Քալիֆորնիոյ Հայութեան Ներքին Դրուածքը (ԽՆԴԻՐՆԵՐ ԵՒ ԼՈՒԾՄԱՆ ԱՌԱՋԱՐԿՆԵՐ)Բ.

Մեր նախորդ յօդուածով անդրադարձանք այն փաստին, որ Քալիֆորնիոյ հայութիւնը կը կազմէ մեծ խճանկար մը՝ բազմաթիւ երկիրներէ եկած հայերու: Նաեւ ըսած էինք, թէ իւրաքանչիւր խումբ իր հետ բերած է տուեալ երկրի ազդեցութիւնները, մտածողութեան, նիստուկացի, լեզուական, մշակութային եւ կենցաղային բնագաւառներէ ներս:

vache

Հիմա անցնինք իւրաքանչիւր խմբաւորումի՝ առանձին առանձին:

Առաջին հերթին սկսինք Հայաստանէն եկածներով, որոնց մասին կայ այն թիւր տպաւորութիւնը, որ միակտուր զանգուած մըն են: Այդպէս չէ: Հայաստանէն եկածները կարելի է բաժնել 3 գլխաւոր խումբերու, որոնք 3 տարբեր ալիքներով հասան Քալիֆորնիա:

Առաջինը 1970ականներէն եկածներն են, արտագաղթի առաջին ալիքը:

Երկրորդ ալիքը սկսաւ Արցախի ազատագրական պայքարին, երկրաշարժին, եւ Հայաստանի անկախացումի տարիներուն ստեղծուած տնտեսական ճգնաժամին իբրեւ արդիւնք:

Երրորդ ալիքը, հաւանաբար աւելի երկար տեւողութեամբ վերջին մէկուկէս տասնամեակին:

Սկսինք առաջինով, թէ ինչպէ՞ս սկսաւ եւ թէ հիմնականին մէջ որո՞նք էին Հայաստանէն դուրս ելլողները:

1970ական թուականներու սկիզբները, Պաղ պատերազմի օրերուն, Նիքսընի վարչակազմին եւ Լ. Պրեժնեւով ղեկավարուող Խ. Միութեան միջեւ սկսաւ մեղմացում մը: Կայացան համաձայնութիւններ հիւլէական զինարշաւը զսպելու, փոխադարձ հակաքարոզչութիւնը մեղմացնելու եւ մինչեւ իսկ կարգ մը բնագաւառներէ ներս գործակցութեան: Այս վերջինին ամէնէն ցայտուն օրինակներէն մէկը այս երկու ուժերու անջրպետային ծրագիրներուն կը վերաբերէր, երբ ամերիկեան «Ափոլլօ» եւ խորհրդային «Սայուզ» տիեզերանաւերը միացեալ թռիչք կատարեցին: Բան մը, որ այդ մարզէն ներս քանի մը տարիներու գործակցութիւն եւ համադրում կ՛ենթադրէր:

Այս մեղմացումի բանակցութիւններու խոհանոցին մէջ, Ամերիկայի հրէական լոպին աշխատանք տարաւ Նիքսընի վարչակազմին մօտ, որ խորհրդային կողմին վրայ ճնշում բանեցնէ՝ որպէսզի ազգութեամբ հրեայ խորհրդային քաղաքացիներուն թոյլատրէ երկրէն մեկնելու: Իսրայէլեան իշխանութիւնները կը յուսային այս ձեւով պատրաստի ուսեալ եւ մասնագէտ տարրերով ուժեղացնել իրենց պետութիւնը:

Իրենց կարգին, խորհրդային իշխանութիւնները, ամերիկեան այս պահանջին ընդառաջելով հանդերձ, չէին կրնար միայն ծագումով հրեաները առանձնացնել, իրենց հաշիւներէն մեկնած: Այնպէս որ, արտագաղթի արտօնութիւն սկսան տալու նաեւ Հայաստան ներգաղթած խաւին. այսինքն՝ հայերու:

Ինչո՞ւ նաեւ հայերը. փորձենք բացատրել:

1946 – 49 տարիներուն, ծանօթ է, որ զանգուածային ներգաղթ կազմակերպուեցաւ դէպի Հայաստան: 95 հազար հոգի, առաւելաբար Մ. Արեւելքի երկիրներէն, ներգաղթեցին Հայաստան: Պատերազմը նոր աւարտած էր: Խ. Միութիւնը ամենածանր կորուստները ունեցած էր, նաեւ մարդկային իմաստով: Այս վնասներուն մասնակից էր նաեւ Հայաստանը: Նուազագոյնը 250 հազարով կը գնահատուի թիւը այն հայ զինուորներուն, որոնք ճակատէն տուն չվերադարձան. նահատակուեցան: Տարբեր խօսքով, 18էն 45 տարեկան, սերնդագործելու տարիքի հայ տղամարդիկ, իբրեւ խորհրդային բանակի զինուոր, սպաննուեցան: Այս թիւին ջախջախիչ մեծամասնութիւնը Խ. Հայաստանէն էր: Այս ձեւով, Հայաստանի ժողովրդագրական կամ սեռերու հաւասարակշռութիւնը (արական – իգական) լրջօրէն խախտեցաւ: Ներգաղթին նպատակն էր այս հաւասարակշռութիւնը ձեւով մը վերահաստատել, երկիրը օժտել աշխատուժով: Անշուշտ ուրիշ նիւթ է ներգաղթի օրերուն յատկապէս Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ ստեղծուած ներքին լարուածութիւնն ու պայքարը, յատկապէս «հրաժարականներու» նիւթով: Այնպէս որ, եկէք այդ թեման հոս զանց առնենք եւ շարունակենք մեր դիտարկումները:

Ուրեմն, Հայաստանը պատերազմէն նոր ելած ըլլալով, տնտեսապէս ծանր վիճակի մէջ էր: Խորհրդային իշխանութիւնները ի վիճակի չէին այսքան կարճ ժամանակի ընթացքին 95 հազար հոգիի բնակարան ապահովել: Դժգոհութիւնը ծայր տուաւ: Ասոր վրայ գումարուեցան 1949 աքսորները:

Դժգոհութիւնը երկուստեք էր: Թէ՛ ներգաղթողները դժգոհ էին երկրէն, եւ թէ՛ տեղաբնակները՝ ներգաղթողներէն: Նորեկները հայաստանաբնակ հասարակութեան կողմէ «չընդունուեցան». լեզուական (ներգաղթողներէն շատեր նոյնիսկ թրքախօս էին…), նիստուկացի եւ մտայնութեան առնչուող բազմաթիւ խնդիրներ կային. եկողներուն մեծ մասը անուս էր ու անգրագէտ՝ ի հակադրութիւն տեղաբնակներուն, որոնք խորհրդային պայմաններու բերումով դպրոց գացած, համալսարանաւարտ կամ մասնագիտութիւններու տէր էին: Փոխադարձ մեղադրանքներն ու կարծրատիպերը խրամատ ստեղծեցին ներգաղթածներուն եւ տեղածիններուն միջեւ (օրինակ՝ բոլորս ալ գիտենք, որ ներգաղթողներուն նկատմամբ կը գործածուէր «ախպար» հեգնական ածականը եւ Երեւանի մօտ թաղամաս մը մինչեւ հիմա կը կոչուի… Ախպարաշէն): Իշխանութիւններուն համար ալ, վստահութիւնը մեծ չէր ներգաղթողներուն նկատմամբ. մինչեւ իսկ կարգ մը մասնագիտութիւններու դուռները փակ էին նորեկներուն դիմաց:

Ստալինը մեռաւ: Խրուշչեւի գալով, բաւական բան սկսաւ փոխուելու Խ. Միութեան մէջ, աքսորեալները սկսան վերադառնալու տուն: Եկան Պրեժնեւի տարիները, կեանքը քիչ թէ շատ սկսաւ աւելի տանելի դառնալու: Սակայն ներգաղթողներուն մօտ դժգոհութիւնը արդէն հոգեբանական ծանր նստուածք ստեղծած էր: Տեղածիններու եւ ներգաղթողներուն միջեւ համարկումը ակնկալուած չափով չեղաւ: Դժգոհութիւնը մնաց ու մնաց, անկախ այն իրողութենէն, որ տեղածիններուն համար ալ խորհրդային համակարգը այդքան ալ սիրահարուելիք բան մը չէր:

Այնպէս որ, 70ականներու սկիզբները, երբ ներգաղթածներուն առիթ տրուեցաւ, շատեր անմիջապէս ընդառաջեցին եւ այս ալիքը շարունակուեցաւ առնուազն տասնամեակ մը: Արտագաղթածներուն մէկ մասը ունէր տեղածին հարսեր, կիներ, ամուսիններ, ինչ որ ամերիկեան օրէնքներու լոյսին տակ, արտագաղթի շարունակականութիւն մը ստեղծեց (մէկը կու գայ, վերջը դիմում կ՛ընէ իր զոքանչին կամ փեսային համար եւ կծիկը կը քակուի):

Իրենց կարգին, ամերիկեան իշխանութիւնները գործնական առումով լայն դիւրութիւններ տուին Խ. Միութենէն Ամերիկա գաղթողներուն, ներառեալ՝ հայերուն: Գործնական դիւրութիւններ՝ այսինքն բնակարան, վարձք, ընտանեկան յատկացումներ, աշխատանք եւ այլն: Գումարենք ասոր վրայ հայուն բնածին հնարամտութիւնը եւ կ՛ունենանք կացութիւն մը, ուր Քալիֆորնիա արտագաղթած հայերը արագօրէն կրցան տնտեսապէս կայուն վիճակ ստեղծել իրենք իրենց համար:

Բայց հայկական առումով, հիմա ալ ուրիշ խնդիրներ ծագեցան: Քալիֆորնիոյ հայութիւնը, 40 տարի առաջ, չունէր այն կազմակերպուածութիւնը, որ այսօր կայ: Ոչ բաւարար դպրոցներ կային (հիմա ալ չկան…), ոչ ալ հիւրընկալ միջավայր:

Հայաստանէն արտագաղթը հաշտ աչքով չէր դիտուէր Քալիֆորնիոյ մէջ գործող մանաւանդ հայկական քաղաքական կազմակերպութիւններուն կողմէ (գլխաւորաբար ՀՅ Դաշնակցութեան)՝ շատ արդարացի կերպով: Հետեւաբար, Հայաստանի կարգերէն դժգոհ, հոն իրենց նկատմամբ վերաբերումէն դժգոհ զանգուած մը սկսաւ հասնելու Քալիֆորնիա, բախելու համար… առնուազն անհիւրընկալ վերաբերումի: Հետեւաբար, Քալիֆորնիոյ մէջ, համարկումի տագնապ մը ծայր առաւ նորեկներուն եւ «միւսներուն», «այստեղիններուն» միջեւ: Բան մը, որ մեր համոզումով ցարդ կը շարունակուի:

Ահա ձեզի նոր պատմութիւն… ինչպէս կ՛ըսուի ժողովրդային լեզուով:

Այնպէս որ, 70ականներուն Հայաստանէն դէպի Քալիֆորնիա սկսած արտագաղթը առաւելաբար (ոչ ամբողջութեամբ) կը ներառէր 40ականներէն մինչեւ 60ականներու կէսերը ներգաղթածները:

Աւելցնենք, որ մեր դիտարկումներուն մէջ զգացական, համակրական կամ հակակրական ոչ մէկ տարր կայ: Մենք պարզապէս կ՛ուզենք իրողութիւններուն անդրադառնալ եւ վերջաւորութեան փորձել լուծումներ առաջարկել:

Հոս կենանք, շունչ մը առնենք, որ գալ շաբաթ շարունակենք:

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

asbarez.com

Տպել Տպել