Խմորո՞ւմ Մը Կը Պատրաստուի

Վերջերս, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէն յայտարարութիւն մը հրատարակեց՝ յայտնելով, թէ դաշնակցական պատգամաւորները դէմ պիտի քուէարկեն սահմանադրութեան վերամշակուած նախագիծին, որովհետեւ անիկա չի նպաստեր պետական համակարգի բարելաւումին, չի համապատասխաներ համակարգը առաւել ժողովրդավարացնելու կուսակցութեան պատկերացումին, հետապնդած նպատակին…

ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ

Նախագիծը Ազգային ժողովէն քուէարկուած ըլլալով, արդէն իսկ նախագահական հրամանագիրով որոշուած է հանրաքուէի թուականը՝ 20 Փետրուար 2017:

Մշակուած նախագիծով փոխանակ անցում կատարելու խորհրդարանական համակարգի, իշխանութիւնը առաւել եւս կը կեդրոնացուի նախագահի անձին վրայ:

Չգիտցող չկայ, որ մեր երկու պետութիւնները՝ Հայաստանն ու Արցախը, ամէն մարզի մէջ լծակից են իրարու, իրարմէ կախեալ են ու զիրար կ՛ամբողջացնեն:

Զարմանալի է ու անհասկնալի է, որ Հայաստանը խորհրդարանական համակարգի կ՛անցնի, մինչ անդին՝ իր լծակիցը հակառակ ուղղութիւնը աւելիով կ՛ամրապնդէ: Ի՞նչ հիմնաւորում կրնայ ունենալ այս զարտուղի ընթացքը:

Ակամայ կասկած կ՛արթննայ, թէ համակարգին հետ այնքան ալ չառնչուող քաղաքական խոհանոցին մէջ կը պատրաստուի ինչ որ խմորո՞ւմ մը, որուն համար կարեւոր կը նկատուի միանձնեայ վճիռը… Արդեօք: Այլապէս, ինչո՞ւ այս յետընթացը:

Հապա լրատուներուն լռութի՞ւնը:

asbarez.com

Տպել Տպել