Արժանթինի Հայ Համայնքը Կը Դատապարտէ Չաւուշօղլուի Այցը

ՊՈՒԷՆՈՍ ԱՅՐԵՍ.- Պուէնոս Այրեսի հայկական համայնքի կազմակերպութիւնները հրատարակած են հաղորդագրութիւն մը, ուր կը դատապարտեն Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլուի այցը Արժանթին:

Հաղորդագրութեան մէջ կ՛ըսուի.

«Արժանթինի հայկական համայնքը, որ մեծաւ մասամբ կը բաղկանայ թրքական պետութեան կողմէ 1915-1923 թուականներուն կատարուած Ցեղասպանութենէն վերապրած գաղթականներէ, կը մերժէ եւ կը դատապարտէ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին այցը Արժանթին: Չաւուշօղլու ոչ միայն յանցագործ պետութեան ներկայացուցիչն է, այլեւ՝ Թուրքիոյ մերժողական քաղաքականութեան գործող բազո՛ւկը:

Իբրեւ արտաքին գործոց նախարար՝ Չաւուշօղլու կը փորձէ ահաբեկել բոլոր անոնք, որոնք կը ճանչնան Ցեղասպանութիւնը, կամ նոյնիսկ կ՛ակնարկեն Հայոց Ցեղասպանութեան: Յիշենք Ռուսիոյ, Եւրոպական խորհրդարանի ու Վատիկանի դէպքերը, նաեւ Գերմանիոյ ու ԱՄՆի՝ 2016 թուականի դէպքերը: Համոզուած ենք, որ իր նպատակը, իբրեւ արտաքին գործոց նախարար, խօսքի ազատութեան գրաքննութեան մոտելը (նախատիպ-Խմբ.) արտահանելն է, այն մոտելը, զոր կը վարէ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի վարչակարգը իր սեփական ժողովուրդին հանդէպ: Այդ մասին կը վկայեն բազմաթիւ առիթներ, երբ թրքական դիւանագիտութիւնը, լոպիինկի միջոցով, փորձած է արգելափակել հայ ժողովուրդին հանդէպ զօրակցութեան բանաձեւերը՝ ամբողջ Հարաւային Ամերիկայի մէջ: Կոչ կ՛ուղղենք Պրազիլի, Ուրուկուէյի եւ Արժանթինի իշխանութիւններուն՝ խուսափելու թրքական պետութեան ժխտողական քաղաքականութեան որեւէ մէկ արտայայտութեան հաւանութիւն տալէ:

asbarez.com

Տպել Տպել