«Հայրենիք»ի Խմբագրական. Ո՛չ Ստրկութեան, Ո՛չ Ազգայնամոլութեան Եւ …Ո՛չ Խեղկատակութեան

Նոյնքան ահաւոր եւ աններելի էին Սպիտակ Տան վարձակալ Տոնըլտ Թրամփի յայտարարութիւններն ու արտայայտութիւնները՝ Օգոստոս 12-ին Չարլոցվիլի (Վըրճինիա) մէջ պատահած խռովութիւններուն մասին, որքան նոյնինքն դէպքերուն իրադարձութիւնները:

Քանի մը օրերու, գէթ նոյնիսկ քանի մը ժամերու ընթացքին, նախագահ Թրամփ կատարեց հակասական եւ հակադրական յայտարարութիւններ, գլխապտոյտ յառաջացնելով դէպքերու իրադարձութիւններուն հետ քայլ պահող տեղւոյն քաղաքացիին մօտ:

Չարլոցվիլի բնակիչին համար յստակ էր ամիսներէ ի վեր, թէ շրջանէն ներս որոշ ազգայնամոլ եւ յատկապէս սպիտակամորթ ընտրանիի մը մօտ, ընդվզումի ալիք եւ կիրք ստեղծուած էր, երբ տեղւոյն քաղաքապետութիւնը որոշած էր քակել շարունակ ստրկութեան ի նպաստ պայքարած զօրավար Ռապըրթ Լիի (1807-1870) արձանը:

Նմանօրինակ որոշումներ առնուած էին նաեւ ստրկութեան մայրաքաղաք Նիւ Օրլինզի մէջ եւ քանի մը արձաններ «չէզոքացուած» եւ «չքացած» էին, մասամբ մը մոռցնել տալով Միսիսիսիփիի ափի այս քաղաքէն դէպի հիւսիս փոխադրող ստրուկները, որոնք դաժան պայմաններու տակ, երբեմն նոյնիսկ հոգինին կ՛աւանդէին դեռ իրենց փոխադրող նաւը որոշեալ վայրը խարիսխ չնետած:
Նկատի ունենալով տեղւոյն բնակչութեան եւ տիրող մտայնութեան պայմանները, հաւանաբար Նիւ Օրլինզի արձանները քակելու այս գործընթացը համեմատաբար աւելի խաղաղ պայմաններու տակ ընթացած էր:

Չարլոցվիլի մէջ ստեղծուած պատկերն ու գոյութիւն ունեցող կիրքը տարբեր էր, ուր ծայրայեղականներ ոչ թէ խաղաղ ցոյցի ժամանած էին, այլ եկած էին արեան գնով, ինքզինքնին պարտադրելու եւ յայտնելու թէ իրենք չեն կրնար փոխարինուիլ, մէկ խօսքով ստրուկը դառնալով իրենց անհիմն եւ անհեթեթ ստրկաբանութեան:

Այս ծայրայեղականները աւելի թեւեր ստացան, երբ նախագահ Թրամփ իր անտեղի, մակերեսային եւ նոյնիսկ թեթեւսոլիկ յայտարարութիւններ կատարելով իր նախասիրած գործելաձեւով՝ թայլայլիչով (twitter), յաւելեալ բեւեռացում եւ պայթուցիկ կացութիւն ստեղծեց:

Մերթ քնննադատելով ցուցարար երկու կողմերը եւ մերթ հաստատելով, թէ ծայրայեղ աջակողմեաններուն մէջ, կարգ մը ցուցարարներ պարզապէս եկած էին ի յարգանս իրենց ազգային հերոս զօրավար Ռապըրթ Լիի, Միացեալ Նահանգներու նախագահը կատարած էր իր իւրայատուկ «Թրամփութիւն»ը եւ ինկած էր արդի լրատուամիջոցներու ծուղակին մէջ, գլխապտոյտ յառաջացնելով, նոյնիսկ իր պաշտօնէութեան մօտ:
Դժուար է քայլ պահել նախագահ Թրամփի յայտարարութիւններուն կամ խեղկատակութիւններուն հետ: Վերոյիշեալ իր յայտարարութիւնը վերլուծելով եւ զուգահեռական մը ստեղծելով, արդե՞օք իննիսունականներու կարելի պիտի ըլլար կլլեցնել Խորհրդային Միութեան տիրապետութեան տակ ստրկացած բնակիչը թէ, ժամանած էր ի յարգանք Լենինի կամ Սթալինի եւ ոչ թէ անոնց վիթխարի արձաններու փլուզման արարողութեան…:

Եթէ նախագահ Թրամփ բաւական մը կարդացած ըլլար զօրավար Ռապըրթ Լիի կեանքին մասին, հաւանաբար այս արիւնահեղութիւնն ու կիրքը արդէն իսկ «մարած» կրնար ըլլալ: Արդարեւ, նոյնիքն զօրավար Լին քաղաքացիական պատերազմի աւարտէն ետք, յայտարարած էր թէ, ոչ մէկ արձան կամ յուշակոթող պէտք է կառուցել այդ նիւթին առնչութեամբ, պարզապէս երկրէն ներս յաւելեալ բաժանում չյառաջացնելու համար:

Վերադառնալով Սպիտակ Տան, արդեօք ո՞վ պիտի պաշտօնազրկուի, կամ հրաժարի: Արդեօք ժամանակը չէ՞ հասած նոյնինք վարձակալին:

hairenikweekly.com

17/08/2017

Տպել Տպել