5 ­Մարտ 1927. ­Լոյս աշ­խարհ ե­կաւ սփիւռ­քա­հայ մա­մու­լի դրօ­շա­կիր­նե­րէն «Ազ­դակ» օ­րա­թեր­թը

Մարտ 5ին կը լրա­նայ ծննդեան 90րդ ­տա­րե­դար­ձը հայ մա­մու­լի ե­րախ­տա­ւոր­նե­րէն՝ սփիւռ­քա­հայ լրա­գի­րի եւ դաշ­նակ­ցա­կան պաշ­տօ­նա­թեր­թի իւ­րա­յա­տուկ դրօ­շա­կիր «Ազ­դակ»ին։
Լի­բա­նա­նի հա­յու­թեան ծո­ցէն ծնաւ «Ազ­դակ» եւ ողն ու ծու­ծով ա­րիւ­նա­տար ե­րա­կը ե­ղաւ հայ­րե­նա­մերձ հա­յաշ­խար­հի կեն­սու­նակ այս գա­ղու­թին։

Բայց նաեւ իր մտա­ւո­րա­կան կո­չու­մով, գա­ղա­փա­րա­կան ներշն­չու­մով ու հրա­պա­րա­կագ­րա­կան ներդ­րու­մով՝ «Ազ­դակ» չսահ­մա­նա­փա­կո­ւե­ցաւ ­Լի­բա­նա­նի սահ­ման­նե­րով։ Ոչ միայն հա­մաս­փիւռ­քեան, այ­լեւ հա­մա­հայ­կա­կան իր բա­բա­խու­մով՝ հա­մայն հա­յու­թեան շար­ժիչ ու­ժե­րէն ե­ղաւ ան՝ այ­սօր իր 90ա­մեա­կը տօ­նող դաշ­նակ­ցա­կան մա­մու­լի յա­ռա­ջա­պա­հը։

Դաշ­նակ­ցա­կան «խենթ» մը՝ ազ­գա­յին եւ կու­սակ­ցա­կան բազ­մա­վաս­տակ գոր­ծիչ ­Հայկ Պա­լեան 5 ­Մարտ 1927 հի­մը դրաւ սե­փա­կան թեր­թի մը, որ կարճ ժա­մա­նակ «­Փիւ­նիկ» ա­նու­նով լոյս տես­նե­լէ ետք՝ վերջ­նա­կա­նա­պէս մկրտո­ւե­ցաւ «Ազ­դակ» եւ, իբ­րեւ այդ­պի­սին, փա­ռա­ւոր իր տե­ղը գտաւ հայ մա­մու­լի ոս­կե­մա­տեա­նին մէջ։

Մին­չեւ Երկ­րորդ Աշ­խար­հա­մար­տի ա­ւար­տը, հայ­րե­նա­մերձ գօ­տիի հա­յօ­ճախ­նե­րու տա­րած­քին, դաշ­նակ­ցա­կան մա­մու­լի դրօ­շը բարձր պար­զած՝ «Ազ­դակ» հաս­տա­տա­կա­մօ­րէն կան­գուն մնաց յա­ռա­ջա­պահ դիր­քե­րու վրայ՝ ­Թեհ­րա­նի «Ա­լիք»ին, Գա­հի­րէի «­Յու­սա­բեր»ին եւ ­Հա­լէ­պի «Ա­րե­ւելք»ին հետ միա­սին։ ­Յատ­կա­պէս 1950ա­կան­նե­րու կէ­սե­րուն, երբ Ե­գիպ­տո­սի եւ ­Սու­րիոյ քա­ղա­քա­կան վե­րի­վայ­րում­ներն ու ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան Ա­թո­ռը գրա­ւե­լու խորհր­դա­յին տխրահռ­չակ ոտնձ­գու­թիւ­նը ցնցե­ցին Ա­րա­բա­կան Աշ­խարհն ու սփիւռ­քա­հայ կեան­քը, լի­բա­նա­հայ գա­ղու­թին հետ «Ազ­դակ» եւս ծան­րու­թեան կեդ­րո­նը դար­ձաւ ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի հա­յու­թեան եւ ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան կեան­քին։

90ա­մեայ իր հրա­տա­րա­կու­թեան շրջա­նին «Ազ­դակ»ի ա­ռա­ջին ոս­տու­մը ար­ձա­նագ­րո­ւե­ցաւ Բ. Աշ­խար­հա­մար­տի տա­րի­նե­րուն, երբ սկսաւ հրա­տա­րա­կու­թիւ­նը «Ազ­դակ ­Շա­բա­թօ­րեակ»ի, որ օ­րա­թեր­թին զու­գա­հեռ ինք­նար­ժէք պար­բե­րա­կան մը դար­ձաւ՝ թէ՛ իբ­րեւ «­Հա­մազ­գա­յի­նի ­Ճե­մա­րան»ին շուրջ խմբուած ­Հա­յաս­տա­նի Ան­կա­խու­թեան սե­րուն­դի վե­թե­րան դէմ­քե­րուն եւ ա­նոնց շուն­չով կազ­մա­ւո­րո­ւած նո­րա­յայտ մտա­ւո­րա­կան­նե­րու աշ­խոյժ ժա­մադ­րա­վայ­րը, թէ՛ իբ­րեւ լրա­գիր «Ազ­դակ»ին գա­ղա­փա­րա­կան թռիչք տո­ւող ու ազ­գա­յին-մշա­կու­թա­յին ար­ժէք­նե­րու ներշնչա­րան նկա­րա­գի­րը թրծող մտա­ւո­րա­կան բեմ։
Կա­րօ ­Սա­սու­նի եւ ­Մու­շեղ Իշ­խան, ­Նի­կոլ Աղ­բա­լեան եւ ­Կա­րօ ­Գէոր­գեան, ­Լե­ւոն ­Շանթ եւ Յ. ­Գե­ղարդ, ­Սի­մոն Վ­րա­ցեան եւ ­Բաբ­կէն ­Փա­փա­զեան կը գլխա­ւո­րեն, բայց չեն սպա­ռեր ա­նո­ւա­նա­ցան­կը այն փա­ղան­գին, որ 1940ա­կան­նե­րու երկ­րորդ կէ­սէն սկսեալ ճա­ռա­գայ­թող վե­րա­թար­մա­ցու­մի են­թար­կեց «Ազ­դակ»ը՝ ա­նոր դաշ­նակ­ցա­կան նկա­րա­գի­րը ար­մա­տա­ւո­րե­լով։
Եւ «Ազ­դակ» ա­րա­գըն­թաց վե­րել­քի իր ու­ղին հար­թեց տաս­նա­մեա­կէ տաս­նա­մեակ։ «­Շա­բա­թօ­րեակ»ը եր­կար չապ­րե­ցաւ, բայց նո­րո­վի ապ­րե­լու շունչ տո­ւաւ օ­րա­թերթ «Ազ­դակ»ին։ ­Հայկ ­Պա­լեան շա­րու­նա­կեց մնալ թեր­թին տէրն ու տնօ­րէ­նը, ­Տիգ­րան Ոս­կու­նիի եւ ­Պար­գեւ ­Շի­րի­նեա­նի (Հ­րազ­դան), իսկ ա­ւե­լի ետք ­Պօ­ղոս Ս­նա­պեա­նի, Սար­գիս ­Զէյթ­լեա­նի եւ ­Լե­ւոն ­Գար­մէ­նի օ­րի­նա­կով ե­րի­տա­սարդ ու­ժեր թար­մա­ցու­ցին թեր­թին անձ­նա­կազ­մը։

Ար­դէն ճամ­բան բա­ցո­ւած էր եւ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան օ­րո­ւան ղե­կա­վար մար­մին­նե­րը ա­ռանձ­նա­յա­տուկ կա­րե­ւո­րու­թեամբ լծո­ւե­ցան «Ազ­դակ»ը ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի դաշ­նակ­ցա­կան ա­ռա­ջա­տար պաշ­տօ­նա­թեր­թը դարձ­նե­լու աշ­խա­տան­քին։

Ք­սա­նե­րորդ դա­րու յի­սու­նա­կան­նե­րուն եւ վաթ­սու­նա­կան­նե­րուն՝ ոչ միայն ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի դաշ­նակ­ցա­կան մտա­ւո­րա­կա­նու­թեան ա­մէ­նօ­րեայ ժա­մադ­րա­վայ­րը դար­ձաւ «Ազ­դակ»ը, այ­լեւ՝ Հ.Յ.Դ. ­Լի­բա­նա­նի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէն, Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի հետ հա­մա­խոր­հուրդ, քայլ առ քայլ իր ձեռ­քը ա­ռաւ թեր­թին խմբագ­րա­կան եւ գա­ղա­փա­րա­կան ղե­կը։ 1965ին, ­Մեծ Ե­ղեռ­նի յիս­նա­մեա­կի ո­գե­ւո­րիչ ժա­մա­նակ­նե­րուն, Հայկ ­Պա­լեան պաշ­տօ­նա­պէս ­Դաշ­նակ­ցու­թեան յանձ­նեց ամ­բող­ջա­կան հո­գա­տա­րու­թիւ­նը իր սե­փա­կան… «զա­ւա­կը» հան­դի­սա­ցած թեր­թին։ «Ազ­դակ» իր երկ­րորդ եւ կա­րե­ւո­րա­գոյն ոս­տու­մը կա­տա­րեց 1970ին, երբ ձեռ­նար­կեց ա­մէ­նօ­րեայ (շա­բա­թը 6 օր) 8 է­ջով հրա­տա­րա­կու­թեան՝ անձ­նա­կազ­մա­յին, տպագ­րա­կան եւ տպա­րա­նա­յին ու հե­ռա­հա­ղոր­դակ­ցա­կան մի­ջոց­նե­րու ար­մա­տա­կան թար­մա­ցու­մով եւ ար­դիա­կա­նա­ցու­մով։
8է­ջեայ «Ազ­դակ»ը օ­րին յայտ­նու­թիւն մը ե­ղաւ հայ մա­մու­լի հա­մայն ըն­տա­նի­քէն ներս։

— ­Հայ կեան­քի ա­մէ­նօ­րեայ լրա­տուու­թեան դաշտ ստեղ­ծեց՝ հայ­րե­նի ոս­տան­նե­րէն մին­չեւ հե­ռա­ւոր Ա­մե­րի­կա­նե­րը ցրո­ւած հա­յու­թիւ­նը ներք­նա­պէս հա­ղոր­դա­կից դարձ­նե­լով եւ ի­րա­րու կա­պե­լով։
— Ար­դի հաս­կա­ցո­ղու­թեամբ մամ­լոյ հաս­տա­տու­թիւն դար­ձաւ՝ ե՛ւ անձ­նա­կազ­մով ու աշ­խա­տա­կից­նե­րու ցան­ցով, ե՛ւ տնտե­սա­կան ու տպագ­րա­կան ա­ռում­նե­րով ինք­նա­բաւ կա­ռոյ­ցի մը վե­րա­ծո­ւե­լով։
— ­Հայ ­Դա­տի պա­հան­ջա­տի­րու­թեան ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան եւ գա­ղա­փա­րա­կան-մտա­ւո­րա­կան խա­րոյ­կը վա­ռեց եւ ան­խոնջ լծո­ւե­ցաւ հա­յոց նո­րա­հաս սե­րունդ­նե­րու յե­ղա­փո­խա­կա­նաց­ման ու մար­տու­նա­կու­թեան կայ­ծե­րը վառ պա­հե­լու աշ­խա­տան­քին։

— Քն­նա­դա­տու­թեան եւ ինք­նաքն­նա­դա­տու­թեան ո­րակ ստեղ­ծեց եւ մշա­կու­թա­յին ու գե­ղա­րո­ւես­տա­կան ճա­շակ մշա­կեց։

— ­Հայ կեան­քը հու­նա­ւո­րող բազ­մա­զա­նու­թիւ­նը (յա­րա­նո­ւա­նա­կան, կու­սակ­ցա­կան եւ միու­թե­նա­կան) յար­գե­լու, անխտ­րա­կան ո­գիով քա­ջա­լե­րե­լու եւ, ա­մէ­նէն կա­րե­ւո­րը, փո­խա­դարձ հան­դուր­ժո­ղու­թեան ո­գին տա­րա­ծե­լու ան­փո­խա­րի­նե­լի ներդ­րու­մը ու­նե­ցաւ։

— ­Դաշ­նակ­ցա­կան մտքին վե­րա­դար­ձուց իր վա­րա­կիչ կեն­սու­նա­կու­թիւ­նը, որ այ­լա­պէս, Պաղ ­Պա­տե­րազ­մի տա­րի­նե­րուն եւ հայ կեան­քի սերն­դա­փո­խու­թեան հե­տե­ւան­քով՝ զգա­լի տե­ղա­տո­ւու­թեան մատ­նուած էր։
Այդ­պէ՛ս իր ա­ւան­դը վե­րա­նո­րո­գեց եւ նոր բար­ձունք նո­ւա­ճեց «Ազ­դակ» նոյ­նիսկ 1975էն յե­տոյ, երբ քա­ղա­քա­ցիա­կան ա­հա­ւոր եւ եր­կա­րա­տեւ պա­տե­րազ­մը զգետ­նեց ­Լի­բա­նանն ու ա­նոր հետ, բնա­կա­նա­բար, սփիւռ­քի հա­յու­թեան բա­բա­խուն սիր­տը։

Տաս­նա­մեակ­նե­րու վրայ եր­կա­րած ­Լի­բա­նա­նի քա­ղա­քա­ցիա­կան տագ­նա­պի ամ­բողջ տե­ւո­ղու­թեան, ի հե­ճուկս լի­բա­նա­հայ գա­ղու­թի ա­րիւ­նա­հո­սու­թեան, «Ազ­դակ» չընկր­կե­ցաւ եւ գա­ղու­թի պա­հա­պան հրեշ­տակ ­Մեր Տ­ղոց հետ կան­գուն մնաց գո­յա­տեւ­ման ու վե­րա­կանգն­ման ա­ռա­ջին դիր­քե­րուն վրայ, մին­չեւ որ ­Լի­բա­նա­նեան խա­ղա­ղու­թեան եւ հաշ­տու­թեան աս­տի­ճա­նա­կան հաս­տա­տու­մին հետ, սկսաւ դար­մա­նել վէր­քե­րը եւ նո­րո­վի կեն­սու­նա­կու­թեամբ վե­րա­կանգ­նիլ՝ հայ մա­մու­լի յա­ռա­ջա­պահ դիր­քե­րուն վրայ։

Այ­սօր 90ա­մեակն է «Ազ­դակ»ի, ո­րուն 21րդ ­դա­րու շուն­չով վե­րաշ­խու­ժաց­ման ի տես՝ պար­զա­պէս աշ­խար­հի չորս ծա­գե­րէն կ­՛ար­ժէ «Ծ­նունդդ շնոր­հա­ւոր» ը­սել եւ «­Բա­րի երթ» մաղ­թել ա­նոր ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը շա­րու­նա­կե­լու կո­չու­մին տէր կանգ­նած մե­րօ­րեայ նուի­րեալ­նե­րուն։

«Ազ­դակ»ը բարձր ու պայ­ծառ ճա­կատն է ամ­բող­ջա­կան ­Հա­յաս­տա­նի եւ ամ­բող­ջա­կան հա­յու­թեան տես­լա­կա­նով մին­չեւ վեր­ջին շունչ պայ­քա­րե­լու հա­ւա­քա­կան մեր ուխ­տին ու վճռա­կա­նու­թեան։

ն.

azator.gr

03/03/2017

Տպել Տպել