«ՀԱՅՐԵՆԻՔ»ի խմբագրական. Ջայլամեան Քաղաքականութիւնը՝ Թուրքիոյ Խորհրդարանի Բեմահարթակին Վրայ

«Հարիւր տարի առաջ սխալ գործուեցաւ, ընդունուեցաւ սահմանադրութիւն միայն թուրքերուն համար, եւ շարք մը ազգերու գոյութիւնը հաշուի չառնուեցաւ: Եւ մենք կորսնցուցինք այդ ազգերը: Հարիւր տարի ետք այդ նոյն սխալը կ՛ընեն, միայն թուրքին համար սահմանադրութիւն կը կազմեն…»
Կարօ Փայլան
Թուրքիոյ ընդդիմադիր Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան (HDP) երեսփոխան


Յուլիս 28-ին, Թուրքիոյ խորհրդարանը վաւերացուց խորհրդարանի ներքին կանոնակարգին մէջ փոփոխութիւններ նախատեսող օրէնքներու բաւական լայնածաւալ եւ հաստափոր ծրար մը, հաստատելով թէ ցնոր տնօրինում բացարձակապէս արգիլուած է Թուրքիոյ Հանրապետութեան սահմանադրութեամբ եւ օրէնքներով սահմանուած վարչական բաժանումները եւ բնակավայրերը անուանել սահմանադրութեան եւ օրէնքներուն հակասող անուններով: Արդ, խորհրդարանի ամպիոնէն կարելի չէ գործածել քանի մը արտայայտութիւններ, որոնց կարգին՝ «Հայոց Ցեղասպանութիւն» եւ «Քիւրտիստան»:

Կարօ Փայլան ամիսներ առաջ խորհրդարանին մէջ, սահմանադրական փոփոխութիւններուն վերաբերեալ նախագիծի քննարկման օրակարգի ընթացքին, «ցեղասպանութիւն» բառը գործածած ըլլալուն պատճառաւ զրկուած էր երեք նիստերու մասնակցելու իրաւունքէն:
Ահաւասիկ անտառային գործելաձեւի իւրայատուկ եւ եզակի ոճ մը, որ կարելի է նկարագրել իբրեւ ջայլամի քաղաքականութիւն:
Այսպէս, գլուխնին հողին տակ, այս նորելուկ ղեկավարները, որոնք կը պատկանին ազգայնամոլ «Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում» (AKP) եւ փանթուրքիզմի համար պայքարող «Գորշ Գայլեր»ու քաղաքական թեւը հանդիսացող՝ «Ազգայնական շարժում» (MHP) կուսակցութիւններուն, կը կարծեն կամ կ՛ենթադրեն, թէ կրցած են իրենց ամբողջ մարմնով պահուըտիլ եւ այսպէս աշխարհին ցոյց տալ թէ երկիրը կ՛ընդանայ արդարօրէն եւ ամենայն բարգաւաճութեամբ:

Հակառակ ընդդիմադիր քեմալական Հանրապետական-Ժողովրդական (CHP) եւ քրտամէտ Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական (HDP) կուսակցութիւններու կատարած աշխատանքին, վերոյիշեալ ծայրայեղական կուսակցութիւնները մշակեցին եւ վաւերացուցին քանի մը կէտէ բաղկացած նախագիծ մը, որուն մէջ մանրամասնօրէն կը շեշտէին թէ Թուրքիոյ Խորհրդարանին մէջ նախագահը, ազգային ժողովի նախագահը, նախագահական խորհուրդը, նախագահողն ու թուրք ազգի պատմութիւնն ու համատեղ անցեալը վիրաւորող կամ մեղադրող երեսփոխանները պիտի համարուին կարգազանց ու օրինազանց: Անոնց դէմ պիտի առնուին զանազան պատժամիջոցներ՝ առժամեայ հեռացում կամ նիւթական տուգանք, որ կրնայ կատարուիլ ամսական դրութեամբ կատարուած աշխատավարձի կրճատումով:

Ըստ երեւոյթին այս ջայլամեան քաղաքականութիւնը կը կիրարկուի միայն խորհրդարանէն ներս: Արդէն իսկ բողոքի հաւաքներ եւ նստացոյցեր կը կատարուին Թուրքիոյ զանազան շրջաններէ ներս, որոնց կարգին յատկապէս Տիգրանակերտի (Տիարպեքիր) մէջ, ուր Կարօ Փայլան, հակառակ ոստիկանութեան կատարած միջամտութիւններուն, իր գործօն մասնակցութիւնը կը բերէ, շեշտելով թէ բաց երկինքի տակ քնանալը անհաւատալիօրէն հրաշալի բան է:

Սակայն Փայլանի եւ իրեն նման ընդդիմադիրներու համար մտահոգիչ է Էրտողանի եւ իր մանկլաւիկներու կիրարկած քաղաքականութիւնը, որովհետեւ այդ լուռ ցաւերը Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ չեն քննարկուիր, եւ փոխարէն կը դառնան այլ երկիրներու խորհրդարաններու քննարկման եւ արծարծման նիւթ:

«ՀԱՅՐԵՆԻՔ»
4 Օգոստոս 2017

Տպել Տպել