Ազգ- բանակի հրամայականը եւ ՀՅ Դաշնակցութեան պատմական փորձառութիւնը

19-րդ դարի վերջին տասնամյակեն սկսեալ մինչեւ Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացում, հայոց բանակի բացակայութեան, Դաշնակցութիւնը վերցուցած էր հայկական զինուած ուժերէն ակնկալուած գործառոյթներու իրականացումը, Երկրի մէջ ծաւալած ֆետայական շարժում ըլլայ անիկա, թէ Մուսա Լերան վրայ կազմակերպուած հերոսամարտ, կամաւորական շարժումի կազմակերպում ըլլայ անիկա, թէ Սարդարապատի ծառացում եւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան պետական բանակի կազմութիւն, եւ Զանգեզուրի ժողովրդային գոյամարտի դիւցազնակերտում, «Նեմեսիս»-ի պատժական գործողութիւններու տպաւորիչ շարքի կենսագործում ըլլայ, թէ հայ համայնքներու ինքնապաշտպանական ջոկատներու կազմութիւն, յեղափոխական աւանդներու վերադարձի որոշումին առարկայացում ըլլայ, թէ արցախեան ազատամարտի հիմնական ու վճռորոշ մասնակցութիւն:

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ

Դաշնակցութիւնը ուրեմն պետականութեան բացակայութեան եւ պետական հաստատութիւններու, ընդ որում, բանակի կազմութեան անհնարինութեան դիմաց, ի՛ր վրայ վերցուցած է պետութենէ մը ակնկալուած տարբեր ոլորտներու աշխատանքները եւ պատուով, յաճախ անթերի ձեռնհասութեամբ իրականացուցած է զանոնք:

Եւ հիմա մտածենք, թէ ի՛նչ բանակ էր, որ ամէնէն վտանգաւոր պայմաններու մէջ կրցաւ զինել ժողովուրդը, զինուիլ, սահմանէն ասդին զինամթերք հասցնել, ոտքի հանել ժողովուրդը, կազմակերպել ժողովրդային յեղափոխութիւն, ծառանալ սուլթաններու բռնակալութեան դէմ եւ հարուածել թշնամին: Հակառակորդի հաստատութիւն գրաւելու յատուկ ո՞ր ջոկատայիններու խումբն էր, որ օրը ցերեկով գրաւեց Պանք Օթոմանը եւ ամբողջ Եւրոպային յղեց բարենորոգումներ անյապաղ կատարելու քաղաքական ուղերձը:

Ո՞ր բանակայիններն էին եւ ո՞ր մահապարտները, որոնք ականուած կառքով պիտի ծրագրէին ոչնչացնել բռնակալ սուլթանը: Զինուորական կրթութիւն ստացած սպաննե՞ր էին անոնք, թէ՞ Դաշնակցութեան շարքերուն մէջ Դաշնակցութեան կազմակերպած զօրավարժութիւններով հմտացած արհեստավարժ զինուորական դարձած մարտիկներ:

Մարտիկներ, որոնք ռազմագիտական ամէնէն բարձր մակարդակի վրայ պատրաստուած նախագիծեր կրնային մշակել` ամենափայլուն կատարողականութեամբ իրականացնելու համար ժողովրդային ինքնապատշտպանութիւնը, բրգաձեւ կառոյցով պատժիչ գործողութիւն կազմակերպելու համար Խանասորայ դաշտին վրայ, յարգելով նաեւ ռազմի բարոյական օրինաչափութիւնները:

Անոնք թէ՛ գործիչ էին, թէ՛ մտաւորական ու ուսուցիչ եւ թէ՛ ռազմագէտ, ֆետայի, զինուոր, հրամանատար, հայդուկապետ, յիսնապետ եւ դասակի խմբապետ: Այլ խօսքով, պետական բանակի մը կառոյցին համապատասխան կուսակցական կառոյց, որ ի պահանջել հարկին փարթիզինական կռիւ կը մղէր, երբ պէտք ըլլար, դրամատուն կը գրաւէր, տարբեր պահու կը պատժէր հայասպանութեան գործիք դարձած ամբողջ ցեղ մը, կ՛իրականացնէր մահապարտներու յատուկ գործողութիւն եւ օրը ցերեկով եւրոպական քաղաքներու պողոտաներուն վրայ գետին կը փռէր հայ ժողովուրդը ցեղասպանութեան ենթարկելու ծրագիրները մտայղացողները:

Առանց պետութիւն ըլլալու` պետական գործ կ՛իրականացնէր Դաշնակցութիւնը, առանց բանակ ըլլալու` բանակի մը բոլոր ստորաբաժանումներու գործառոյթները իր վրայ կը վերցնէր այս կուսակցութիւնը: Ու անընդհատ կ՛արտադրէր, կ՛արտադրէր հայրենիքի ու հայութեան ազատագրութեան դատին նուիրեալներ, անձնուրացներ, անմնացորդ ծառայողներ, որոնք առանց զինուորական արհեստավարժ կրթութիւն ստանալու, կ՛երդուէին` «… Իսկ եթէ հարկ ըլլայ նաեւ կեանքիս գնով ծառայել հայութեան եւ Հայաստանի ազատագրութեան դատին»:

Իսկ հարկ ըլլալու պարագային պէտք էր պատրաստ ըլլալ, պէտք էր վարժ ըլլալ զէնքի գործածութեան, զինուորէ մը ակնկալուած կարգապահութեան օրէնքներուն ենթակայ, առանց առարկելու, զինուորներու միջեւ բացարձակութեան հասնող, իրար կեանքեր փրկելու աստիճանի ընկերասէր, անդաւաճան եւ որեւէ շեղումի պարագային օրէնքի ամբողջ խստութեամբ պատժուելու հոգեպէս պատրաստ:

Ըսէք, ուրեմն, հիմա, ի՞նչով կը տարբերին դաշնակցականէ մը ակնկալուած այս բոլոր օրինաչափութիւնները, ռազմի դաշտի համար պատրաստուած արհեստավարժ զինուորին համար կիրարկուող միջազգային ռազմական օրէնքներէն:
Դաշնակցութիւնը բանակ է, այո՛, գաղափարակա՛ն բանակ, կազմակերպակա՛ն բանակ, շարքերո՛ւ բանակ, զինուորներո՛ւ բանակ, որ գիտէ ծառանալ ամէն վտանգի դէմ, որ կը սպառնայ հայութեան ու հայրենիքին: Դաշնակցութիւնը այն բանակն է, որ իր դէմ կը գտնէ ամէն պետութիւն, որ կը փորձէ ոտնահարել հայութեան իրաւունքները. Ամէն քաղաքական դէմք, որ կը յանդգնի վիրաւորել հայու արժանապատուութիւնը, ամէն շահագործող, որ կ՛ուզէ հարստութիւն կուտակել հայ ժողովուրդը շահագործելու միջոցով:

Դաշնակցական բանակը ցրուած է աշխարհի տարածքին եւ կը պաշտպանէ հայկական աշխարհի սահմանները: Հոն, ուր հայութիւն գոյութիւն ունի, հոն, ուր հայ համայնք կը կազմակերպուի, հոն, ուր հայ եկեղեցի, հայ դպրոց ու միութենական կեանք կը շնչէ, կ՛արարէ, կը ստեղծագործէ, պաշտպանուած է Դաշնակցութեան բանակներուն կողմէ:

Իսկ հիմա մտածենք, որ գաղափարական ի՛նչ ուժ կայ այդ բանակին զինուորագրուածներուն մօտ, որոնք այս կուսակցութեան մարտական նկարագիրը գիտեն չգերադասել անոր գաղափարական, քաղաքական, քարոզչական, մշակութային, կրթական, բարեսիրական ոլորտներէն: Այս նոյն զինուորները գիտեն նաեւ դառնալ գործիչ, մտաւորական, ուսուցիչ, դաստիարակ, հայ դպրոցին, հայ եկեղեցիին ծառայող կուսակցական` միշտ մնալով հաւատարիմ դաշնակցականի երդումին` «… Իսկ եթէ հարկ ըլլայ…

Այո՛, երբ հարկ եղաւ , հայկական դպրոցի շրջանաւարտը փութաց հագնելու Դաշնակցութեան բանակին համազգեստը` պահելու եւ պահպանելու համար կեդրոնական հանգամանք ունեցող լիբանանահայութեան հայահոծ թաղամասերը: Դաշնակցութեան պատանեկան եւ երիտասարդական շարքերուն մէջ գաղափարական մկրտութիւն ստացածները շատ արագ ստացան նաեւ իրենց կրակի մկրտութիւնը, եւ Դաշնակցութեան բանակը պաշտպանեց հայկական թաղամասերը, հայկական գիւղը, որպէսզի որեւէ ոչ հայկական ուժ կարենայ թափանցել մեր միջնաբերդներԷն ներս:

Կա՞յ աշխարհի տարածքին գործող որեւէ բանակ, նոյնիսկ եթէ ունի ամենաարդիական զինամթերքը, նոյնիսկ եթէ յագեցած է այսօրուան զինուորական ճարտարարուեստի ամենավերջին արհեստագիտութեամբ, որուն հրամանատարները, սպաներն ու զինուորները միաժամանակ շարքային քաղաքացի են, շարքային կուսակցական, շարքային գաղափարական, շարքային գործիչ , որոնց պայքարը միայն զինական բնոյթ չունի, որոնց համար զէնքը միջոց է գաղափարի պաշտպանութեան համար, եւ որոնց համար յեղափոխութիւնը ուղղուած է միայն արտաքին թշնամիին դէմ: Դաշնակցութիւնն է, որ յաջողած է համատեղել իր ամենաժողովրդավար սկզբունքներն ու կառոյցը իբրեւ կազմակերպութիւն եւ իր մարտական նկարագիրը իբրեւ կարգապահ բանակէ մը ակնկալուած բոլոր օրինաչափութիւններով գործող բաժանմունք:

Այսօր մեր պետութեան առջեւ, իբրեւ հրամայական, դրուած է ազգ-բանակ հասկացողութիւնը իրականութեան վերածելու առաջադրանքը: Ազգ-բանակը քաղաքագիտութեան մէջ իբրեւ գործնական օրինակներ կը վերցնէ պատերազմական կամ կիսապատերազմական իրավիճակի մէջ գտնուող երկիրներու պարագային կիրարկուած դրութիւնը:

Արցախի կամ Հայաստանի Հանրապետութեան պարագային, երբ ցամաքային առումով թէ՛ Թուրքիան եւ թէ՛ Ազրպէյճանը շրջափակած են մեր հայրենիքը, երբ Պաքուն ոչ միայն Արցախի հետ շփման գիծերուն վրայ, այլ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան հետ պետական սահմաններու երկայնքին կը կատարէ ոտնձգութիւններ, ներթափանցման գործողութիւններ, դիպուկահարներ գործի կը լծէ ոչ միայն հայկական դիրքերու վրայ հսկող զինուորներու, այլ նաեւ անզէն բնակչութեան դէմ, ապա աւելի անհրաժեշտութիւն կը դառնայ ազգ-բանակ հասկացողութեան շօշափելի, ամէնօրեայ դրոյթի վերածուիլը:

Այս հասկացողութիւնը կը բացատրուի նաեւ քաղաքացիական եւ ռազմական մտածողութիւններու համատեղումով: Իրավիճակի լրջութիւնը, ճակատագրական ըլլալը այնքան սուր կերպով կը զգացուի, որ քաղաքացին եւ զինուորը իբրեւ մտածելակերպ կը նոյնանան: Յատկապէս սահմանամերձ շրջաններու մէջ ապրող մարդը, երբ կը զգայ թշնամիին կողմէ անմիջական վտանգը, իր ընտանիքին, իր ինչքին,իր ապահովութեան պահպանման, իր հայրենիքի հողին անձեռնմխելիութեան համար ծայրայեղօրէն տրամադրուած կ՛ըլլայ պաշտպանութեան գործին լծուելու, զինուորագրելու: Այստեղ արդէն որեւէ իմաստ չ՛ունենար, որ ժամկէտային թէ պայմանագրային ծառայութեան խնդիր դրուած է: Այստեղ հայ մարդը զինուոր է` միայն սահմանամերձ շրջաններու մէջ ապրելով իսկ:

Հակառակորդի կողմէ սանձազերծուած ապրիլեան քառօրեայ պատերազմը փաստեց, որ միայն սահմանամերձ շրջաններու բնակիչը չէ, որ վտանգուած է, այլ ամբողջ հայրենիքի բնակչութիւնը եւ այդ ճամբով նաեւ` ամբողջ հայութիւնը: Ամբողջ հայութիւնը ազգ-բանակ միաւորի վերածելու խնդիր կայ այսօր մեր առջեւ դրուած: Պուտափեշտի մէջ հայ սպայի կացինահարումը, Թալիշի մէջ հայ ծերունիներու դէմ գործադրուած մարմնական անդամահատումները, հայ գերեվարուած զինուորներու գլխատումները կը փաստեն ու կը համոզեն, որ մենք իբրեւ հայկական կողմ` գործ ունինք ահաբեկչական պետութեան մը ամենավայրագ ու ամենաայլանդակ հրոսակախումբերու հետ, որոնք ոչ միայն չեն յարգեր պատերազմներու վերաբերող միջազգային օրէնքները, այլ ռազմական յանցագործութիւններու կը դիմեն ամէն առիթի:

Պուտափեշտի անասնային կացինահարումը իրականացուցած ազրպէյճանցի զինուորին արտայանձնումն ու հերոսացումը, Թալիշի մէջ կատարուած անմարդկային արարքներու միջազգային գնահատականի չարաժանանալը, ու տակաւին, վարժողական ծրագիր իրականացնող հայկական ուղղաթիռի խոցումը եւ ազրպէյճանական զինեալ ուժերուն կողմէ հայկական աճիւններուն հայկական կողմին յանձնելու մերժումը եւ այս բոլորին դիմաց միջազգային ընտանիքի անզօրութիւնը կը վերահամոզեն բոլորս, որ մենք, այո՛, ազգ -բանակի վերածուելու բոլոր պատճառները ունինք: Հիմնովին մերժելով, սակայն, բանակի ուժին ու զէնքին տալու ներքին ուղղութիւն, բացառելով պետական որեւէ հաստատութեան գրաւում, պատանդառում եւ պայմանաժամային մարտահրաւէրներով սպառնական ոճ, որ ոչ միայն կը խախտէ ներազգային անդորրութիւնը, այլ նաեւ կը սրէ արտաքին թշնամիի ախորժակները:

Հայ ազգը միայն Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի մէջ բնակող հայը չէ. Ազգի աշխարհագրութիւնը աշխարհատարած է , հետեւաբար այդ բանակին զինուորագրեալներուն թիւը եւս պիտի ամրագրէ նկատելի ընդլայնուածութիւն: Ազգ-բանակ հայեցակարգին մէջ պիտի ներառուին նաեւ Լիբանանի հայ համայնքի անվտանգութիւնը ստանձնած տղաքը, հայկական Հալէպի սահմաններուն հսկող հերոսները, Այնճարի դիրքերուն վրայ պահակութիւն կատարող ընկերները եւ բոլոր անոնք, որոնք հայրենիքէն հեռու, սակայն հայրենիքին համար զինուորագրուած են եւ կը գործեն զինուորէ մը ակնկալուած կարգապահութեամբ, օրէնքով, կենսակերպով:

Շրջահայեաց ներազգային դիտարկումը պիտի համոզէ բոլորը, որ ազգ -բանակ հասկացողութիւնը 1890-էն սկսեալ ամենայաջող կերպով եւ ամենափայլուն կատարողականութեամբ իրականացուցած է հայ ազատագրական շարժման առաջնորդ կուսակցութիւնը` Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը:

Գիւղացիէն զինուոր, աշակերտէն սպայ, գործիչէն ու մտաւորականէն հրամանատար եւ ժողովուրդէն ֆետայական խումբեր կերտած այս կուսակցութիւնն է, որ յաջողած է ազգ-բանակ կերտել, եւ ի վերջոյ փրկել Հայաստանի Հանրապետութիւնը: Ազգ-բանակ գաղափարական այս համատեղումն է, որ Սարդարապատի եւ միւս դիւցազնադաշտերուն վրայ յաջողած է կասեցնել թշնամիին բանակները: Այն թշնամիին, որ Հայոց ցեղասպանութենէն միայն երեք տարի ետք, ամայացնելէ ետք Արեւմտահայաստանը եւ կոտորելէ ետք արեւմտահայութիւնը, այս անգամ կը սպառնար արեւելահայութեան եւ Արեւելահայաստանին:

Ազգ-բանակի ամէնէն իրական, ամէնէն գործնական ամէնէն հրաշալի իրացումը Սարդարապատն էր եւ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան գոյացումը: Անոր հիմնադիրներէն առաջնային դէմքը թէ՛ կառավարիչ էր, թէ՛ պետական գործերը վերահսկող, թէ՛ մարտի դաշտ ղեկավարող: Ազգընտիր տիքթաթոր եւ ընդհանուր հրամանատար միաժամանակ: Ազգ-բանակի անձնական խորհրդանիշ:

Պատմական այս փորձը լիարժէք գնահատելու եւ Դաշնակցութեան կուտակած փորձառութիւնը այսօրուան պայմաններուն մէջ կիրարկելու անյետաձգելի հրամայականին առջեւ ենք: Շուտով ազգովին պիտի պատրաստուինք նշելու Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հարիւրամեակը:

Այս անգնահատելի պատմակերտ հանգրուանին ճիշդ ու գիտական արժեւորումը պիտի կատարէ հայ քաղաքական եւ զինուորական միտքը: Զինուորական, քաղաքացիական ու քաղաքական մտածողութիւններու համատեղումով միաձոյլ միաւորներ ստեղծելու անհրաժշտութիւնը կը շեշտուի ու կը վերաշեշտուի ամէ՛ն անգամ, որ մենք սահմանին զինուոր զոհ կու տանք, ամէ՛ն անգամ, որ մեր սահմանամերձ գիւղերը կը ռմբակոծուին, ամէ՛ն անգամ, որ թշնամին ներթափանցման գործողութեան փորձ կը կատարէ:

Հայրենիքի դէմ կատարուող յարձակման փորձերուն եւ յատկապէս արցախեան պատերազմին ընթացքին հայութիւնը փաստեց, որ գիտէ միաւորուիլ, գիտէ փութալ` կողք կողքի դիրքեր ապահովելու համար խրամատներու մէջ: Ազգ-բանակը, սակայն, նաեւ միայն ճգնաժամի պահերուն միաւորման մասին չի յուշեր: Ազգ- բանակը համեմատաբար խաղաղ պայմաններու մէջ նախապատրաստուելով զգօն, սթափ եւ զինուորապէս պատրաստ ըլլալու հրամայականը կը շեշտէ նաեւ ժողովրդային մակարդակի վրայ:

Ահա թէ ինչո՛ւ Դաշնակցութեան նախաձեռնողականութեամբ այսօր , ապրիլեան քառօրեայ պատերազմէն ետք անհրաժեշտութիւնը ստեղծուեցաւ եւ կազմակերպուեցան կամաւորներու հաւաքագրումն ու պաշտպանութեան նախարարութեան հետ համակարգուած զինուորական դասընթացքները:

Փաստօրէն դարաւոր աւանդութեան տէր մնալով` Դաշնակցութիւնը հետեւողականօրէն կը շարունակէ ազգ-բանակ միաւորով հայրենիքի սահմանները պաշտպանելու յանձնառութիւնը:

Դաշնակցութեան անկեղծ զինուորները ուխտած էին ծառայել երկար ժամանակ: Այդ երկար ժամանակը ահաւասիկ 126 տարի է, եւ բոլոր պատճառները կը համոզեն, որ ծառայութեան այդ ժամանակը տակաւին պիտի շարունակուի անժամանակ, մինչեւ այն ատեն, որ հայ ժողովուրդը պիտի շարունակէ զգալ այս կուսակցութեան ծառայութեան անհրաժեշտութիւնը:

Շահան Գանտահարեան

Տպել Տպել