Ֆրանսուա Հոլլանտ. «Կոտորածներու Ուրացումը Կը Նշանակէ` Արտօնել Նման Կոտորածներու Կրկնութիւնը» Պարգեւատրուեցաւ Շահան Արք. Սարգիսեան

Չորեքշաբթի, 8 փետրուարի երեկոյեան Փարիզի մէջ տեղի ունեցաւ Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի 4-րդ տարեկան ընթրիքը, որուն ներկայ գտնուած են Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ, Ֆրանսայի պետական նախարարներ, շրջանային եւ քաղաքական բազմաթիւ անձնաւորութիւններ, իրաւաբաններ, յայտնի լրագրողներ եւ արուեստագէտներ: Քաղաքական բարձրաստիճան դէմքերէն յիշենք հանրապետութեան նախագահութեան ընկերվարականներու թեկնածու Պենուա Ամոն, Եւրոպական հարցերու պետական քարտուղար Հարլեմ Տեզիր, Փարիզի քաղաքապետ Անն Հիտալկօ, Փարիզի Շրջանային խորհուրդի նախագահ Վալերի Փեքրես, Հօ-տը-Սենի Նահանգային խորհուրդի նախագահ Փաթրիք Տէվէճեան, Լիւք Քարվունաս, Ֆիլիփ Քալթընպախ, Ֆրանսուա Ռոշպլուան, Վալերի Պուայէ, Ռընէ Ռուքէ… Հոն էին նաեւ արուեստի աշխարհի հանրածանօթ մեծ թիւով անձնաւորութիւններ, ինչպէս Շարլ Ազնաւուր, Անտրէ Մանուկեան, Ռոպեր Քէշիշեան, Լիզ Սարեան եւ այլք:

Ընթրիքին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ ըսած է. «Երէկուան կոտորածները ուրանալ, կը նշանակէ ապագային արտօնել նման կոտորածներ»` անդրադառնալով Ֆրանսայի Սահմանադրական խորհուրդին վերջերս տուած վճիռին, որ հակասահմանադրական ճանչցաւ «Հաւասարութեան եւ քաղաքացիութեան մասին» օրէնքի բարեփոխուած տարբերակին մէջ ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնող դրոյթները:

«Կ՛ողջունեմ Ժան Փոլ Քոսթայի կողմէ կատարուած աշխատանքին որակը», նշած է Ֆրանսայի նախագահը: Յայտնենք, որ Քոսթա «Հաւասարութեան եւ քաղաքացիութեան մասին» օրէնքին մէջ նշեալ փոփոխութիւններուն հեղինակն էր:

Նախագահ Հոլլանտ աւելցուցած է, թէ անհրաժեշտ է Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնելու նպատակով ջանքերը շարունակել, քանի որ այս պայքարը ճշմարտութեան համար տարուող կենսական պայքար մըն է:

Նախագահը յիշեցուցած է, որ Ֆրանսայի կրթութեան նախարար Նաճաթ Վալոտ Պելքասեմի եւ պատմաբան Վենսեն Տիւքլերի համանախագահութեամբ ստեղծուած է առաքելութիւն մը, որուն նպատակն է որդեգրել բոլոր ցեղասպանութիւններուն ու պատերազմի յանցագործութիւններուն, ներառեալ` Հայոց ցեղասպանութիւնը, յիշատակի օր մը:

Անդրադառնալով հայ-ֆրանսական յարաբերութիւններուն` Հոլլանտ յիշեցուցած է, որ 2017-ը 25-ամեակն է Հայաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման: «Հրաւիրած եմ նախագահ Սարգսեանը` պաշտօնական այցելութիւն մը կատարելու Փարիզ: Այցելութիւնը տեղի պիտի ունենայ 8 մարտին` Կիներու տօնին օրը: Ատիկա առիթ պիտի ըլլայ անդրադառնալու տնտեսական եւ մշակութային յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ` համալսարանական համագործակցութեան: Միաժամանակ, պիտի քննարկենք Լեռնային Ղարաբաղի հարցը, քանի որ Ֆրանսա այս հարցով առանձնայատուկ պատասխանատուութիւն ունի: Այս տագնապին լուծում գտնելը հրատապ հարց է», շեշտած է Ֆրանսայի նախագահը:

Եզրափակելով խօսքը` ան բարձր գնահատած է նաեւ Ֆրանսայի հայ համայնքին դերը: «Հոս կը խօսինք Ֆրանսայի լաւագոյն մասին հետ, քանի որ դուք Ֆրանսայի լաւագոյններն էք: Նոյնիսկ մայիսէն ետք, ես միշտ պիտի ըլլամ ձեր կողքին, ինչպէս որ մի՛շտ ալ եղած եմ: Չեմ ունենար նոյն պատասխանատուութիւնը, սակայն կ՛ունենամ նոյն համոզումները», ըսած է Հոլլանտ:

Ընթրիքին ընթացքին Թորանեան եւ Փափազեան շքանշան յանձնեցին նաեւ այս առիթով Սուրիայէն յատկապէս հրաւիրուած Բերիոյ թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանին: Անոր միջոցով Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդ»-ը ուզած էր պատուել համայն հալէպահայութիւնը: Ցուցադրուեցաւ այդ համայնքի ապրած դժուարութիւններուն եւ վերականգնումի ճիգերուն նուիրուած կարճ տեսանիւթ մը, որմէ ետք ֆրանսերէնով ելոյթ ունեցաւ առաջնորդը: Ան իր խօսքը ձօնեց «իւրաքանչիւր սուրիահայու, այդ բարբարոսութեան անմեղ զոհերուն եւ տառապող վիրաւորներուն: Բայց նաեւ հայ համայնքի դերակատարներուն, որոնք իրենց կեանքը վտանգելով` շարունակեցին իրենց կրթական, մարդասիրական, մշակութային կամ քաղաքական գործունէութիւնը. մեր երիտասարդներուն, որոնք անապահովութեան ընդհանուր մթնոլորտի մէջ` տիւ եւ գիշեր պաշտպանեցին մեր թաղամասերը»: Հալէպի առաջնորդին ցնցիչ ճառը արժանացաւ յոտնկայս ծափահարութեան:

aztagdaily.com

Տպել Տպել