«Ազդակ»ի Խմբագրական. Հայաստանի Հանրապետութեան 100-Ամեակ. Հայեցակարգային Կէտեր Ե.

- Ապահովել Միջազգային Հնչեղութիւն

Հայաստանեանէն համահայկականի անցումը այնքան բարդ իրականանալի չի թուիր անշուշտ, որքան պատմակերտ այս իրադարձութեան միջազգային հնչեղութիւն ապահովելը: Նախապատրաստուելու համար ժամանակը նեղ է եւ խորքին մէջ 100-ամեակի յետհաշուարկը սկսած է արդէն: Այնուամենայնիւ քանի մը ուղղութիւն կարելի է նախանշել առաջադրուած հնչեղութեան ապահովման համար քայլեր ձեռնարկելու առումով:

Տեղեկատուական դաշտին մէջ, նախատեսելով մայիսեան յաղթանակներու եւ պետականութեան կերտման համար հայրենիքի մէջ տեղի ունենալիք զինուորական շքերթներու, համերգներու եւ թանգարանային ցուցադրութիւններու կամ գիտաժողովներու կազմակերպումը, համաշխարհային լրատուամիջոցներու ներկայութեան ապահովումը անպայման կը նպաստէ օրուան զինուորաքաղաքական պայմաններուն մէջ կերտուած հրաշքին ծանօթացումին միջազգային հանրութեան: Շեշտադրումը, թէ` ցեղասպանական քաղաքականութեան շարունակութիւնը պիտի իրականանար երեք տարի ետք հայութեան արեւելահայ մնացորդացին նկատմամբ, այս պարագային կարեւոր է լոյսին բերելը, վեր առնելու համար ցեղասպանական քաղաքականութիւն իրականացնողին թէ՛ արեւմտահայ եւ թէ՛ արեւելահայ հատուածները ամբողջովին բնաջնջելու կանխամտածուած քաղաքականութիւնը:

Միջազգային հանրութեան իրազեկումը մէկ կարեւոր փաստի եւս ինքզինք զգալի կը դարձնէ. եթէ չըլլային Սարդարապատն ու միւս դիւցազնամարտերը, թրքական բանակներու յառաջխաղացքով պիտի իրականանար թուրանական ցեղերու աշխարհագրական միաւորում` Թուրքիայէն Ազրպէյճան եւ այնտեղէն աւելի հեռու: Տարածաշրջանը ամբողջ, նման պատուհասի պարագային, պիտի ստանար այլ դիմագիծ: Քաղաքակրթական այլ պատկեր պիտի տիրէր ամբողջ շրջանին մէջ եւ միջազգային այսօրուան հայեցակէտերէն դիտուած կարելի պիտի չըլլար կազմակերպել «Այց առաջին Քրիստոնեայ երկիր»:

Թուրանական ծրագիրի աշխարհագրական իրականացումին եւ քաղաքակրթական հսկայական ժառանգութեան մը փոշիացման գործընթացին կանխարգիլումը, կասեցումը մարդկութիւնը կը պարտի մայիսեան ծառացումներուն: Աւելորդ պիտի չըլլար այս հարցերու բարձրացումը միջազգային ինչպէս քարոզչաքաղաքական, այնպէս նաեւ գիտահետազօտական մակարդակներու վրայ:

100-ամեակի նշման եղանակները բնականաբար կը ներառեն ո՛չ միայն 1918 թուականը, այլ նաեւ երկուքուկէս տարուան ժամանակահատուածը: Պահելով Համահայկական հռչակագիրով ամրագրուած բանաձեւումներու ուղերձները եւ յղում կատարելով հռչակագիրին մէջ ներառուած Սեւրի դաշնագիրին եւ Ուիլսընեան իրաւարարութեան նախանշային ընդգծումին, Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակը առիթ է նաեւ Սեւրի իրաւաքաղաքական տրամաբանութեան վերադարձ կատարելու: Սեւրը այսօր բոլոր ժամանակներէն աւելի այժմէական նշանակութիւն կը ստանայ հետզհետէ, կապուած աշխարհաքաղաքական նոր իրադրութիւններու արագընթաց զարգացումներուն հետ` յատկապէս այս կամ այն փուլին Անգարայի հետ սպառնական լեզուով խօսակցութիւններ ծաւալելու երեւոյթներուն դիմաց:

Թէ՛ իրաւարար վճիռը ստորագրած Ուաշինկթընի եւ թէ՛ Սեւրի պայմանագիրը ստորագրած պետութիւններուն մօտ այս ուղղութեամբ ռազմավարական աշխատանք տանելու անհրաժեշտութիւնը կը յուշէ պետական-հասարակական, դիւանագիտական-քաղաքական ճիգերու համատեղելիութիւն եւ համակարգում:

100-ամեակի նշման աշխարհագրութեան ընդլայնումը Երեւանէն եւ սփիւռքեան տարբեր գաղթօճախներէն անդին թիրախային նոր միջավայրերու ընտրութեան ռազմավարական կարեւորութիւնը կը շեշտէ` եւրոպական ատեաններ, ամերիկեան քոնկրես, Չեթըմ Հաուս եւ Սեւր` իբրեւ խորհրդանիշ-քաղաք, նշելու համար կարգ մը օրինակներ:

Կրօնական շահարկումներով յատկանշուող աշխարհաքաղաքական բախումներու այս յորձանուտին մէջ, պատմաքաղաքական հիմնաւորումներու վրայ կանգ առնելը առաջին քրիստոնեայ երկրի կայացման եւ այդ ճամբով նաեւ համաթուրանական ծրագիրի վիժեցման եւ քաղաքակրթութեան մը պահպանման առումով օժանդակող երեւոյթ է` հետզհետէ մասնատման վտանգի անմիջականութիւնը զգացող Թուրքիոյ այսօրուան իրավիճակին, հետեւաբար նաեւ Սեւրի եւ Ուիլսընի իրաւաքաղաքական այժմէականութիւնը միջազգայնացնելու առումներով:

aztagdaily.com

Տպել Տպել