Շահան Գանտահարեան. «Դաշնակցութիւնը Փորձառութիւն Ունի Փայլուն Կատարողականութեամբ Ազգ-Բանակ Կերտելու»

Այնճարի Մէջ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 126-Ամեակի Տօնակատարութիւն

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին, կիրակի, 29 յունուար 2017-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Այնճարի «Սարգիս Զէյթլեան» ժողովրդային տան Նահատակաց յուշակոթողին մօտ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն եւ ծաղկեպսակի զետեղում` ի յիշատակ ՀՅԴ շարքերէն առյաւէտ բաժնուած ընկերներուն եւ հայոց բանակի զոհուած զինուորներուն: Հոգեհանգստեան պաշտօնը կատարեցին գիւղի հոգեւոր հայրերը` նախագահութեամբ Վարուժան արք. Հերկելեանի: Ներկայ էին «Կարմիր լեռ» կոմիտէն, Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեան, համայնքներու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հոծ բազմութիւն մը:

Ապա ՀՅԴ 126-ամեակի տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ «Գ. Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ` երեկոյեան ժամը 5:30-ին: Լիբանանի, Հայաստանի եւ Դաշնակցութեան քայլերգներու ունկնդրութենէ ետք, ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շաւարշ Միսաքեան» մասնաճիւղին անունով ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Միրէյ Աշըգեան, որ ներկաներէն խնդրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգել Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան եւ հայոց բանակի նահատակներուն յիշատակը:


Ողջունելէ ետք բոլոր ներկաները Աշըգեան ըսաւ, թէ «մենք` ժառանգորդները քրիստափորներու, ռոստոմներու, զաւարեաններու եւ խիզախ ֆետայիներու, բարձրաճակատ պիտի քալենք դէպի արեւագալը մեր հայրենիքին` վսեմ գաղափարի փշոտ ուղիէն: Մենք կարօտ ենք հազարամեայ մեր վանքերուն, մեր լեռներուն, դաշտերուն եւ կիսաքանդ մեր բերդերուն: Սփիւռքի թէ հայրենիքի մէջ, մենք` հայ երիտասարդներս յոյսն ենք մեր ժողովուրդին: Մենք մեր բազմադարեան պատմութեան ընդմէջէն սորված ենք, թէ մեր միակ փրկութիւնը մեր սեփական ուժին մէջ է, եւ այդ սեփական ուժն ու զօրութիւնը կը կազմուի միայն ու միայն միասնակամութեամբ: Մերմիասնակամութեան եւ հաւաքական ուժին դիմաց կը փշրուին թշնամիին բոլոր սադրանքներն ու դաւադրութիւնները: Այս է կտակը 126 տարիներ առաջ կեանք առած գաղափարական հնոցին` Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան: Այս է ուխտն ու նպատակը հայրենասիրութեան եւ նուիրումի գաղափարները ջամբող ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան»:

Ապա Անդրանիկ Ծառուկեանի «Թուղթ առ Երեւան»-էն հատուածներ ասմունքեցին Արտակ Կէօքճեան, Կարէն Անտոնեան եւ Կրէյս Գալուստեան:

Օրուան բանախօսն էր «Ազդակ»-ի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան, որ իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ ՀՅԴ-ի հիմնադրութեան 126-ամեակին եւ հայոց բանակի հիմնադրութեան 25-ամեակին` նշելով. «Դաշնակցութեան օրուան Այնճարի մէջ նշումին ու Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ հայոց բանակի օրուան տօնակատարութեան թուականներու համատեղումը խորհրդաւոր զուգադիպութիւն է: Եթէ առաջինը հայ ազատագրական շարժումի առաջնորդ կուսակցութեան անցած դարաւոր ուղիի արժեւորումի եւ քաղաքական հետագայ գործունէութեան ուղենշման առիթ է, ապա երկրորդը ոչ միայն Հայաստանի Հանրապետութեան, այլ հետզհետէ նաեւ ամբողջ հայկական աշխարհի անվտանգութեան գլխաւոր երաշխիքի արժեւորման օրն է»:

Անդրադառնալով Հայաստանի մէջ ազգ-բանակ առաջադրանքին` Շահան Գանտահարեան ըսաւ. «Այսօր մեր պետութեան առջեւ իբրեւ հրամայական դրուած է ազգ-բանակ հասկացողութիւնը իրականութեան վերածելու առաջադրանքը: Ազգ-բանակը քաղաքագիտութեան մէջ իբրեւ գործնական օրինակներ կը վերցնէ ընդհանրապէս պատերազմական կամ կիսապատերազմական իրավիճակի մէջ գտնուող երկիրներու պարագային կիրարկուած դրութիւնը: Արցախի կամ Հայաստանի Հանրապետութեան պարագային, երբ ցամաքային առումով թէ՛ Ազրպէյճանը եւ թէ՛ Թուրքիան շրջափակած են մեր հայրենիքը, երբ Պաքուն ո՛չ միայն Արցախի հետ շփման գիծերու վրայ, այլ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան հետ պետական սահմանի երկայնքին կը կատարէ ոտնձգութիւններ, ներթափանցման գործողութիւններ, արձակազէններ գործի կը լծէ ո՛չ միայն հայկական դիրքերու վրայ հսկող զինուորներու, այլ նաեւ անզէն բնակչութեան դէմ, ապա աւելի անհրաժեշտութիւն կը դառնայ ազգ-բանակ հասկացողութեան շօշափելի, ամէնօրեայ դրոյթի վերածուիլը»:

Շարունակելով իր խօսքը` Շահան Գանտահարեան ըսաւ. «Շրջահայեաց ներազգային դիտարկումը պիտի համոզէ բոլորը, որ ազգ-բանակ հասկացողութիւնը 1890-էն սկսեալ ամէնէն յաջող կերպով եւ ամէնէն փայլուն կատարողականութեամբ իրականացուցած է Հայ ազատագրական շարժման առաջնորդ կուսակցութիւնը` Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը»:

Յետ բանախօսութեան, Այնճարի երիտասարդական նուագախումբը ելոյթ ունեցաւ «Տուն իմ հայրենի», «Գեղեցիկ հոտաւէտ» եւ «Ելիր ի զէն հայոց զինուոր» երգերով` մենակատարութեամբ Յովնան Քէշիշեանի:

ՀՅԴ 126-ամեակի հանդիսութիւնը փակուեցաւ ՀՅԴ «Յառաջ» պատանեկան միութեան անդամներուն կատարողութեամբ «Արիւնոտ դրօշ» երգով:

aztagdaily.com

Տպել Տպել