Այցելութիւն Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, այցելեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Կեդրոնական կոմիտէի ընկերներ Յակոբ Հաւաթեան, Մելիք Գարագաւորեան եւ Ֆանարի շրջանի «Է. Ակնունի» կոմիտէի ներկայացուցիչ Րաֆֆի Տեմիրճեան:

Հանդիպումի ընթացքին Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւնը վեհափառ հօր ներկայացուց ՀՅԴ 126-ամեակին առիթով կուսակցութեան յայտարարած առաջադրանքները, որոնց կարգին` հայեցի ինքնութեան պահպանման համար հաստատուած հիմնադրամներուն ծրագիրը:

Քննութեան նիւթ դարձան Լիբանանի հայ համայնքին հետ առնչուող զանազան խնդիրներ, որոնց կարգին` երիտասարդութեան տագնապը, բնակարանային ծրագիրները, եւ կրթական հարցեր:

aztagdaily.com

Տպել Տպել