Քաղաքացիին Աչքերուն Մէջ Նայելու Քաջութիւնը (ՈՐ Ի ԴԷՊ՝ ՔԻՉԵՐՈՒՆ ՏՐՈՒԱԾ Է)

Տեսարան մէկ:

Տարիներ առաջ էր. Երեւան կը գտնուիմ: Օր մը, խումբ մը ընկերներով Աբովեան փողոցին վրայ գտնուող «Ցենտրալ» թէյարանէն դուրս կ՛ելլէինք, երբ յանկարծ դէմ յանդիման եկանք խումբ մը մարդոց, որոնք կը մտնէին նոյն թէյարանը: Ինծի անծանօթ անձնաւորութիւն մըն էր, շրջապատուած 7-8 թիկնապահներով, բոլորն ալ ցուցադրաբար խոժոռ ու «ստուգող» նայուածքներով ու շարժուձեւերով… Երեւանաբնակ ընկերներուս հարցուցի, թէ ո՞վ է այս մարդը. պատասխանեցին, թէ քաղաքի այսինչ շրջանի թաղապետն է, Գագիկ Բեգլարեանը (աւելի ծանօթ՝ իբրեւ Չոռնի Գագօ): Հը՜մմմ, մտածեցի քմծիծաղով, եղած-չեղածը թաղապե՜տ ու այսքան թիկնապահներո՞վ. որմէ՞ կը փորձէր «պաշտպանուիլ»:

Տեսարան երկու (կամ երեք, չորս):

Նոյն այդ օրերուն, ընկերոջ մը հետ սուրճի շուրջ խօսակցութեան մէջ ենք, նոյն փողոցին վրայ գտուող այլ սրճարանի մը մայթին: Մէյ մըն ալ ուշադրութիւնս գրաւեց առանձին անցորդ մը, հանգի՜ստ, շա՜տ հանգիստ քալուածքով, բաճկոնը մատով ուսին նետած, միւս ձեռքին տրցակ մը թերթեր: Այդ օրերու… խորհրդարանի փոխնախագահ Վահան Յովհաննիսեանն էր: Ի՜նչ թիկնապահ, ինչ բան:

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

Որոշած ենք Հայաստան-Սպանիա ֆութպոլի խաղին երթալ: «Վազգէն Սարգսեան» մարզադաշտը լեցուն է բազմահազար ֆութպոլասէրներով, ներառեալ՝ չորսս, մէկը Ֆրանսայէն, միւսը Լիբանանէն, չորրորդն ալ ընկերային ապահովութեան (Սոցապ) նախարար մեր ընկերը: Նստած մեր սովորական աթոռներուն վրայ, բազմահազար ֆութպոլասէրներու շարքին, ու անոնցմէ ոչինչով աւելի կամ պակաս, կը քաջալերենք մեր տղաքը:

Արցախի անկախութեան տօնին առիթով Երեւանէն ճամբայ ելած ենք դէպի Ստեփանակերտ: Մեր խումբին մաս կը կազմէին հայաստանաբնակ քանի մը ընկերներ, որոնցմէ մէկը՝ գիւղատնտեսութեան նախկին նախարար (ներկայիս՝ տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար): Ոչ թիկնապահ, ոչ բան, ոչ ալ նոյնիսկ վարորդ (այդ «պաշտօնը» ստանձնած էր… այս յօդուածագիրը): Երկու օրուան մեր կեցութեան ընթացքին անցանք բազմաթիւ գիւղերէ, գնումներու կամ ճաշելու համար կանգ առինք այս կամ այն գիւղը: Միշտ ու ամէն տեղ աչքառու էր գիւղացիներուն համակրանքն ու յարգանքը իրենց նախկին «պարոն նախարարին» նկատմամբ: Իսկ յարգանքն ու համակրանքը փոխադարձ էին նախկին նախարարին ու իր հոգածութեան յանձնուած գիւղացիներուն միջեւ. ջերմ ու անմիջական, առանց «միջնորդ»ի:

Պատկերը ամբողջացուցինք. թաղապետը եւ… դաշնակցական նախարարները:

Երկրորդ արար: Անցնող Շաբաթ երեկոյեան, Կլենտէյլի մէջ 22 նորագիրներ տուին դաշնակցականի իրենց երդումը եւ միացան մեր մեծ ընտանիքին: ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ դոկտ. Վիգէն Եագուպեան նորագիրներուն իր տուած պատգամին մէջ, յիշեցման կարգով ընդգծեց Դաշնակցութեան ընկերվարական աշխարհահայեացքին մաս կազմող շարք մը սկզբունքային կէտեր ու բոլորէն պահանջեց անշեղ մնալ այս սկզբունքներուն վրայ:

Դիմատետրի վրայ սակայն, երեւանաբնակ ընթերցողի մը արձագանգը հարազատ արտայայտութիւնն էր Հայաստանի մէջ տիրող իրավիճակին՝ խոր դժգոհութիւն (հասկնալի) եւ «սինիզմ» (անհասկնալի):

Ան կը փորձէր հակաճառել, մէջբերելով օրուան պատգամախօսին հետեւեալ խօսքը. «Մի՛ մոռնաք, որ Դաշնակցութիւնը ընկերվարական սկզբունքները իւրացուցած կազմակերպութիւն է» ու կ՛աւելցնէր. «Ի հարկէ՛, ի հարկէ՛, եւ այդ սկզբունքները շուրջ երեսուն տարի է տարածում ու գօրծուն կերպով կենսագործում է հայրենիքում ձեռք-ձեռքի տուած երբեմնի ընկերվարական-համայնավարական ՌՔի ու ՍՍի հետ (Ռոպերթ Քոչարեան եւ Սերժ Սարգսեան- Վ. Բ.): Արդիւնքում՝ երկիրը լքել է ընդամէ՜նը, սո՜սկ, միմիա՜յն միլիոն ու կէս հայ: Առայժմ՝ միլիոն ու կէս…»: Ու աւելի անդին կը շարունակէր՝ ըսելով, որ նշեալ ելոյթը կարդալով, յիշած է Փրուտոմն ու Պեռնշթայնը (19րդ դարու ընկերվարական գաղափարախօսներ-Վ.Բ.), «բայց չէ՞ որ հիմա այֆոն-մայֆոնի դարում ենք ապրում»:

«Երեսուն տարուան» անհեթեթութիւնը մէկ կողմէ դնելով, եւ ի լուր բոլորին, դաշնակցականի վայել բաց ճակատով կը հաստատենք, որ այո՛, գործակցած ենք վերջին երկու նախագահներուն հետ (առաջինը ոչ միայն մերժած էր մեր առաջարկած գործակցութիւնը, այլեւ հալածանք շղթայազերծած էր Դաշնակցութեան դէմ՝ 1992էն սկսեալ, մինչեւ իր անփառունակ հրաժարականը):

Այո, գործակցութեան առաջարկ ըրած էինք նորազատական ու մինչեւ իսկ հակաազգային առաջին նախագահին: Այդ առաջարկը ըրած էինք յանուն հայրենիքի բարգաւաճումին, յանուն ընկերային-տնտեսական արդար կարգերու հաստատումին, յանուն մեր ազգային ապահովութեան եւ մանաւանդ՝ յանուն Արցախի ազատագրական պայքարին: Չէի՞նք գիտեր, որ գաղափարական գետնի վրայ առաջին նախագահին ու մեր միջեւ գոյութիւն ունի 180 աստիճանի տարբերութիւն: Անշո՛ւշտ գիտէինք: Սակայն մեզի համար կար առաջնահերթութիւններու ուրի՛շ ցանկ մը, որ վերը նշեցինք, եւ այդ գաղափարական հակոտնեայ դրուածքը մեզ չէր կրնար ետ պահել մեր առաջնահերթութիւններէն եւ անոնց շուրջ գործակցութիւն ստեղծելու մեր կեցուածքէն:

Ճիշդ է, որ երկրորդ եւ երրորդ նախագահները եւս նախկին համայնավարներ էին, առաջինին նման: Տարբերութիւնը այն էր, որ այդ գործակցութիւնը ստեղծուեցաւ կարգ մը բնագաւառներէ ներս եւ առնուազն երկու անգամ, այդ գործակցութիւնը գրաւոր համաձայնագիրով բանաձեւուեցաւ, այսինքն հանրութեան համար թափանցիկ գործընթացով, եւ Դաշնակցութիւնը մաս կազմեց համախոհական (կոալիցիոն) կառավարութեան: Տարբեր խօսքով, եթէ կար բնագաւառ մը, ուր Դաշնակցութիւնը կրնար դրական տարբերութիւն մը, բարելաւում մը մտցնել երկրէն ներս, անհասկնալին… չգործակցիլն էր: Իսկ երբ պատահեցաւ, որ իշխանութիւնները չյարգեցին իրենց յանձնառութիւնը, Դաշնակցութիւնը դուրս եկաւ այդ կառավարութենէն: Հայեւթուրք փրոթոքոլները ցայտուն ապացոյցն են ասոր:

Իսկ ընդդիմադիր ըլլալը չի նշանակեր գիշեր-ցերեկ նախատել իշխանութիւնները կամ հայհոյել անոնց: Քննադատել, անշո՛ւշտ: Սակայն նախատինքի հոգեբանութիւնը քաղաքական մշակոյթին մէջ տեղ չունի. ոչ միայն օգտակար չէ, այլ նոյնիսկ վնասակար է, որեւէ՛ երկրի պարագային:

Դաշնակցութիւնը անկախութեան առաջին իսկ օրէն ջատագովն էր խորհրդարանական համակարգի որդեգրումին: Իրարու յաջորդած իշխանութիւնները՝ ոչ: Մինչեւ որ երրորդ նախագահը համոզուեցաւ: Քաղաքական նոր իրադրութեան մէջ (սահմանադրական փոփոխութիւններ), իշխանութեան եւ Դաշնակցութեան միջեւ ստորագրուեցաւ գործակցութեան նոր համաձայնագիր մը, ուր տեղ գտաւ Դաշնակցութեան առաջադրած բարեկարգումներու թղթածրարին 90 տոկոսը ու այս առաջադրանքները բխած են մեր Ծրագիրի ընկերվարական աշխարհահայեացքէն ու ազգային-քաղաքական առաջնահերթութիւններէն: Այս համաձայնագիրը ե՛ւս հրապարակուած է ու բոլորին համար՝ հասանելի: Քանի՞ հոգի կարդացած է՝ ուրիշ խնդիր:

Մէկ բան յստակ է, որ Ռոպերթ Քոչարեանի իշխանութեան գալէն ի վեր, եւ մինչեւ այսօր, դաշնակցական բոլո՛ր նախարարները գործած են համահունչ մեր ընկերվարական սկզբունքներուն, համահունչ մեր առաջնահերթութիւններու թղթածրարին: Կրնայ ըլլալ, որ ամէն տեղ նոյն չափով ու տարողութեամբ յաջողութիւն չեն արձանագրած, սակայն մեր մօտեցումները մնացած են անշեղ: Վա՞տ է, որ գիւղատնտեսութեան բնագաւառէն ներս աչքառու բարելաւում արձանագրուեցաւ դաշնակցական նախարարի պաշտօնավարութեան օրով, վա՞տ էր, որ ընկերային ապահովութեան համակարգը գէշ-աղէկ ձեւ ու կերպարանք ստացաւ դաշնակցական նախարարին օրով, արդէն իսկ չե՞ն երեւիր երկրի մարզերէն ներս վարչական ու կառավարման բարեփոխումներու եւ կրթական համակարգէն ներս նոր մօտեցումներու արդիւնքները: Անշո՛ւշտ կ՛երեւին: Բայց այս բոլորը չէին կրնար տեղի ունենալ, եթէ Դաշնակցութիւնը տարուած ըլլար «ընդդիմադիր» երեւալու սիրոյն անդադար իշխանութիւնները փնովելու, նախատելու հոսանքով: Իշխանութիւններ, որոնց սիրահարած չենք բնականաբար. իսկ Հայաստանին՝ անշո՛ւշտ: Ոչ ոք կրնայ խնդրոյ առարկայ դարձնել Հայաստանի նկատմամբ մեր նուիրումը:

Ճիշդ ա՛յս պատճառով է, որ ոչ դաշնակցական թաղապետ մը անհրաժեշտութիւնը կը զգայ իր իսկ սեփական քաղաքին մէջ թիկնապահներով շրջապատուած քալելու, մինչդեռ դաշնակցական նախարարները կամ խորհրդարանի փոխխօսնակը զերծ են այդ տգեղ ու անհարկի «պաշտպանութենէն», հանգիստ ու ճակատաբաց կը նային հայ քաղաքացիին աչքերուն, անոնց հետ գիւղեր կը շրջին ու գիւղացիներէն հանգիստ գնում կ՛ընեն իրենց տան համար, ֆութպոլի մրցումի կ՛երթան ու բազմահազար ուրիշներու կողքին նստած, կը քաջալերեն մեր մարզիկները:

Այո, Հայաստանի պետական համակարգէն ներս, քիչերու տրուած է քաղաքացիին աչքերուն մէջ նայելու քաջութիւնը: Դաշնակցականները այդ քիչերէն են:

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

asbarez.com

27/01/2017

Տպել Տպել