Ակնարկ. Անթափանցելի Սահմաններ Եւ Ներքին Ապահովութիւն

Լիբանանեան բանակը կը նախապատրաստուի Արսալի ճակատամարտին: Որոշ ժամանակէ ի վեր արդէն Լիբանանի զինեալ ուժերը բազմաթիւ յաջող գործողութիւններով կը շարունակեն կանխարգիլել ահաբեկչութեան թափանցումը Լիբանան:

Տարածաշրջանի զինուորական իրադարձութիւնները կը յուշեն, որ երբ սահմանները թափանցելի դառնան, երբ ոտնձգութիւնները շատնան, ահաբեկիչներու ելումուտը հեզասահ կը դառնայ եւ իրողապէս խնդրոյ առարկայ կը դառնայ որեւէ երկրի տարածքային ամբողջականութիւնը:

Սահմաններու անսասանութիւնը երկրի գերիշխանութեան առաջին նախապայմանն է, կարեւորագոյն երաշխիքը կայունութեան պահպանման:

Հրդեհուած դրացի երկիրներէ գաղթականութեան ներհոսքը դէպի Լիբանան, գումարած ահաբեկիչ տարրերու անվերջանալի թափանցման փորձերը եւ տակաւին երկրին մէջ գոյութիւն ունեցող ահաբեկիչ տարրի կարողականութիւնը մտածել կու տան, որ իրօք զսպիչ ուժեր կան, որոնք չեն թոյլատրեր հրդեհի կայծերուն Լիբանան հասնիլը:

Քաղաքագիտական վերլուծաբանութիւնը կանգ կ՛առնէ քաղաքական որոշումով Լիբանանը առայժմ տարածաշրջանային հրդեհներէն հեռու պահելու աշխարհաքաղաքական հաւանական որոշումներուն վրայ:

Զուգահեռ, կը զարգանայ այն տրամաբանութիւնը, որ ամբողջ շրջանը շիի-սիւննի լարուած եւ պայթիւնավտանգ մթնոլորտի մէջ պահող ընդհանուր գիծը իր վտանգաւոր դրսեւորումները չ՛ունենար Լիբանանի մէջ, հակառակ անոր որ միեւնոյն լարուածութեան առարկայացումի տարբեր շարժառիթներն ու մանաւանդ նախադրեալները գոյութիւն ունին:

Զուտ քաղաքական բնոյթի հարցերու հանգուցալուծման երթը նկատի ունենալով կարելի է մտածել համալիբանանեան քաղաքական կամքի դրսեւորման փաստին, անոր յանգած արդիւնքներուն եւ այդ բոլորին համար արտալիբանանեան արգելակիչ հրահանգներու բացակայութեան մասին:

Ահաբեկչութեան պարագային սակայն, նոյն օրինաչափ մօտեցումները չեն գործեր: Ահաբեկչութիւնը կրնայ պատուիրուիլ, ֆինանսաւորուիլ, մասամբ վերահսկուիլ: Կրօնի անունին տակ գործող ծայրայեղ ահաբեկչութիւնը շատ արագ դուրս կու գայ վերահսկողութենէ, կը դառնայ անկառավարելի եւ կը հարուածէ որքան նպատակաուղղուած, այնքան նաեւ կուրօրէն:

Այսպիսով ալ կը բացատրուի լիբանանեան բանակի ընդհանուր հրամանատարին պարզաբանումը, որ Արսալի ճակատամարտի մեկնարկը ոչ մէկ ձեւով կախեալ է քաղաքական որոշումէ եւ կրնայ ծայր առնել որեւէ ատեն` տրուած ըլլալով, որ ահաբեկչութեան դէմ պայքար է:

Լիբանան մէկ կողմէ կը նախապատրաստուի ահաբեկչութեան մաքրազտման պատերազմին, միւս կողմէ քաղաքական կեանքի զարգացման թափ կու տայ, զբօսաշրջութեան մարզի արդիւնաւորման փաստերու մասին կը խօսի, կ՛ամրապնդէ իր ներքին ապահովութիւնը, կը պատրաստուի որդեգրելու քաղաքացիներու աշխատավարձերու յաւելումի եւ պետական ամավարկի օրէնքները:

Անթափանցելի սահմաններ, մաքրազտման գործողութիւններ, անվտանգ մթնոլորտ, ներքին ապահովութիւն, բազմացող զբօսաշրջիկներ, աւելցող աշխատավարձեր: Ահա բանաձեւը այսօրուան Լիբանանին:

«Ա.»

aztagdaily.com

Տպել Տպել