Աւետիս Ահարոնեանի Ծննդեան 150-Ամեակին Նուիրուած Միջազգային Գիտաժողով

Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան, Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան եւ Երեւանի պետական համալսարանի նախաձեռնութեամբ 15 դեկտեմբերին պետական համալսարանի հայ բանասիրութեան բաժանմունքի դահլիճին մէջ տեղի ունեցած է գրող, ազգային-պետական գործիչ Աւետիս Ահարոնեանի ծննդեան 150-ամեակին նուիրուած միջազգային գիտաժողով:

Բացման խօսքով հանդէս եկած են Երեւանի պետական համալսարանի նախագահ Արամ Սիմոնեան եւ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեան: Ընթերցուած է Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի ողջոյնի խօսքը` ուղղուած Աւետիս Ահարոնեանի ծննդեան 150-ամեակին նուիրուած գիտաժողովի մասնակիցներուն: «Աւ. Ահարոնեանը իր ժողովուրդը յաւերժացնող մեծերէն է: Ինք արդէն մեր ազգային հզօր կարելիութիւններու թանձրացումն է, որ հանգամանքներու բերումով միշտ հեռացուած էր իրեն ծնող ժողովուրդի լինելութեան ընթացքէն: Այս գիտաժողովի կարեւոր առաքելութիւնն ալ անոր ամբողջական վերադարձի ապահովումն է», ըսած է նախարարը:

fotorcreated

Ներկայացուած է նաեւ Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեանի ուղերձը` յղուած գիտաժողովի մասնակիցներուն:

Գիտաժողովին զեկուցումներով հանդէս եկած են գիտնականներ` Հայաստանէն եւ սփիւռքէն: Առաջին նիստը սկսած է բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու, սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեանի «Աւետիս Ահարոնեան մարդը, քաղաքացին, գրողը» նիւթին զեկուցումով, ուր հանգամանօրէն քննութեան ենթարկուած է մեծ հայուն մարդկային եւ քաղաքացիական կերպարը: Իր խօսքին մէջ գրականագէտը առաջարկած է հրատարակել Աւետիս Ահարոնեանի ստեղծագործութիւններու ամբողջական ժողովածուն եւ անոր անունով դպրոց կոչել Երեւանի մէջ:

Բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր Վարդան Դեւրիկեան ներկայացուցած է «Ժողովրդական աւանդութիւնները Աւետիս Ահարոնեանի պատմուածքներուն մէջ» զեկուցումը: Ան նշած է, որ Ահարոնեանի ծննդավայր Սուրմալուի գաւառը կը գտնուի հայկական երկու մեծագոյն խորհրդանիշերուն` Արաքս գետին ու Արարատ լերան միջեւ, բան մը, որ կանխորոշած էր գրողին, քաղաքական եւ հասարակական գործիչին աշխարհընկալումը:

Հայ գրականութեան դոկտոր Գրիգոր Պըլտեան (Ֆրանսա) ուշագրաւ զեկուցում ներկայացուցած է` «Աւետիս Ահարոնեան խորհրդապաշտ» նիւթով: Խօսելով խորհրդանիշերուն մասին` ան շեշտած է, որ երբ Ահարոնեան գրողը լռութիւն կ՛ըսէ, կը հասկնայ մեթերլինքեան լռութիւնը:

Պատմական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆ. Էդիկ Մինասեան անդրադարձած է «Աւետիս Ահարոնեանի դիւանագիտական գործունէութիւնը» նիւթին` մէջբերելով Ահարոնեանի մասին ֆրանսացի պետական գործիչ, դիւանագէտ Ասթրիտ Պրիանի խօսքերը. «Ահարոնեաններ ունեցող ազգը չի կրնար կորսուիլ»:

Երկրորդ նիստը սկսած է Պետրոս Դեմիրճեանի` «Աւետիս Ահարոնեանի անհատականութեան էութեան մասին» զեկուցումով, որուն յաջորդած է Յովհաննէս Գրիգորեանի ներկայացուցած զեկուցումը` «Աւետիս Ահարոնեան ՀՅԴ-ի 1912 թուականի դատավարութեան փաստաթուղթերուն մէջ» խորագիրով: Անկէ ետք Անահիտ Յակոբեան ներկայացուցած է «Աւետիս Ահարոնեանի ինքնակենսագրական պատումի ներժանրային հարստութիւնը» նիւթը:

«Աւետիս Ահարոնեանը եւ անոր ստեղծագործական արժէքները` քննադատական միտքի գնահատմամբ» նիւթով զեկուցում կարդացած է բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆ. Սուրէն Դանիէլեան: Ան ողջունած է գիտաժողովի կազմակերպումը` իբրեւ գրական համաներման, Ահարոնեանի գնահատման, վերարժեւորման հրաշալի նախաձեռնութիւն: Ահարոնեանի ստեղծագործութեան, քաղաքական, դիւանագիտական գործունէութեան վերաբերեալ ուշագրաւ զեկուցումներ ներկայացուցած են բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու Աստղիկ Բեքմեզեան, բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու Պետրոս Դեմիրճեան, բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու Յովհաննէս Գրիգորեան, բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆ. Տիանա Համբարձումեան:

Փիլիսոփայութեան մագիստրոս Յարութիւն Քիւրքճեան (Յունաստան) հանդէս եկած է «Ահարոնեան` արուեստագէտ ազգագիր-պատմագիր ամենայն հայոց» զեկուցումով` շեշտելով, որ սփիւռքի հայութեան համար Ահարոնեանն է ամենայն հայոցը:

«Եղիշէ Չարենց եւ Աւետիս Ահարոնեան» նիւթով զուգահեռներ գծած է բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու Սէյրան Գրիգորեան:

Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանի նախկին տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան (Լիբանան) ներկայացուցած է «Նշումներ Աւետիս Ահարոնեանի հասարակական եւ ժողովրդական գործունէութեան մասին» նիւթը:

Ուշագրաւ էին նաեւ բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր Մարգարիտ Խաչատրեանի, պատմական գիտութիւններու թեկնածու Համօ Սուքիասեանի, բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու Քնարիկ Աբրահամեանի զեկուցումները:

Գիտաժողովը ամփոփուած է պատմական գիտութիւններու թեկնածու Յովհաննէս Զատիկեանի «Աւետիս Ահարոնեանի քաղաքական բառարանը» նիւթով զեկուցումով, ուր Ահարոնեան արժեւորուած է իբրեւ հայկական դիւանագիտութեան նախակարապետ: Զատիկեանի համաձայն, Աւետիս Ահարոնեանի նամակները` ուղղուած Ամենայն հայոց կաթողիկոսին, պէտք է առանձին ուսումնասիրութեան առարկայ դառնան:

Տեղի ունեցած է քննարկում եւ հարց ու պատասխան: Գիտաժողովին նպատակը Աւետիս Ահարոնեան մարդը, գրողը, բանաստեղծը, քաղաքական-հասարակական գործիչը, դիւանագէտը նորէն արժեւորել, զայն իր ժողովուրդին վերադարձնելն էր, նաեւ` անկախ Հայաստանի մէջ անկախութեան առաջին ջատագովը բարձրացնել եւ արժեւորել:

aztagdaily.com

Ներկայացնում ենք Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միության կենտրոնական վարչության ատենապետ Մկրտիչ Մկրտչյանի՝ գիտաժողովի ժամանակ արտասանած բացման խոսքը:

avedis-1_121516

Բարեւ բոլորիդ,

Ուրախ ենք, որ ԵՊՀի եւ Համազգայինի գործակցութեամբ անգամ մը եւս կը կայանայ այլեւս աւանդութեան կարգին անցած հերթական գիտաժողովը: Նոյնպէս ուրախ ենք, որ այս անգամ կը միանայ նաեւ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութիւնը, ինչ որ պետական հովանաւորութիւն ալ կ’ընծայէ այս նախաձեռնութեան:

ԵՊՀի եւ Համազգայինի միջեւ գործակցութիւնը պատահականութեան արդիւնք չէ: Անկախ այն բազմիցս արտայայտուած իրականութենէն, թէ երկուքն ալ իբրեւ հասարակաց հիմնադիր ունին Նիկոլ Աղբալեանը, այս գործակցութիւնը բնական ձեւով սկսած է, երբ երկար տեւած արգելքէն ետք, հայրենիքի դուռերը բացուեցան նաեւ Համազգայինի առջեւ. յատկապէս՝ Հայաստանի նորագոյն անկախ պետականութեան հռչակումէն ետք:

Կրկնելու գնով ըսենք, որ Համազգայինը յաճախ կը քննադատուի Հայաստանի մէջ բացառաբար սփիւռքի մէջ գործած մտաւորականներու աշխատանքին շուրջ քննարկումներ կազմակերպելուն համար: Ատիկա ճիշդ է եւ ատոր պատճառն ալ՝ պարզ: Գիտաժողովներու նիւթ եղած են ցարդ Նիկոլ Աղբալեանը, Լեւոն Շանթը, Համաստեղը եւ Յակոբ Օշականը: Այս եւ ասոնց նման հեղինակները քաղաքական պատճառներով երկար ատեն մուտքի արտօնագիր չունէին հայրենիքէն ներս: Բայց եւ այնպէս արդէն խորհրդային օրերուն՝ շնորհիւ ազգային մտահոգութիւններ ունեցող որոշ թիւով մարդոց յանդուգն՝ բայց միաժամանակ խելօք քայլերուն, Պաղ պատերազմի ձիւնհալով աստիճանաբար սկսաւ անոնց ներկայացումը նաեւ հայրենիքէն ներս: Դժբախտաբար սակայն անոնք երբեք ժողովրդական ընդունելութիւն չունեցան. անոնց գործերը մնացին մասնագէտներու սեղաններուն վրայ. մասնաւոր ճիգ չէ թափուած զանոնք ժողովրդականացնելու:

Յամենայնդէպս՝ այսօր քննարկման առարկայ Աւետիս Ահարոնեանը կը ներկայացնէ յատուկ պարագայ մը. ժողովրդականութիւն վայելած գրագէտ եղած ըլլալու կողքին, ան նաեւ եղած է հասարակական-քաղաքական գործիչ՝ խորհրդարանի նախագահութեան առընթեռ հայութիւնը ներկայացնելով միջազգային քաղաքական բեմերուն վրայ. Սեւրի դաշնագիրը ստորագրող գրիչը կը պատկանի իրեն: Աւետիս Ահարոնեան առանձին չէր. 1918ի հանրապետութեան գրեթէ ամբողջ ղեկավարութիւնը կազմուած էր հասարակական ասպարէզ նետուած մտաւորականներէ՝ սկսած վերեւ նշուած Նիկոլ Աղբալեանէն եւ Լեւոն Շանթէն: Կրնաք զաւեշտաբար մտածել, որ ատիկա՛ եղած է թերեւս պատճառը հանրապետութեան փլուզման. բայց մեր օրերուն, երբ մտաւորականութիւնը ամէն ինչով զբաղած է, բացի՝ քաղաքականութենէն, մեր վիճակը նախկինէն շատ ալ տարբեր չէ, հակառակ անհամեմատ աւելի նպաստաւոր արտաքին պայմաններուն, ներքին գիտակից անդորրութեան ու ժամանակի ընթացքին ձեռք բերուած պետական փորձառութեան:

Յանձնառու՝ ազգային գործիչ մտաւորականը իր կեանքի ընթացքին իբրեւ առաջնորդող միտք անհրաժեշտ է իր հասարակութեան, իսկ իր մահէն ետք՝ իբրեւ օրինակելի տիպար երիտասարդութեան համար: Նորագոյն անկախութենէն քառորդ դար ետք այս մարզին մէջ թերացած ենք: Ո՞ւր են առաջին հանրապետութեան հերոս մտաւորականները, ո՞ր դասագիրքերու, դասախօսական ո՞ր սրահներու մէջ պահուած են անոնք: Մեր օրերուն մանաւանդ, երբ աշխարհի եւ, անշուշտ, Հայաստանի վրայ ամպերը կրկին կը կուտակուին, ինչի՞ կը սպասենք այդ լուսաւոր փարոսները իրենց արժանի հրուանդաններու վրայ զետեղելու համար՝ որպէս նոր սերունդները ոգեշնչող օրինակներու եւ վտանգներէ զերծ պահող ուղեցոյցերու: Հայ հասարակութիւնը իր գանձերու մէկ կարեւոր բաժինը պահած է տակաւին գանձատուն, երբ ներկայ պայմանները կը թելադրեն անմիջականօրէն հրապարակ դուրս բերել զանոնք: Բոլորիս յայտնի պատճառներով այդ գանձարանէն զօրավար Անդրանիկը բաւական կանուխ արդէն առ ի ցուցադրութիւն դուրս բերուած էր, իսկ ատկէ տասնամեակներ ետք՝ իրեն միացաւ նաեւ իրեն մրցակից Գարեգին Նժդեհը: Քանի՞ տասնամեակ պէտք է սպասել յաջորդը դուրս բերելու համար: Աւելի կասկածամիտ ոգիով հարցուած՝ պիտի դուրս բերուի՞ յաջորդ մը անսպառ այդ գանձարանէն, որպէսզի ժողովուրդ ու մանաւանդ երիտասարդութիւն ատո՛վ ալ ուրախանայ, ատո՛վ ալ հպարտանայ, իր հայրենիքը անոր անձին ընդմէջէ՛ն ալ ճանչնայ: Ազգի մը համար առողջութեան ցուցանիշ չէ, երբ Լեռնահայաստանի անհերքելի փրկիչը վերջապէս իր վաստակին արժանի՝ թէկուզ շատ քննադատուած փառաշուք արձանը կ’ունենայ մայրաքաղաքի կեդրոնը, իսկ մայրաքաղաք Երեւանի իբրեւ փրկիչ եւ հանրապետութեան փաստացի հիմնադրի խորհրդանիշ ճանչցուած Արամ Մանուկեանը իր կիսանդրիով միայն ներկայացուի հանրութեան՝ իր ատենին ղեկավարած նախարարութեան առջեւ: Միայն ներքին գործոց նախարա՞ր էր Արամ Մանուկեան:

Հարց կրնայ տրուիլ անշուշտ, կոպիտ ձեւով ըսուած, թէ ի՞նչ գործ ունին քաղաքական հարցերը գրական-մշակութային գիտաժողովի մը բեմին վրայ: Հապա ո՞ւր պէտք է ըլլայ քաղաքական մտածումի վայրը, անոր սկզբնակէտը գէթ, եթէ ոչ համալսարանը: Ուրկէ՞ պիտի գայ առաջնորդող միտքը, եթէ ոչ մտածողէն՝ մտաւորականէն: Այդ միտքը պիտի արտայայտէ միայն դրամագլո՞ւխը, միայն գործնապա՞շտը, արդեօք օտա՞րը ընդհանրապէս: Ներկայ ժամանակներուն արդէն համաշխարհային մասշտապով այդպէ՛ս է, իսկ արդիւնքը բոլորիս աչքին առջեւն է. սարսափազդո՛ւ է: Սոկրատեսները իրենց վերապահուած յատուկ կարեւոր տեղը պէտք է ստանձնեն քաղաքը՝ ”պոլիս”ը հետաքրքրող գործերուն մէջ:

Ասիկա՛ է Աւետիս Ահարոնեանի եւ իր նմաններու խորքային պատգամը: Գրող եղած ըլլան անոնք, թէ իրենց ժամանակաշրջանի առօրեայ բազմաբնոյթ պայքարին մէջ նետուած, իրենց գեղարուեստական տաղանդը իրենց հասարակութեան բարձրացման համար յաճախ այլապէս իրականացուցած կազմակերպ անհատներ՝ անոնք կը մնան օրինակելի, շատերու պարագային նոյնիսկ մինչեւ այսօր ՝ ընդօրինակելի տիպարներ:

Կարեւոր է մեր իսկապէս արժէքաւոր մարդոց անուններու շեփորահարումը, որովհետեւ հասարակութիւնը պէ՛տք ունի անոնց: Այլապէս ուրի՛շ անուններ կ’իջնեն հրապարակ եւ մենք վկան կը դառնանք մեր որակի անհարկի անկումին:

Յաջողութիւն կը մաղթեմ ձեր աշխատանքներուն: Շնորհակալութիւն՝ ձեր համբերութեան համար:

Մկրտիչ Մկրտիչեան

Երեւան, 15 Դեկտեմբեր 2016

(Գիտաժողովում հնչած զեկույցները կտպագրվեն առանձին գրքով)

Տպել Տպել