Հայ Դատը Եւ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը Կարծիքներ Կը Փոխանակեն Հայ-Ամերիկեան Առեւտրական Կապերուն Շուրջ

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ դիւանագիտական ջանքերը համացանցին միջոցաւ ընդարձակելու շուրջ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան աշխատանքներուն ծիրէն ներս, «Ֆէյսպուք»ի միջոցաւ կարծիքներու փոխանակում տեղի ունեցած է Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարիչ Արամ Համբարեանի եւ Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Միլզի միջեւ. ընթացքին շեշտուած է հայ-ամերիկեան առեւտրական կապերը ամրապնդելու եւ ներդրումներու ջանքերը զարգացնելու կարեւորութիւնը:

Նաեւ, քննարկուած են յատկապէս Հայ Դատի սահմանած երեք առաջնահերթութիւնները՝ կրկնակի տուրքերու կանխարգիլումը ապահովող հարկային նոր պայմանագիր, Հայաստանի դպրոցներուն մէջ գիտութիւնը, ճարտարագիտութիւնը եւ ուսողութիւնը զարգացնելու համար յատուկ գումարներու տրամադրում՝ «Հազարամեակի մարտահրաւէրներ» ծրագիրին միջոցով, եւ Լոս Անճելըսէն Երեւան օդանաւային ուղիղ թռիչքներու հաստատում:

Կարծիքներու փոխանակման ամբողջական պատճէնը կարելի է կարդալ http://asbarez.com/159958 կայքին վրայ։

Նշենք, որ Հայ Դատը այս նպատակով պատրաստած է քոնկրեսականներու հասցէագրուած դիմումնագիր մը, որմէ օրինակներ կարելի է ուղարկել ձեր շրջանի քոնկրեսականներուն։ Անիկա հասանելի է www.anca.org/trade հասցէով:

Նաեւ, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ Այտա Տիմէճեանի կողմէ պատրաստուած է կրկնակի տուրքերու կանխարգիլումը ապահովող համաձայնագիրի մը կարեւորութեան մասին տեսանիւթ, զոր կարելի է դիտել https://youtu.be/IrGfpWhMP64 կայքին վրայ։

asbarez.com

Տպել Տպել