Քալիֆորնիոյ Հայութեան Ներքին Դրուածքը (ԽՆԴԻՐՆԵՐ ԵՒ ԼՈՒԾՄԱՆ ԱՌԱՋԱՐԿՆԵՐ)Գ.

Այս յօդուածաշարքի Բ. մասով խօսեցանք 70ականներու կէսերէն սկսեալ Հայաստանէն դէպի Քալիֆորնիա տեղի ունեցած արտագաղթին մասին, ընդգծելով, թէ երկրէն դուրս ելլողները ընդհանրապէս ներգաղթողներն էին: Հոս պէտք է աւելցնենք, որ ասոնց շարքին էին նաեւ Պարսկաստանի հայաշատ քաղաքներէն եւ գիւղերէն Հայաստան ներգաղթածները:

Սա‘ իբրեւ արտագաղթի առաջին ալիք:

vache

Երկրորդ ալիքը սկսաւ 90ական թուականներուն, երբ Հայաստանի ու ամբողջ հայկական աշխարհին մէջ տեղի ունեցան երկու մեծ երկրաշարժներ:

Ասոնցմէ առաջինը քաղաքական էր. այսինքն՝ Արցախի ազատագրական պայքարը, պատերազմը եւ Հայաստանի վերանկախացումը: Իսկ երկրորդը երկրաբանական էր՝ Գիւմրիի եւ Սպիտակի երկրաշարժը: Այս երկու մեծ ցնցումները ունեցան իրենց տնտեսական ծանր հետեւանքները, պատճառ դառնալով արտագաղթի նոր, երկրորդ ալիքի մը:

Այս նոր ալիքով Քալիֆորնիա հասածները այս անգամ գտան քիչ թէ շատ աւելի կազմակերպուած համայնք մը, եւ անշուշտ՝ ազգականներ, ընկերներ, մէկ խօսքով‘ աւելի «հոգեհարազատ» շրջանակ մը: Սակայն այս «հոգեհարազատ» շրջանակը բաղկացած էր Հայաստանէն արտագաղթածներէն: Հայաստանէն հոս հասածներուն համար «խոր»չ էին Իրաքէն, Պոլիսէն, Լիբանանէն, Պարսկաստանէն կամ Սուրիայէն եկած հայերը, լեզուական, մտայնութեան, հոգեբանութեան, նիստուկացի եւ այլ տարբերութիւններու պատճառով: Այնպէս որ, ինքնաբերաբար, քալիֆորնիահայութեան մէջ ստեղծուեցան երկու մեծ խմբաւորումներ՝ «հայաստանցիները» եւ «միւսները»:

Իսկ «միւսները» որո՞նք էին:

Իրաքէն դէպի Քալիֆորնիա արտագաղթը սկսած էր 60ականներու վերջերուն, երկրի քաղաքական պայմաններուն բերումով: Իրաքի վարչակարգը միակուսակցական էր. թագաւորական վարչակարգին դէմ 1958ին տեղի ունեցած յեղաշրջումը ու ատոր յաջորդած նոյնատիպ իշխանափոխութիւնները անարիւն չէին: Ի վերջոյ, «Պաաս» կուսակցութիւնը, Սատտամ Հիւսէյնի գլխաւորութեամբ, հաստատեց իր մենատիրութիւնը:

Իրաքի մէջ հայ համայնքը (գլխաւորաբար Պաղտատ, նաեւ որոշ չափով Մոսուլ եւ Պասրա) թէեւ ունէր եկեղեցի եւ կարգ մը կազմակերպութիւններ, սակայն չունէր կրթական ցանց, մամուլ («Գոյամարտ» շաբաթաթերթը միայն կարճատեւ կեանք ունեցաւ) եւ ազգային-քաղաքական գործունէութիւն այն իմաստով ու չափով, որ կային Լիբանանի, Պարսկաստանի ու նոյնիսկ Սուրիոյ մէջ: Հետեւաբար, երբ բռնատիրական կարգերը սկսան ճնշիչ դառնալու ամբողջ երկրին մէջ, Իրաքի հայութիւնը սկսաւ փնտ-ռելու ընկերային, քաղաքական ու տնտեսական աւելի հանդուրժելի միջավայր եւ սկսաւ հոսքը դէպի Քալիֆորնիա:

Լիբանանէն դէպի Արեւմուտք արտագաղթը թափ առաւ երկրի քաղաքացիական պատերազմին հետեւանքով, 1975էն ետք: Լիբանանի մէջ կար մեծաթիւ հայ համայնք, կրթական լուրջ ցանց, 3 օրաթերթեր, շաբաթաթերթեր ու հանդէսներ, եկեղեցի, Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանը, կուսակցութիւններ, մշակութային ու մարզական եռուն կեանք: Բայց մանաւանդ՝ երկրին համայնքային կառոյցին բերումով՝ քաղաքական ներկայութիւն երկրի համապատասխան կառոյցներէն ներս (խորհրդարանի անդամներ, նախարարներ եւայլն): Երկրի խորհրդարանական ընտրութիւններուն, հայութեան քուէն փնտռուած էր:

Ուրեմն, Լիբանանի հայութեան լուրջ զանգուած մը լքեց երկիրը քաղաքացիական պատերազմին հետեւանքով եւ այս զանգուածին մէկ կարեւոր մասը հաստատուեցաւ Քալիֆորնիա. առաւելաբար՝ Լոս Անճելըս:

Սուրիոյ հայութեան պարագային եւս, կազմակերպուածութեան լուրջ մակարդակ մը կար՝ եկեղեցիներ, առաջնորդարան, կրթական ցանց, թերթ, մշակութային ու մարզական եռուն գործունէութիւն եւ մինչեւ որոշ ատեն մը՝ նաեւ քաղաքական գործունէութիւն: Համայնքը կայուն էր, դիմագիծ ու նկարագիր ունէր, հակառակ իրարայաջորդ պետական հարուածներուն: Սակայն լուրջ ցնցում մը տեղի ունեցաւ 1961ին, երբ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան դէմ հալածանքներ սկսան, շատեր ձերբակալուեցան եւ առնուազն երկու ականաւոր հայորդիներ բանտին մէջ սպաննուեցան տանջանքի հետեւանքով: Այս հանգրուանը լուրջ հետեւանքներ ձգեց երկրի հայութեան վրայ, որ սկսաւ երկրէն դուրս գալ՝ առաւելաբար դէպի Լիբանան, ուր եւ հաստատուեցաւ, հո՛ն եւս մասնակից դառնալով համայնքի կեանքին:

Առնուազն մէկուկէս տասնամեակ մը տեւեց, մինչեւ որ Սուրիոյ հայութիւնը կրցաւ ինքզինք վերագտնել իբրեւ կազմակերպ համայնք եւ 80ական-90ական տարիներուն ծաղկումի նոր հան-գրուան մը թեւակոխեց, շնորհիւ ղեկավարութեան հեռատեսութեան: Դէպի Ամերիկա արտագաղթ կար, սակայն զանգուածային բնոյթ չէր կրեր: Սակայն կացութիւնը հիմնովին փոխուեցաւ 2011ին, բոլորիս ծանօթ պատճառներով:

Պարսկաստանէն արտագաղթը եւս մեծ թափ ստացաւ երկրի իսլամական յեղափոխութենէն ետք: Բայց Պարսկաստանի պարագային կարեւոր է նշել մէկ բան. այս համայնքը կարելի է ըսել ամէնէն հինն է, շուրջ 400 տարուան անցեալով: Այս ամբողջ ժամանակաշրջանին, երկրի հայութիւնը կրցած էր պահել իր ուրոյն դիմագիծը: Կար եկեղեցի, կրթական ցանց, մամուլ, եւ հակառակ իրարայաջորդ վարչակարգերու քաղաքական սահմանափակումներուն, ունէր ազգային-քաղաքական կազմակերպ կեանք, մարզական ու մշակութային կենսունակ կեանք, շնորհիւ «Արարատ» միութեան:

Ուրեմն, Պարսկաստանէն եւս զանգուած մը հաստատուեցաւ Քալիֆորնիա:

Լոս Անճելըսի մէջ, աչքառու ներկայութիւն են նաեւ Պոլիսէն հասած հայերը, որոնք համախմբուած են Պոլսահայ միութեան շուրջ եւ ներկայութիւն են համայնքի առաւելաբար եկեղեցական ու մշակութային կեանքին:

Սակայն կայ հասարակ յայտարար մը Պարսկաստանէն, Սուրիայէն, Լիբանանէն եւ Պոլիսէն արտագաղթած խմբաւորումներուն միջեւ. բոլորն ալ կու գան քիչ թէ շատ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊ համայնքներէ, ուր իրենց գոյութիւնը պայմանաւորուած էր իրենց հայկական ինքնութիւնը պահպանելու պայքարով: Անոնք պարտաւոր էին մղելու այս պայքարը՝ ի խնդիր իրենց հայկական դիմագիծի պահպանումին: Ստիպուած էին «պաշտպանուելու» ոչ հայկական միջավայրի անխուսափելի ազդեցութիւններուն դէմ:

Այսինքն մէկ խօսքով, այս մեծ խումբը տասնամեակներու ընթացքին, Հայաստանէն դուրս ապրելու բերումով, զարգացուցած էր «պաշտպանողական համակարգ» մը: Գիտէր, որ Հալէպ ըլլայ թէ Մոնթրէալ, Պէյրութ ըլլայ թէ Լոս Անճելըս, Թեհրան ըլլայ թէ Կլենտէյլ, ինք իր հայկական ինքնութիւնը պահպանելու պայքարի մը մէջ է: Անիկա, կարելի է ըսել, քիչ թէ շատ «մարզուած» է այս պայքարին մէջ, հայ մնալու կռիւին մէջ: Ատոր համար ալ ծանր զոհողութիւններ յանձն առնելու պատրաստ է: Այսինքն, կ՛անդամակցի հայկական կազմակերպութիւններու, ուր ԿԱՄԱՒՈՐ կարգով կը ստանձնէ պատասխանատուութիւններ եւ ժամանակ կը տրամադրէ, օրական երբեմն քանի մը տասնեակ մղոն կը քշէ զաւակը հայկական դպրոց հասցնելու. այս չի բաւեր՝ շաբաթավերջերուն ալ «շոֆերութիւն» կ՛ընէ զաւակները արտադպրոցական հայկական միջավայրի մէջ մասնակից դարձնելով (մարզական, պարարուեստի կամ նկարչութեան դպրոց եւ այլն), ու ամէն ամիս լուրջ գումար կը վճարէ իբրեւ կրթաթոշակ: Մէկ խօսքով, հայ մնալը իրեն համար առաջնահերթութիւն է ու ատոր համար ալ ինք պատրաստ է զոհողութեան ու պայքարի:

Սկսանք մօտենալու խնդիրի փշոտ երեսին: Բայց եթէ կ՛ուզենք լուծումներու յանգիլ, պարտաւոր ենք փշոտ հարցերուն մասին բացէ ի բաց խօսելու, առանց ձեռնոցի:

Այնպէս որ, եկէք բոլորս ալ պատրաստուինք «փուշերուն», գալ շաբաթ, առանց վախի ու բարդոյթի:

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

asbarez.com

22/12/2016

Տպել Տպել