ Հայաստանէն եկողներունը (ուղղագրութեան տարբերութեամբ ալ): Դեռ կայ Գիւմրիէն եկածներու եւ Երեւանէն կամ այլ մարզերէն ու գիւղերէն եկածներու պարագան, ինչպէս նաեւ՝ Թեհրանէն կամ Թաւրիզ-Նոր Ջուղայէն եկածներու պարագան…։

Արեւմտահայերէն խօսողներուն մօտ ենթախումբերը աւելի են: Կայ Լիբանանէն եկողներուն արեւմտահայերէնը, կայ Սուրիայէն եկողներունը, կայ Իրաքէն կամ Պոլիսէն եկողներունը: Իւրաքանչիւրը՝ իր երանգաւորումներով, բառապաշարով, շեշտադրումներով եւ այլն: Տակաւին չենք խօսիր հայերէն գիտցող «հին» հայերու հայերէնին մասին՝ շեշտակիօրէն բարբառային, ամերիկեան առոգանութեամբ, շեշտադրումով ու թարգմանուած բառապաշարով:

Բոլորս նոյն լեզուն կը խօսինք, հայերէն, սակայն շատ յաճախ իրար չենք հասկնար: Եւ իրապէս, տան մէջ Գիւմրիի բարբառով մեծցած երեխան դպրոցին մէջ ինչպէ՞ս հասկնայ Պէյրութէն եկած իր տարեկիցին հայերէնը, եւ փոխադարձաբար: Հոսկէ կու գայ նաեւ նոր սերունդին մօտ անգլիախօսութեան պարագան՝ այլապէս քննելի:

Այս տարբերութիւնները ժողովրդային մակարդակի վրայ կ՛արտայայտուին ընդհանրապէս ժխտական գունաւորումներով: Երբ մարդիկ չեն հասկցուիր, ժխտական վերաբերումով կը մօտենան իրարու: Այսպէս, Պէյրութէն եկած հայը կը քննադատէ եւ կը ծաղրէ Հայաստանէն եկած հայուն լեզուն՝ ընդհանրապէս ռուսերէն բառապաշարին պատճառով (վաբշէ, դաժէ): Նոյն Պէյրութէն եկած հայը կը մոռնայ, որ իր խօսակցական լեզուին մէջ այնքան շատ են… արաբերէն բառերը (ահլեն, ուալլա եւ այլն): Հաւասարապէս, ծաղրանքի կ՛ենթարկուի Իրանէն եկած հայերուն լեզուն՝ պարսկերէն բառապաշարի ու առոգանութեան պատճառով. նոյնն է մանաւանդ Իրաքէն եկածներու պարագային:

Դեռ կայ «տոլմա»-«սարմա»ի պարագան, չէ՞. Հայաստանէն եկած մէկու մը համար «տոլման» բան մըն է, իսկ Մ. Արեւելքէն եկած հայուն համար՝ ուրիշ բան: Կամ, ըսենք «պահարան» եւ «ծրար»ը: Արեւելահայերէն խօսողի մը համար «պահարանը» տախտակէ շինուած դարակներն են, դուռով, որուն մէջ հագուստ կը կախեն. մինչդեռ արեւմտահայերէն խօսողին համար «պահարանը» ծալլուած թուղթով բան մըն է, որուն մէջ նամակ կամ նման բան մը կը դրուի… Հապա՞ «րոպէ»ն եւ «վայրկեան»ը… որոնցմէ իւրաքանչիւրը տարբեր բան կը նշանակէ, նայած գործածողին ծնած վայրին: Այս տարբերութիւնները շատ յաճախ ալ զաւեշտալի երեւոյթներու դուռ կը բանան՝ անխուսափելիօրէն ժխ-տական հակազդեցութիւններով:

Եւ այսպէս, լեզուական, խօսակցական մակարդակի վրայ, զիրար չենք հասկնար, չենք հանդուրժեր, կը ծաղրենք, իրարու նկատմամբ կարծրատիպեր (stereotype) կը ստեղծենք, ներքին լարուածութիւններ կը ստեղծենք՝ կեթոյի հոգեբանութեան զարկ տալով: Եւ այս բոլորը՝ դեռ միայն լեզուական գետնի վրայ:

Հապա՞ կենցաղային, հոգեբանութեան, մտածողութեան եւ այլ բնագաւառներու տարբերութիւններուն պատճառած ժխտական դրսեւորումները:

Բայց մենք կը մոռնանք մէկ բան:

Այս բոլոր տարբերութիւնները նաեւ այլազանութիւն կը բերեն: Իսկ այլազանութեան մէջ հարստութիւն կայ, որուն վրայ ոչ միայն պէտք է գուրգուրալ, այլեւ զայն պէտք է զարգացնել:

Օրինակ, հայոց լեզուն ունի երկու ճիւղ: Արեւելահայերէն եւ արեւմտահայերէն: Մեր գրականութիւնը եւս զարգացած է այս երկու ուղղութիւններով: Գէ՞շ բան է միաժամանակ թէ՛ Սիամանթօ եւ թէ Չարենց ունենալը (երկուքն ալ յեղափոխաշունչ բանաստեղծներ). գէ՞շ բան է միաժամանակ թէ՛ Մեծարենց եւ թէ Տէրեան ունենալը, կամ՝ միաժամանակ Թումանեան ու Համաստեղ ունենալը, երկուքն ալ հայ գաւառին, գիւղին համն ու հոտը, ատկէ եկած ժողովրդային իմաստութիւնը անմահացնողներ:

Բայց ինչպէ՞ս ժխտական տարբերութիւնները վերածել դրական այլազանութեան: Կա՞յ նախընթաց մեր նորագոյն պատմութեան մէջ:

Անշո՛ւշտ որ կայ: Այդ ալ Մ. Արեւելքի, գլխաւորաբար Սուրիոյ եւ Լիբանանի հայութեան պարագան է, Եղեռնին յաջորդած առաջին տասնամեակներուն:

Սակայն հոն չհասած, նախ պէտք է առանձին-առանձին եւ քիչ մը աւելի մօտէն քննենք Քալիֆորնիոյ հայութեան իւրաքանչիւր խմբաւորումին առանձնայատկութիւնները:

Ուրեմն, համբերութեամբ զինուեցէք… Կը շարունակենք գալ շաբաթ, այս նոյն սիւնակէն:

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

asbarez.com

09/12/2016

Տպել Տպել