Հայ Քաղաքական Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչներու Հանդիպում

Երէկ, կէսօրին, հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու` ՍԴՀԿ-ի, ՀՅԴ-ի եւ ՌԱԿ-ի ներկայացուցիչները հանդիպում մը ունեցան Թէքէեան վարժարանին մէջ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկիրն ու գաղութը յուզող հարցեր: Հիմնական քննարկման նիւթ դարձան Հայոց ցեղասպանութեան 102-ամեակի ոգեկոչումներու նախապատրաստական աշխատանքները: Հանդիպումին մասնակիցները ընդգծեցին ոգեկոչումներուն համահայկական եւ համալիբանանեան բնոյթ եւ տարողութիւն տալու անհրաժեշտութիւնը:

aztagdaily.com

Տպել Տպել