Հալէպահայութիւնը Յարատեւ Յանձնառութեամբ, Փառաշուք Տօնախմբութեամբ Նշեց ՀՅԴ 126-Ամեակը

126 տարի «Յարատեւ Յանձնառութեամբ» կարգախօսով, տագնապահար, բայց պայքարունակ հալէպահայութիւնը կուռ շարքերով նշեց ՀՅԴ 126-ամեակը՝ իր յարգանքի տուրքը մատուցելով ժողովուրդէն ծնած ու ժողովուրդին ծառայութեան նուիրուած այն կուսակցութեան, որ հայ ժողովուրդի ազատագրական պայքարին, Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններու հզօրացման, Հայ Դատին ու սփիւռքահայ գաղութներու գոյապայքարի նկրտումներուն մէջ հաւատարմօրէն մնաց պատնէշի վրայ՝ ժողովուրդին պահանջներուն անսալու գիտակցութեամբ ու համահայկական շահերու պահպանման նախանձախնդրութեամբ:

Հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 9 Դեկտեմբեր 2016-ի երեկոյեան ժամ 6:00-ին, «Գ. Եսայեան» սրահէն ներս, ներկայութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Սրբ. Արք. Սարգիսեանի, Հայ Աւետարանական Համայնքապետ Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեանի, Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ Տէր Կոմիտաս Քահանայ Տատաղլեանի, ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոս Տիգրան Գէորգեանի, Պատկան Մարմնի, Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգային Երեսփոխանական, Ազգային Վարչութեան եւ Կրօնական ժողովներու անդամներու, հալէպահայ կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներու եւ մեծաթիւ հրաւիրեալներու:

fotorcreated

Հանդիսականները տօնակատարութեան բացումը կատարեցին մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելով յիշատակը հայ ազատագրական պայքարի ճանապարհին իրենց ազնուագոյնը նուիրաբերած նահատակներուն, ազատազրկուած մարտիկներուն, անձնուիրութեամբ ծառայած եւ մեր կեանքէն առյաւէտ հեռացած նուիրեալներուն, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ նահատակներուն: Այնուհետեւ հնչեցին Սուրիոյ եւ ՀՀ քայլերգները:

Հայերէն բացման խօսքով Հուրի Տէրտէրեան-Տիլպէրեան ըսաւ. «ՀԵՄ-ի հրաւէրով հերթականօրէն համախմբուած ենք տօնախմբելու հայակերտումի եւ հայրենակերտումի դրօշակիր կազմակերպութեան հաստատակամ երթի տարեթուային նոր հանգրուանը: Ինքնազննումի ներհայեցողութեամբ արժեւորելու իրագործումները եւ հաստատակամ, վերանորոգ ուխտով բանալու նոր հորիզոններ»:

Արաբերէն բացման խօսք արտասանեց Արա Մութաֆեան, նշելով, որ Արարատի թոռները, Հայոց արծիւները համախմբուած են սուրիական հողին վրայ՝ Սուրիոյ հետ արձանագրելու յաղթանակի այբբենարանն ու դիմադրութեան դիւցազներգութիւնը, աւելցնելով, որ հայ եւ արաբ ազգերը տարիներ շարունակ նուիրուած են իրենց արդար դատին ու առաջնահերթ համարած ազգային գաղափարախօսութիւնն ու սկզբունքները:

Ապա ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի «Զուարթնոց» երգչախումբը, խմբավարութեամբ Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեանի, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Ռուզան Պարսումեանի: Երգչախումբը հնչեղ ու ներդաշնակ կատարումով նախ ներկայացուց «Քեզ Դաշնակցութիւն», «Մեզ Միացնողը Դաշնակցութիւնն է» երգերը, վերջինս Եղիա Քիլէճեանի մենակատարութեամբ, այնուհետեւ՝ հայրենասիրական երգերու շարք մը:

Պէթի Քիլէրճեան տպաւորիչ առոգանութեամբ Սիամանթոյէն եւ Աւետիս Ահարոնեանէն բանաստեղծութիւններու համադրում մը ասմունքեց:

Օրուան բանախօսն էր ազգային գործիչ Գրիգոր Տունկեան:

Ան Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Օրուան առիթով, հայատրոփ Հալէպ քաղաքի մէջ այս համախմբումը, այս բեմի վրայ զետեղուած եւ իւրաքանչիւրիս ներաշխարհին մէջ Դաշնակցութեան գործով խարսխուած յարատեւ յանձնառութիւն արժէքին նուիրականացումը համարեց: Արժէք, որ կուգայ մեր ժողովուրդի փառահեղ պատմութենէն, ներկայ է նուիրական գործով, ուղենշումն է ապագայի:

Ապա ներկայացուց ՀՅԴ-ի 126-ամեայ ուղին, նշելով որ Դաշնակցութեան յենարանն ու ուժը սեփական ժողովուրդն է ու անոր կազմակերպուածութիւնը, իսկ նուաճելի հորիզոնը՝ տնտեսապէս բարգաւաճ, ընկերային արդարութեան վրայ յենուած եւ ժողովրդավար կարգերով օժտուած Հայաստանի կերտումն է, որպէս գերխնդիր, որպէս հայ ժողովուրդի ամբողջական իրաւունքներու վերատիրացումին, լիարժէք անկախութեան եւ անոր գոյերթի անվտանգ շարունակման երաշխիք:

Այնուհետեւ բանախօսը անդրադարձաւ Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութեան կարեւորութեան ու ըսաւ. «Հանդիսաւոր այս պահուն, առաջնային կերպով կը շնորհաւորենք Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան 25-ամեակը: Հպարտութեամբ կ՛ողջունենք նուիրական եռագոյնը, մեր անվտանգութեան երաշխիք Հայոց քաջարի բանակը եւ կը ջրդեղենք Հայաստան- Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութիւնը: Երեւան, Ստեփանակերտ թէ Հալէպ միեւնոյնն է մեզի համար, պարտական ենք բոլորին եւ տէրն ենք յանձնառութեան:

Տագնապալի մեր այս օրերուն, Հայաստանի Հանրապետութիւնը մեր կողքին էր իր դիւանագիտական, մարդասիրական թէ քաղաքացիական հնարաւորութիւններով: Դո՛ւք էք վկաները: Արցախը մեր կողքին էր, փաստ՝ ամիսներ առաջ այս բեմէն Արցախի խորհրդարանական մեր ընկերոջ հանդիպումը հալէպահայութեան: Մենք Հայաստանի ու Արցախի հետ էինք քառօրեայ պատերազմին անմիջական արձագանգումով, կամաւորներու օժանդակութեամբ եւ «Մենք Ենք Արցախը» նախաձեռնութեամբ: Ամբողջական Հայաստանի եւ Ամբողջական Հայութեան նուիրական գաղափարախօսութեան դաշնակցական շունչն է այս, ուր լաւագոյնս կը դրսեւորուին համայն հայութեան դիմագրաւած խնդիրները, դժուարութիւնները, տագնապները համազգային կերպով դիմագրաւելու Դաշնակցութեան խօսքին ու գործին հնչեղութիւնը»:

Տունկեան պարզելով աշխարհաքաղաքական ներկայ իրավիճակը, հանգամանօրէն անդրադարձաւ սուրիահայութեան տագնապին, անոր ընթացքին յառաջացած բազում կացութիւններուն եւ այդ կացութիւններուն վերաբերող առաջնահերթ որոշումներուն:

Ապա զանազան մօտեցումներու առնչուող հարցադրումներ ներկայացնելէ ետք, շեշտեց. «Մենք, նման անտառի ծառերուն, որոնք փոթորիկներուն դէմ կը դնեն ո՛չ թէ իրենց ճիւղերը երկարելով, այլ՝ իրենց արմատները հողին մէջ խորասուզելով, որոշեցինք ծառանալ: Մնալ իրատես, միշտ ուղենիշ ունենալով մեր սեփական առաջադրանքները եւ, որպէս հայութիւն, յարգելով ժողովուրդի բազմերանգ տրամադրութիւնը, ձեռքէ չհանելով ոչ մէկ հնարաւորութիւն:

Պահել Հայն ու Ազգայինը, ա՛յս եղաւ տագնապի հետ վերաբերելու մեր ընդհանուր գործին ուրուագիծը:

– Հոս հնարաւորութիւններ տրամադրելով եւ ստեղծելով: Լիիրաւ կատարելով քաղաքացիական պարտաւորութիւնները, հաւատարիմ մնալով ծննդավայրի հողին, օրինականութեան, պետականութեան, համակեցութեան: Տէր կանգնելով մեր ազգային իրաւունքներուն, որպէս Սուրիոյ ժողովրդային հիւսուածքի բաղադրիչ:

-Իսկ եթէ ա՛յլ է ընտրանքը` ապա նպատակաուղղել տեղաշարժը Մայր հայրենիք՝ Հայաստան, հոն եւս հետամուտ ըլլալով, որ ներգաղթի մշակոյթը գործէ եւ ո՛չ թէ գաղթականութեան»:

Անդրադառնալով սուրիահայութեան գալիքին ան դիտել տուաւ. «Քաղաքական ու ազգային օրակարգերով փոթորկած այս օրերուն, դարձեալ առաջնային նշանակութիւն ունի հողին ու ցեղին ձայնին կառչած մնալու ունակութիւնը: Պէտք է չկորսնցնել այդ կողմնացոյցը, թերեւս սուղ գին վճառելով, այնպէս ինչպէս վճարեցինք բոլորս:
Սուրիոյ երկնակամարէն տակաւ առ տակաւ չքացող մթագնած ամպերը նոր արշալոյսի գալուստը կը յուշեն: Նոր օրեր, նոր իրավիճակներ, նոր գործ:
Ճիշդ է, որ այն չենք ինչ էինք: Կայ թուային նահանջ, սակայն կայ իր ազգային ու քաղաքացիական արմատներուն ամուր կառչած հաւաքականութիւն:
Աշխարհ սարսող ահաբեկչութեան եւ Թուրքիոյ դաւադիր ծրագիրներու չախչախումը մեր իսկ նահատակներու արիւնով շաղախուած հողին վրայ, մեզի իրաւունք եւ յոյս կը ներշնչեն:
Ապագան անցեալը պիտի չըլլայ, բայց պիտի ըլլանք նաեւ մենք:
Քաղաքականօրէն կայանալիք երկրի գործընթացին մէջ սուրիահայութիւնը, որպէս պարզ քաղաքացի, թէ Սուրիոյ խորհրդարանի կարեւոր մէկ մասնիկ, ներկայ է: Մեր պատկերացումներն ու տեսակէտները յաճախ յարգուած են ու նկատի կ՛առնուին:

Տարածաշրջանի քաղաքական զարգացումներու հոլովոյթին մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան դատապարտման հարցով դրական ձեռքբերում ունենալու խայծեր ունինք, կայ ծրագրուած աշխատանք՝ օրին բացայայտելի:
Սուրիա-Հայաստան յարաբերութիւններու շրջագիծին մէջ, դրական հորիզոններ կը գծագրուին, ուր կը յուսանք լիարժէք դերակատարութիւն ունենալ:

Հակառակ տագնապալի շուրջ վեց տարիներուն, ծանր հետեւանքներու բարեշրջումի դժուարութիւններուն դիմաց չխոնարհուող կամքով` այստեղ է Դաշնակցութիւնը:

Կազմակերպ են ու պիտի մնան մեր բոլոր կառոյցները, ուղեկից միութիւնները, հաստատութիւնները:
Վերականգնումի եւ վերանորոգումի գործը յառաջ պիտի տանենք համազգային միասնութեամբ:

Շնորհակալ պիտի մնանք մեզի շտապ օգնութեան ձեռք երկարող, սրտակցող աշխարհասփիւռ կառոյցներուն, հայութեան:
Սուրիական քաղաքացիական իրաւունքով պիտի պահենք մեր իւրայատկութիւնն ու ազգային դիմագիծը՝ միշտ հաւատալով որ Սփիւռքը ինքնանպատակ չէ: Հայաստանի ու հայութեան, հայրենիքի եւ ազգի նպատակները կարելի կը դառնայ իրագործել Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութեան ազգային, քաղաքական ներդաշնակ ռազմավարութեամբ:

Բախտաւոր օր մը արժանի դառնալու համար լուսէ պսակին կամ դափնեպսակին` պիտի ընթանանք յարատեւ յանձնառութեամբ»:

Այնուհետեւ Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» երաժշտական դպրոցէն Բալիկ Առաքելեան(դաշնամուր), Մանուէլ Աշըքեան (ջութակ) ներկաներուն սրտերը յուզումնախառն ապումներով համակեցին՝ ներկայացնելով «Ախպերս ու ես» երգը:

Հանդիսավարներ Ծերուն Գահուէճեան եւ Սեւան Ուրիշիկեան ընթերցեցին այս առիթով զանազան միութիւններէ ուղղուած շնորհաւորագրերը:

Հուսկ սրբազան հայրը գնահատանքի, օրհնութեան եւ շնորհաւորական խօսքերով ողջունեց ներկաները: Ան յատկապէս շնորհաւորեց ՀՅԴ-ի մարտագրուած ուխտաւորները, որոնք մեր սուրիահայութեան ծառայելու համար ներկայ են այստեղ:

Գերշ. Տէր Շահան բանախօսին պատգամին եւ ՀՅԴ Մանիֆեստին միջեւ նմանութիւններ ուրուագծելէ ետք հաստատեց, որ այսօր «Յարատեւ Յանձնառութիւն» կարգախօսը պատահականօրէն չէ ընտրուած: Յանձնառութիւն կը նշանակէ պարտաւորութիւն, պատասխանատուութիւն, իսկ Սուրիոյ մէջ այս օրերուն նմանօրինակ գիտակցութեամբ օժտուած երիտասարդներ կը զոհաբերեն իրենց ամենաթանկը՝ կեանքը, յանուն մեր ժողովուրդին, յանուն մեր հաւաքական տեսլականին:

Տօնախմբութիւնը փակուեցաւ ՀՅԴ քայլերգով ու բացուած յայտարարուեցաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 127-րդ տարին՝ յաղթարշաւը շարունակելու հաստատակամութեամբ եւ յարատեւ յանձնառութեամբ:

Տօնակատարութիւնը սփռուեցաւ Ռատիօ Երազին կողմէ:
kantsasar.com

Տպել Տպել