Ակնարկ. Նորընտիր Խորհրդարանը` Աշխարհաքաղաքական Դիտանկիւններէ

Միացեալ Նահանգներու առայժմ մամուլի մակարդակի վրայ կատարած արձագանգը` հայաստանեան ընտրութիւններուն ուղղութեամբ ակնկալելիօրէն շատ դրական երանգներ պիտի չհաղորդէր. ցարդ հրապարակուածը ընտրութիւնները կը դիտարկէ իբրեւ ռուսամէտ իշխանութիւններու յաղթանակ, ինչ որ իր հերթին կը մեկնաբանուի իբրեւ Կովկասի մէջ ռուսական ազդեցութեան գօտիի յաւելեալ ամրակայման միջոց:

Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանութեան հրապարակած յայտարարութիւնը շատ զգուշաւոր էր որեւէ ձեւով չհակասելու ԵԱՀԿ-ի դիտորդական առաքելութեան հրապարակած յայտարարութեան:

Ինչպէս տեղեկատուական, այնպէս նաեւ դիտորդական արձագանգներն ու գնահատումները ունին հիմնականին մէջ քաղաքական առանցք եւ ենթաթեքսթ: Այնպէս ալ պէտք է ըմբռնել ԱՊՀ-ի դիտորդական առաքելութիւն իրականացնողներու գերդրական գնահատումները խորհրդարանական ընտրութիւններուն, որոնք կեդրոնացան յատկապէս ընտրատեղամասերուն մէջ կիրարկուած նորարար արհեստագիտութեան վրայ` ընդգծելով մեր երկրին առաջնայնութիւնը` նման մշակոյթ որդեգրելու եւ գործնականացնելու փաստը:

Քաղաքական գնահատումներու այս երկուցուցիչ օրինակները բաւարար են տեսնելու բեւեռացած մեկնաբանութիւնները հայաստանեան ընտրութիւններուն: Եւ անիրատեսական պիտի չըլլար խորհրդարանական ընտրութիւնները աշխարհաքաղաքական դիտանկիւններէ փորձել արժեւորելու: Ասիկա որեւէ ձեւով չի միտիր անշուշտ գերարժեւորելու ընտրական իրադարձութիւնը, այլ պարզապէս տարածաշրջանին մէջ գերտէրութիւններու ազդեցութեան գօտիներու ձեւաւորման ընդհանուր գործընթացը քաղաքականօրէն կարդալու: Խնդիրը, նոյն հայեցակէտով կովկասեան տարածաշրջանին մէջ Արեւմուտքին, Ռուսիոյ եւ այլ շահագրգիռ կողմերու քաղաքական ենթահողերու ձեւաւորման կը վերաբերի` աւելի լայն տեսադաշտի մէջ:

Այս բեւեռներէն զատ սակայն, կայ կարեւոր կողմ մը, որ Եւրոպան է, ինչ որ նաեւ մեր արտաքին քաղաքականութեան համար գերակայ անշրջանցելի ուղղութիւն է: Չմոռնանք, որ թէ՛ Սահմանադրութեան նորացման եւ թէ՛ նոր ընտրակարգի որդեգրման ընթացակարգին ամէնէն մօտէն հետեւողը եւրոպական համապատասխան շրջանակներն էին: Քայլ առ քայլ եւ փոփոխութիւն առ փոփոխութիւն գրեթէ ամէն ինչ համաձայնեցուած էր Վենետիկի յանձնաժողովին կողմէ:

Այժմ կեդրոնանանք Եւրոպական Միութեան պաշտօնական յայտարարութեան առանցքային կէտերուն վրայ` այնտեղ նկատելու համար Պրիւքսէլ-Երեւան յարաբերութիւններու ներկան ու հեռանկարը:

Ա. Ընդհանուր առմամբ առկայ էր յարգանք հիմնարար ազատութիւններու նկատմամբ: Այսուհանդերձ, ընտրութիւններուն վրայ ստուեր ձգած է արժանահաւատ այն տեղեկատուութիւնը, որ եղած են քուէներ գնելու դէպքեր, քաղաքացիական ծառայողներու եւ մասնաւոր հատուածի աշխատակիցներու նկատմամբ ճնշումներ, որոնք ալ իրենց հերթին յանգեցուցած են ընտրութիւններու նկատմամբ հանրային վստահութեան պակասի խորացման: Այնուամենայնիւ, ընտրութիւններու արդիւնքները կ՛արտացոլացնեն Հայաստանի ժողովուրդին կամքը:

Բ. Հակառակ անոր որ աննախադէպ քանակի միջազգային եւ տեղական դիտորդներու համար ստեղծուած էր աշխատանքային նպաստաւոր միջավայրը, միջազգային ոչ կառավարական կազմակերպութիւնները չէին հրաւիրուած դիտորդութիւն իրականացնելու` ի հակադրումն 1990 թուականի ԵԱՀԿ-ի քոփենհակընեան փաստաթուղթին:

Գ. Հակառակ որոշ ոչ նշանակալի թեքնիք խնդիրներու առկայութեան` դիտորդները արձանագրած են քուէատուփեր լեցնելու, բազմակի քուէարկութեան, քուէներու հաշուարկի եւ աղիւսակաւորման վերաբերեալ իրաւախախտումներու աւելի քիչ դէպքեր:

Եւրոպական Միութեան գնահատականները միանշանակ չեն. այս պարագային փոխանցուածէն աւելի էականը թէ՛ վերապահութիւններ եւ թէ՛ դրական յատկանիշներ փոխանցելու մեթոտաբանութեան կիրարկումն է: Ինչ որ կը նշանակէ, թէ յարաբերութիւններու զարգացման համար որոշ պայմանականութեան նախադրեալներ կան:

Բայց այս պայմանական մօտեցումներու փոխանցումներուն առընթեր կան բաժիններ, որոնք կը խօսին Եւրոպական Միութեան շահագրգռուածութեան մասին կովկասեան հանրապետութեան մը հետ յարաբերութիւնները շարունակելու եւ եւրոպական ենթահողը այդ առումով ձեւաւորելու:

Փաստօրէն Եւրոպական Միութեան բանբերը կը յայտնէր, որ Պրիւքսէլը, հետամուտ է Հայաստանի կայուն, ժողովրդավար եւ բարեկեցիկ ապագային: Ընտրական գործընթացներու ամփոփումէն ետք կ՛ակնկալենք աշխատիլ ժողովրդավարութեան սկզբունքներուն համապատասխան ընտրուած նոր խորհրդարանի եւ կառավարութեան հետ` ամրապնդելու քաղաքական երկխօսութիւնն ու շարունակելու Եւրոպական Միութեան օժանդակութիւնը ընկերային-տնտեսական ոլորտի բարեփոխումներուն` հիմք ընդունելով վերջերս նախաստորագրուած Եւրոպական Միութիւն – Հայաստանի Հանրապետութիւն Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը, ինչպէս նաեւ Եւրոպական դրացնութեան վերանայուած քաղաքականութեան ու Արեւելեան գործընկերութեան աւելի լայն շրջանակը»:

Նորընտիր խորհրդարանը այս ուղերձներուն հետ հաշուի նստելու խնդիր ունի, եթէ դէպի Պրիւքսէլ մեր արտաքին քաղաքականութեան ուղեւորութիւնը իբրեւ գերակայ ուղղութիւն կարեւոր առաջադրանք է ոչ թէ Ուաշինկթընի փոխանցած նոր խորհրդարանը ռուսական գօտի համարելու կարծրատիպը շրջելու, այլ Հայաստանի Հանրապետութեան միակողմանի կախեալութիւնը հակակշռելու եւ բազմաշառաւիղ քաղաքականութիւն իրականացնելու օրակարգը իրականացնելու գործընթացին մէջ:

«Ա.»

aztagdaily.com

Տպել Տպել