Վնասակար Են Թէ՛ Լալկանութիւնը Եւ Թէ՛ Յոխորտալը

ԵՐԿՈՒՔՆ ԱԼ ՄԵԶ ԽՈՑԵԼԻ ԿԸ ԴԱՐՁՆԵՆ

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

Հարցը կը վերաբերի դիմատետրային միջավայրին։ Աւելի մասնայատուկ կերպով՝ հայ ֊ ատրպեճանական սահմանագծին վրայ պարբերաբար տեղի ունեցող բախումներու արձագանգներուն՝ դիմատետրի միջավայրէն ներս։ Արձագանգներ, որոնք բնականաբար չեն սահմանափակուիր միայն էլեկտրոնիկ աշխարհին մէջ։

Վերջին օրինակը մօտաւորապէս շաբաթ մը առաջ սահմանագիծին տեղի ունեցած արիւնալի միջադէպն էր, որ խլեց չորս հայ զինուորներու կեանքերը։

Կասկած չկայ, որ իւրաքանչիւր հայու համար ծանր վիշտ ու կսկիծ կը պատճառէ նոյնիսկ մէկ հայ զինուորի մը նահատակութիւնը։ Սա անվիճելի է։

(Նախ փակագիծ մը անհրաժեշտ է հոս։ Հայաստանեան լրատու աղբիւրները, առանց բացառութեան, սկսելով պաշտպանութեան նախարարութեան բանբերներէն, հետեւողականօրէն կը գործածեն «զոհ» եւ «հակառակորդ» բառերը՝ երբ կը խօսին սպաննուած հայ զինուորի մը, կամ ատրպեճանական կողմին մասին։ Կը ներէք պարոնայք պաշտօնատարներ եւ լրագրողներ. սահմանին սպաննուած հայ զինուորը «զոհ» չէ, այլ՝ նահատակ։ Փողոցը անցած ատեն մէկը կրնայ ինքնաշարժի արկածի զոհ երթալ, կամ ուրիշ մը կրնայ պանանի կեղեւի վրայ կոխելով տապալիլ. հիմա այս «զոհը» եւ սահմանին իր կեանքը տուած հայ զինուորը նո՞յնն են… Բառերը արժէք, իմաստ ու մանաւանդ՝ խորհուրդ ունին իրենց մէջ։ Բառերը կ’արտայայտեն միտք, տրամաբանութիւն, կեցուածք, հոգեկերտուածք ու տրամադրութիւն։ Այնպէս որ սահմանը պաշտպանելու ընթացքին իր կեանքը տուած հայ զինուորը «զոհ» չէ՛. այլ՝ ՆԱՀԱՏԱԿ։ Դիմացէն կրակողն ալ հակառակորդ չէ, այլ՝ ԹՇՆԱՄԻ։ Վե՛րջ տուէք այս անհեթեթութեան։ Փակեցինք փակագիծը)։

Վերադառնանք մեր նիւթին։

Ուրեմն, ընկերային ցանցերու վրայ անմիջապէս կը սկսին դիմատետրային եղերամայրերու լալահառաչ ողբասացութիւնները։ Այս բոլորին կ’ընկերանան անմտութեան հասնող զգացական զեղումներ, կարծէք՝ վե՛րջ Հայաստանին, երկրին, բանակին ու ժողովուրդին։ Այս բոլորին յաճախ կ’ընկերանան անէծքներ. բայց ո՛չ թէ թշնամիին, այլ՝ սեփական պետութեան հասցէին։ Պատրուակներն ու պատճառներն ալ չեն պակսիր՝ ըստ նոյն տրամամադրութիւններէն բխած «տրամաբանութեան»։ Այս բոլորին հետեւանքը անխուսափելիօրէն ու անզգալաբար՝ խուճապի տրամադրութիւնն է, որ դանդաղ ներգործող թոյնի նման կը սողոսկի հանրութեան երակներէն ներս ու աւեր կը գործէ։

Կը կրկնենք՝ բոլորի՛ս համար վիշտ ու կսկիծ է՝ նոյնիսկ ՄԷԿ հայ զինուորի մը նահատակութիւնը։ Սակայն այդ չի նշանակեր, որ երկինքը փուլ կու գայ, չէ՞։

Երկրորդ պատկերը տրամագծօրէն հակառակ տրամադրութեան կը վերաբերի, սակայն նոյնքան վնասակար է։

Հազիւ տարածուի սահմանային բախումի մը, կամ նահատակներու մասին լուր մը, կը սկսին «դիմատետրային հրամանատարներու» հրահանգները՝ կոտրեցէ՛ք, ջարդեցէ՛ք, փշրեցէ՛ք, Պաքու ֊ մաքու քարտէսէն սրբեցէ՛ք…

Սա ձեր ձիերուն սանձերը մէյ մը քաշեցէք ու վար իջէք ձիերէն… Վար իջէք ձիերէն, որովհետեւ այս «արշաւանքը» կը ստեղծէ նոյն դանդաղ ներգործութեան թոյնը, որուն հետեւանքը կ’ըլլայ թերագնահատել թշնամին, անլրջութիւն տարածել այն իրականութիւններուն նկատմամբ, որոնք կը կոչուին պատերազմ եւ քաղաքականութիւն եւ որոնք կը պահանջեն ծանրագոյն ու լրջագոյն վերաբերում։

Պատերազմը ցանկութիւններով չէ, որ կը սկսի կամ կ’աւարտի։ Պատերազմը յոխորտանքներով չէ, որ կը վարուի։ Պատերազմը, յատկապէս մեր ժողովուրդին համար, գոյութենական, լինել ֊ չլինելու խնդիր է։ Նաեւ, պատերազմը եւ քաղաքականութիւնը իրարու սերտօրէն շաղկապուած իրականութիւններ են։ Պատերազմն ու քաղաքականութիւնը կարողութիւնը ունին ճշդելու երկրի մը, ժողովուրդի մը ապագան։ Սա ամէն մարդ գիտէ, չէ՞։

Այնպէս որ, երբ հանրութեան մէջ կը տարածուին «ջարդել ֊ փշրելու» մակերեսային, կամ նոյնքան վնասակար՝ լալահառաչ տրամադրութիւնները, այդ կը նշանակէ, որ տուեալ հաւաքականութիւնը անլուրջ կերպով կը մօտենայ նոյնինքն իրե՛ն համար լինել ֊ չլինելու խնդրին։ Հետեւաբար նաեւ, կասկած չկայ, որ անլուրջ վերաբերում ցուցաբերող նոյն այդ հանրութիւնը կը դառնայ ծայր աստիճան խո-ցե-լի։
Դեռ կայ աւելին։ Կայ թշնամիին ազդակը։

Այսինքն, յաճախ կը մոռնանք, որ թշնամին կը հետեւի (երբեմն ալ շատ մօտէն) այս բոլորին ու համապատասխան եզրակացութիւններու կը յանգի։ Այդ եզրակացութիւնները կրնան նոյնիսկ արիւնալի հետեւանքներ ունենալ մեզի համար։

Դեռ կայ միւս երեսը։ Արդի արհեստագիտութիւնը օգտագործելով, թշնամին նոյնիսկ կրնայ հրահրել թէ՛ «դիմատետրային եղերամայրերը» եւ թէ՛ «դիմատետրային հրամանատարները»։ Ասոր հետեւանքներուն մասին պարտաւոր ենք մտածելու։ Մէկ խօսքով, եթէ անձնական միջավայրի մէջ մարդկայնօրէն ըմբռնելի ու հասկնալի են զգացական զեղումները, գոնէ ընկերային ցանցերու մէջ (այսինքն հրապարակաւ), բոլորս ալ պարտաւոր ենք լրջութիւն եւ զսպուածութիւն ցուցաբերելու թէ՛ մեր կսկծալի կորուստներուն եւ թէ՛ խրամատային բախումներուն նկատմամբ։

Պատերազմն ու քաղաքականութիւնը մասնագիտական լրջութիւն պահանջող բաներ են։ Ասիկա պլոթի «քուփ-սիւր քուփ» ընելու չի նմանիր։ Եթէ հակադարձել պէտք է, քաղաքական ղեկավարութիւնն է, որ կը ճշդէ թէ ե՞րբ պէտք է ատիկա ընել, ո՞ւր եւ ի՞նչ չափով. իսկ զինուորական ղեկավարութիւնն ալ կը ճշդէ, կը ծրագրէ ու կը գործադրէ այդ հակադարձութեան ձեւերը։ Թոյլ տանք, որ այդ բնագաւառներու մասնագէտները ղեկավարեն այս գործը, իսկ մենք օգնենք իրենց՝ ընկերային ցանցերու մէջ անհրաժեշտ լրջութիւնը ցուցաբերելով։

Այնպէս որ (վիրաւորական թող չ’ըլլայ), ո՛չ դիմատետրային եղերամայրերու, ո՛չ ալ դիմատետրային հրամանատարներու կարիքը ունինք. այլ պարզապէս՝ միահամուռ լրջութեան։

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

Լոս Անճելըս
22 Յունիս 2017

Տպել Տպել