Ակնարկ. Աւանդական Ընտրութեան Եւ Նորացուած Քուէարկութեան Արանքին

Համապետական հերթական ընտրութիւններու սեմին է Հայաստանի Հանրապետութիւնը: Հերթականը այս պարագային, պարզապէս խորհրդարանի ժամկէտի աւարտին, իր ատենին ընտրութիւններ կազմակերպելու բնութագիր է, ըստ կարգի եւ ըստ ձեւի, քան ըստ էութեան:

Խորքին մէջ նոր համակարգի` խորհրդարանական համակարգի առաջին ընտրութիւններն են, որոնք կը կազմակերպուին: Այս խորհրդարանը հետզհետէ կը ստանձնէ նորացուած սահմանադրութեամբ իրեն վերապահուած լիազօրութիւնները: Այլ խօսքով, ընտրելի Ազգային ժողովը մինչեւ 1918 կ՛իրականացնէ այն բոլոր գործառոյթները, որոնք հետզհետէ գործող Սահմանադրութիւն վերածուող գերագոյն իրաւաթուղթով վերապահուած են իրեն. այն բոլորը, որոնք չեն հակասեր գործող նախագահին լիազօրութիւններուն:

Խորհրդարանական համակարգին անցում կատարած մեր երկրին առաջին խորհրդարանն է, որ կ՛ընտրուի այս ձեւով, հետեւաբար քաղաքական գիտակցութիւնը գերակայ պիտի ըլլայ այս առումով:

Այն բոլոր ուժերը, որոնք կտրուկ դէմ էին կառավարման համակարգի փոփոխութեան, որոնք գործող իշխանութիւններու վերարտադրութեան միակ շարժառիթը կը տեսնէին այս բոլորին մէջ, այսօր արդէն շատ աշխուժ մասնակից են ընտրութիւններուն:

Եթէ մէկ կողմէ կայ այն տեսակէտը, որ համակարգի փոփոխութեան դէմ եղող ուժը չի կրնար կրաւորական դիտել ընտրական գործընթացները, եթէ կ՛ուզէ ազդեցիկ դառնալ քաղաքականութեան վրայ, միւս կողմէ կայ նաեւ գիտակցական մօտեցում, որ նոր սահմանադրութեամբ ճշդուած ընդդիմութեան տրուող դերով, կայ հնարաւորութիւն ազդելու երկրի թէ՛ ներքին եւ թէ՛ արտաքին քաղաքականութիւններուն վրայ: Ներկայ պայմաններուն մէջ բացառուած է այլեւս միակուսակցական կամ միանձնեայ ղեկավարումը: Համախոհական կառավարութեան կազմութիւնը գրեթէ անխուսափելի է եւ քաղաքագիտական ընկալումով պարտադիր-օրինաչափ:

Անկախ այն իրողութենէն, որ կազմուող-քանդուող դաշինքներուն մէջ երբեմն կը բացակայի սկզբունքայնութիւնը եւ յաճախ կ՛ընդգծուի քաղաքական ծրագրի բացակայութիւնը եւ անկախ անկէ մանաւանդ, որ ռէյթինկային բաժնին ներառումը ընտրակարգին մէջ, ըստ էութեան կը խախտէ հարիւր առ հարիւր համամասնական դրութիւնը, այսուհանդերձ պէտք է կեդրոնանալ ստեղծուած եռուզեռին վրայ:

Բանակցութիւններ, համաձայնութիւններ, բանավէճեր եւ ընտրական պայմանաւորուածութիւններ` կ՛ընդգծեն նորացուած սահմանադրութեան բերած նորարարութիւնը, ընտրական նոր մշակոյթը, ինչ որ նաեւ առաջադրանք էր կառավարման համակարգի փոփոխութիւնը առաջադրող ուժերուն համար:

Համամասնական ընտրացանկերու հետզհետէ հրապարակումը այն տպաւորութիւնը կը ձգէ, որ կուսակցական, եւ առ այդ` այս պարագային խորհրդարանական դաշտի գրագիտացման գործընթացը իրագործելի առաջադրանք է յատկապէս իշխող կուսակցութեան եւ ընդհանրապէս ընտրութիւններուն մասնակցող ուժերուն համար: Ռէյտինկային ընտրակարգը կը ստուերէ այդ միտումը` տրուած ըլլալով, որ այդ ընտրակարգով առաջադրուողներուն քուէահաւաքի դերը չի կրնար իրականանալ զուտ գաղափարական-քաղաքական աշխատանքներով, բնականաբար տեղի տալով լծակային գործօնի գերակայութեան:

Սակայն այս բոլորով հանդերձ, անպայման պէտք է տեսնել բաժակին կիսալեցուն բաժինը եւ հաստատել, որ մենք` իբրեւ հանրապետութիւն, քայլ մը առաջ ենք դէպի ժողովրդավարական ընտրութիւններ կայացնելու ուղիին վրայ: Անշուշտ գործընթացը ունի քաղաքական հնչեղութիւն եւ պատահական չէ, որ Եւրոպական միութեան կառոյցները դրական գնահատականներ տալով փուլ առ փուլ զուգահեռ շարժումի մէջ կը տեղադրեն Եւրոպական Միութեան հետ նոր փաստաթուղթի ստորագրման գործընթացը` ընտրական իւրաքանչիւր նորարար միջոցի որդեգրման հետեւելով եւ համապատասխան արձագանգ ունենալով պաշտօնապէս:

Պետութեան ճիգը ակներեւ է ընտրութեան օրը աշխարհին ներկայանալու ժամանակակից, թափանցիկ եւ առաւելագոյն չափով անառարկելի: Սակայն մինչեւ քուէատուփ հասնիլը ստուերը գործելու, զանգուածային քուէն ուղղորդելու աւանդական միջոցները բանեցնելու նախադրեալները կը համոզեն, որ բուն ընտրութիւնը այս պայմաններուն մէջ կրնայ կայանալ նախքան քուէարկութիւնը:

Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը, նորացուած ընտրակարգը հիմնականին մէջ կը հետապնդեն համակարգային փոփոխութիւն, իսկ համակարգային փոփոխութեան կայացման համար անհրաժեշտ է նաեւ արմատական փոփոխութիւն ըստ էութեան ընտրական մշակոյթի եւ ոչ թէ սոսկ քուէարկութեան միջոցառումի:

«Ա.»

aztagdaily.com

Տպել Տպել