«Ա­զատ Օր»ի նո­րո­գո­ւած կայ­քէ­ջ

Մեր թեր­թի հա­մա­ցան­ցա­յին է­ջի (www.azator.gr) այ­ցե­լու­նե­րը,1 ­Յու­նո­ւար 2017էն սկսեալ, ար­դէն վար­ժո­ւած են տես­նե­լու նո­րո­գո­ւած մեր կայ­քէ­ջին մէջ հրա­տա­րա­կո­ւած նիւ­թե­րը։ Ա՛յն, որ մեր այ­ցե­լու­նե­րուն հա­մար շատ հե­տաքրք­րա­կան եւ ու­սում­նա­սի­րե­լի է, հրա­պա­րա­կո­ւած տո­ւեալ­ներն են, որ կը փո­խան­ցո­ւին խմբագ­րու­թեան կող­մէ՝ նոր կայ­քէ­ջի ըն­ձե­ռած հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն մի­ջո­ցաւ։
Այդ­պէ՛ս, 1-31 ­Յու­նո­ւար 2017ին, մէկ ամ­սո­ւան ըն­թաց­քին, կայ­քէ­ջը 8255 հո­գիի այ­ցե­լու­թիւ­նը ա­պա­հո­ված է (ըստ հա­մա­կար­գիչ­նե­րու IP տար­բեր հաս­ցէ­նե­րու), ո­րոնք ա­ւե­լի քան 21.000 «քլիք» կա­տա­րած են, հրա­տա­րա­կո­ւած նիւ­թե­րուն վրայ։

Հե­տաքրք­րա­կան տո­ւեալ­նե­րու շար­քին կա­րե­լի է ար­ձա­նագ­րել նաեւ, թէ այ­ցե­լու­նե­րու աշ­խար­հագ­րա­կան բա­ժա­նու­մը բա­ւա­կան ըն­դար­ձակ է։

Յու­նաս­տա­նէն՝ 3667 հո­գի, Ֆ­րան­սա­յէն՝ 1103 (­Փա­րի­զէն յատ­կա­պէս 962), Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րէն՝ 889, ­Հա­յաս­տա­նէն՝ 576, ­Լի­բա­նա­նէն՝ 237։ Այդ եր­կիր­նե­րու շար­քին, թէեւ այ­ցե­լու­նե­րու փոքր թի­ւե­րով, կա­րե­լի է տես­նել ­Պանկ­լա­տէ­շը, ­Հո­լան­տան, Սու­րիան, Աւստ­րա­լիան, Անգ­լիան, ­Մեք­սի­քոն, Ին­տո­նէ­զիան, Ատրպէյ­ճա­նը, Գեր­մա­նիան, ­Ռու­սաս­տա­նը, ­Թուր­քիան, ­Կիպ­րո­սը ե­ւայլն։
Յա­ւե­լեալ նշենք, թէ տա­րի­քա­յին բա­ժա­նում­նե­րը եւս ու­սում­նա­սի­րե­լի պատ­կեր կը ներ­կա­յաց­նեն։ Այս­պէ՛ս. 25-34 տա­րե­կան մար­դոց խում­բը ա­մէ­նէն բարձր ցու­ցա­նի­շը կազ­մած է՝ 33,50 առ հա­րիւ­րով։ ­Կը յա­ջոր­դէ 18-24 տա­րե­կան մար­դոց խում­բը՝ 27,50 առ հա­րիւ­րով։

Մեր այ­ցե­լու­նե­րէն մաս մըն ալ «Ա­զատ Օր»ի կայ­քէ­ջին հա­սած է մեր պաշ­տօ­նա­կից թեր­թե­րու յղում­նե­րուն մի­ջո­ցաւ, ուր ա­ռա­ջին կար­գին են ­Գա­նա­տա­յի «­Հո­րի­զոն» շա­բա­թա­թեր­թէն ե­կած յղում­նե­րը, ա­պա՝ ­Հա­յաս­տա­նի «Եր­կիր ­Մե­տիա»ն։

Ինչ կը վե­րա­բե­րի ­Յու­նաս­տա­նի տա­րած­քին բա­ցա­յայ­տո­ւած թի­ւե­րուն՝ ը­սենք, թէ Ա­թէն­քէն 1726 այ­ցե­լու ե­ղած է, ­Գո­քի­նիա-­Փի­րէա՝ 393, Ա­խար­նէ՝ 147, ­Նէա Է­րիթ­րէա՝ 59, Փե­րիս­թե­րի՝ 32, ­Գո­զա­նի՝ 20, ­Քիլ­քիս՝ 8։ Այ­ցե­լու­նե­րու փոքր թի­ւեր կը տես­նենք նաեւ Խա­նիա, Ի­րաք­լիօ, ­Խիոս, ­Քաս­թո­րիա, ­Քեր­քի­րա, ­Քոս, Թ­րի­քա­լա ե­ւայլն։

Ար­դիա­կա­նու­թեան եւ ար­հես­տա­գի­տա­կան նո­րա­րա­րու­թեան ըն­ձե­ռած հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը վստա­հա­բար լաւ գոր­ծիք մըն են մեր ըն­թեր­ցող­նե­րու ձեռ­քին եւ գո­հու­նա­կու­թեամբ կը նշենք այս տո­ւեա­լը։ Խմ­բագ­րու­թիւն-ըն­թեր­ցող մեր կա­պը պահ­պա­նե­լու ե­լեկտ­րո­նա­յին այս ձե­ւը՝ լաւ ու խոստմ­նա­լից սկիզբ մը կը նկա­տենք, ո­րու զար­գաց­ման վրայ ան­շուշտ յա­ւե­լեալ ճի­գեր պի­տի գոր­ծադ­րէ խմբագ­րու­թիւ­նը։

azator.gr

Տպել Տպել