Ֆրանսայի Հայ Դատը Կարօ Փայլանի Ապահովութիւնը Երաշխաւորելու Արշաւի Կը Ձեռնարկէ

ՓԱՐԻԶ, «Նոր Յառաջ».- Ֆրանսայի Հայ Դատի յանձնախումբը Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 19 թուակիր հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, թէ Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամ հայ երեսփոխան Կարօ Փայլան մահուան լուրջ սպառնալիքներու դէմ յանդիման կը գտնուի, յատկապէս Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի վարչակարգին քաջալերանքով վերջերս սաստկացած հալածանքին իբրեւ հետեւանք։

Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, թէ քրտամէտ կուսակցութեան շարքերէն առաջին ձերբակալութիւններու ալիքէն ետք, ներկայիս Էրտողանի վարչակարգին եւ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան շղթայազերծած յարձակումներուն կարգը հասած է Կարօ Փայլանին:

1221paylan

«Իր կուսակիցներու ձերբակալութեան վաղորդայնին, մինչ ան (Կարօ Փայլան) խորհրդարանին մէջ կը կատարէր անոնց պաշտպանողականը եւ կը յայտնէր ժողովրդավարութեան ի խնդիր պայքարը շարունակելու իր վճռակամութիւնը, իշխող կուսակցութեան քաղաքական պատասխանատուներուն կողմէ ընկերային ցանցերու մէջ շրջանառութեան դրուեցան անոր դէմ ատելութիւն հրահրող տեսանիւթեր, պատգամներ եւ քարոզչութիւն: Իշխող կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան նախագահը խոստովանեցաւ, որ ինք նախաձեռնած եւ շրջանառութեան մէջ դրած է լուսանկարներ, որոնք կը պախարակեն Փայլանը եւ որոնց հետապնդած միակ նպատակը յայտնապէս թուրք ժողովուրդի ազգայնական մէկ հատուածին ատելութիւնը սրելն է՝ հայ երեսփոխանին հանդէպ», կ՛ըսուի հաղորդագրութեան մէջ:

Ֆրանսայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը զգուշացնէ, որ այս սպառնալիքները պէտք չէ ստորագնահատել: «Յիշենք, որ 2000ական թուականներուն սկիզբը ծայր առած նման ընթացքն էր, որ 2007ի Յունուար 19ին յանգեցուց Հրանդ Տինքի սպանութեան», կը շեշտէ Ֆրանսայի Հայ Դատի յանձնախումբը:

Այնուհետեւ, կոչ կը կատարուի ֆրանսացի եւ եւրոպացի քաղաքական դէմքերուն, որ լաւապէս գնահատեն խնդրոյ առարկայ այս վերջին զարգացումները:

«Կը մերժենք, որ 10 տարի առաջ Հրանդ Տինքին վիճակուած ճակատագիրը բաժին իյնայ նաեւ Կարօ Փայլանին: Քաղաքական մեր պատասխանատուներէն եւ ղեկավարներէն կը պահանջենք, որ հրապարակաւ դիրք որոշեն եւ ամէն միջոց գործի լծեն՝ Կարօ Փայլանի ապահովութիւնը երաշխաւորելու համար, որպէսզի ան կարենայ Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ շարունակել թուրք ժողովուրդին ներկայացուցիչի իր պաշտօնը՝ ապահով պայմաններու մէջ: Միացէ՛ք ստորագրահաւաքին եւ ստորագրել տուէք ուրիշներուն», կ՛եզրափակէ հաղորդագրութիւնը:

Ստորագրահաւաքի հասցէն է՝ https://www.change.org/p/france-sosgaropaylan/u/18831827։

asbarez.com

Տպել Տպել