Արա Տեմիրճեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով .- Սրտի Խօսք

Իր մէջ կար պիրկ, խտացեալ, հազուադէպօրէն բառերու վերածուող գաղափարը, որ այնուամենայնիւ կ՛արտայայտուէր դաշնակցական մարդու յատուկ իր խստակեցութեամբ: Անոր օրը կ՛անցնէր մեր ուխտի հնոցին մէջ, ուր թէժ իրականութիւնն է, եւ ուր խօսքերը կը կշռեն ծանր: Իր ստանձնած պատասխանատուութիւններուն բերումով, Արան անցած էր մեր կեանքի բոլոր տեղաշարժներէն, դիմագրաւած` հարցականները, դիմացած` ժամանակի տարերային փլուզումներուն: Եւ քանի որ մեր կեանքի պատմութիւնը դիւրաւ չէ, որ կը գրուի, դժուարաւ պիտի գրուի նաեւ պատմութիւնը հաւատքի այն մեծ գործին, որուն ան նուիրաբերեց ամբողջութիւնը իր ուժերուն:

ara-1024x607

Ես զինք ճանչցայ կուսակցական գործի բովին մէջ, ուր մենք պարտաւորուած էինք — եւ ե՛նք — սակաւ միջոցներով մեծապէս պահանջկոտ թիրախներ նուաճելու: Միշտ այսպիսին եղած է մեր կացութիւնը: Դաշնակցութեան գործի դաշտը վճռորոշ առաջադրանքներու դաշտն է: Յանդուգն նախաձեռնութիւններու, հաստատուած օրինակարգերը խիզախումներով փոխարինելու, նոր ճանապարհ հարթելու տեղն է Դաշնակցութեան գործի ճամբարը: Եւ անխուսափելիօրէն հաւաքական պայքարի այս վարդապետութիւնը իր խիստ չափանիշները պիտի հաստատէ եւ իր գործողները պիտի փնտռէ: Ազգին զաւակները ազատ կամքով պիտի ընտրե՛ն նուիրումի այս ճամբան: Պիտի նուիրուի՛ն անոր: Եւ իրենց անյատակ նուիրումով պիտի պայմանաւորեն գալիքը, որ չի կրնար գալ առանց իրենց: Եւ իրենք գիտեն, թէ այդ նուիրումը այլընտրանք չունի, եւ իրենք կոչուած են անոր առանց այլեւայլի: Արան եւ իր նմանները այս ճամբով քալեցին եւ կը քալեն եւ պիտի քալեն: Անոնք քիչ են: Անոնք ընտրեալներն են: Բայց նաեւ շա՛տ են: Եւ անոնք մի՛շտ են: Եւ անոնք անպարտելի՛ են:

Այժմ կ՛անդրադառնամ, որ Արան միշտ ստոյիկեան լաւատեսն էր. միշտ համոզուած` որ ոչինչ կրնար զգետնել մեզ. ընդամէնը պէտք էր յաղթահարել… Չտպաւորուիլ ճամբու արգելքներէն. անցնիլ առա՛ջ: Իսկ երբ դժուարին ճիգերէ ետք գործը յաջողութեամբ կը պսակուէր, Արան ունէր տօնելու իր ինքնուրոյն եւ անսեթեւեթ ձեւը: Ան կը վառէր սիկարեթը եւ արդէն պոռթկուն իր սրախօսութեամբ եւ ժպիտով կը խմէր սուրճին վերջին ումպը մինչեւ վերջ եւ… Կ՛անցնէր յաջորդ գործին: Եւ անշուշտ երբ գործը կար, պատրուակներ չկային: Կային անզանցառելի ժամկէտները Բիւրոյին եւ վե՛րջ:

Արան հաւատքի սիւն էր եւ Դաշնակցութեան միջնաբերդի անխոնջ ու նուիրեալ զինուորը: Ան միշտ հոն էր, ուր մեր գործի խստապահանջ եզրերն էին, մեր կեանքի անշրջանցելի մարտահրաւէրները, յղի վայրկեաննե՛րը մեր հաւաքական պայքարին: Իր զուսպ եւ լռակեաց անձնաւորութիւնը կը ճառագայթէր հաւատաւոր մարդու ջերմութեամբ եւ կը վարակէր: Ամբողջ կեանքի մը գաղափարանուէր փորձով` ան նաեւ շտեմարանն էր մեր յիշողութեան եւ իր ամէնօրեայ գործով` յուշարա՛րը մեր անգիր վարքագիրին: Եւ իբրեւ այդպիսին` ան իր ազնիւ դրոշմը դրաւ իրերայաջորդ սերունդներու գաղափարական կազմաւորման վրայ:

Իսկ այժմ վերադառնալով մեր չգրուող պատմութեան հարցերուն, այսօր մեր պարտքն է անհուն երախտագիտութեամբ արձանագրել այն, որ Արան, իր բոլոր միւս պարտականութիւններուն կողքին, նաեւ բծախնդիր ատենագրողն էր ՀՅԴ Բիւրոյի քննարկումներուն: Տասնամեակներու վրայ երկարող իր այս աւանդը կոթողական ներդրում մըն է իր ուշադիր եւ համբերատար գրիչէն ծնած: Կասկածէ վեր է, որ Դաշնակցութեան գործին վաղուան պատմաբանը, այլ ընկերներու կարգին, նաեւ Արայի մեղուային եւ խղճամիտ աշխատանքին պիտի պարտի մեր պատմութիւնը գրելու մեծ եւ պատասխանատու գործը: Յարգա՜նք իր յիշատակին:

Հողը թեթեւ գայ վրադ, ազնիւ ընկե՛ր:

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ
Ուաշինկթըն

hairenikweekly.com

Տպել Տպել