Ակնարկ. Հպարտանքն Ու Ցաւը` Զինուորաքաղաքական Դիտարկումներու Ընդմէջէն

Ամբողջ Լիբանանն ու լիբանանցի ժողովուրդը կ՛ապրին միաժամանակ հպարտանք եւ ցաւ: Լիբանանեան բանակը փայլուն կատարողականութեամբ, յաջորդական փուլերով կը մաքրազտէ Լիբանան-Սուրիա սահմանագօտին ահաբեկչական տարրերէ:

Ռազմաքաղաքական հայեցակէտերէ կան քանի մը կարեւոր դիտարժան երեւոյթ-փաստեր, որոնց վրայ կ՛արժէ լուսարձակներ բանալ:

Ժապհաթ Նուսրայի եւ ապա ՏԱՀԵՇ-ի ապահոված հռչակներուն համեմատ գետնի վրայ զինուորական գործողութիւնները կը կատարուին շատ արագ: Այս իրականութիւնը եթէ մէկ կողմէ կը բացատրուի լիբանանեան բանակի, Դիմադրութեան եւ միւս կողմէ սուրիական կառավարական ուժերու կողմէ լարուած աքցանային գործողութիւններու ազդեցիկութեամբ, միւս կողմէ նաեւ ահաբեկչական խմբաւորումներու շատ արագ նահանջի, խուճապային փախուստի բազմաթիւ փաստերով:

Սանձազերծուած գործողութիւնները եթէ մէկ կողմէ կը յատկանշուին հատու հարուածներով, շրջափակող օղակներով, թիրախի չէզոքացման կատարեալ անխափանութեամբ, միւս կողմէ նաեւ ահաբեկիչներուն այլապէս կատարուած օժանդակութիւններու ֆինանսաւորումներու բացակայութեամբ:

Մարտերու աւարտը, ո՛չ միայն կանխորոշուածի իրականութեան համոզումով, այլ նաեւ պատերազմի կարճատեւութեան բնոյթը փոխանցող ուղերձներով համընդհանուր համոզում էր ամբողջ Լիբանանին համար. եւ ո՛չ միայն Լիբանանին:

Պատերազմական գործողութիւնները այս պարագային, ի տարբերութիւն այլ կարճատեւ պատերազմներու, նախապէս յայտարարուած էին, փուլային-շղթայական բնոյթ ունէին: Յարձակումներու սանձազերծումներու ազդանշանէն առաջ իսկ կը հրապարակուէին ռազմական գօտիները, առաջին փուլի առաջադրած նպատակը, թիրախը եւ այլն: Աշխարհին հրամցուած կայծակնային, մետասաներորդ պահու, յանկարծակիութեան գործօնի գերադասումով մղուող մարտեր չէին Արսալի, Ռաս Պաալպեքի, Ֆեքհայի եւ Քաայի բարձունքներուն վրայ արձանագրուած մարտերը:

Տակաւի՛ն. ճշդուած գօտիներու վրայ մղուած մարտերը եթէ մէկ կողմէ վրիժառութեան մղումը ունէին ահաբեկչութեան զոհ գացած բանակայիններուն, միւս կողմէ նաեւ առեւանգուած զինուորներու վերադարձը ապահովելու հնարաւորութիւնները կը փայփայէին:

Ամբողջ սահմանագծային գօտիի մը մաքրագործումը, համեմատաբար նուազագոյն նահատակներու թիւով աւարտելու այս գործողութիւնները յամենայն դէպս լիբանանեան բանակին վարկն ու հեղինակութիւնը բարձրացուցին կրօնական ահաբեկչութենէն հարուածուած եւ տակաւին այդ սպառնալիքի վտանգին առկայութիւնը ամէն առիթի զգացող բազմաթիւ պետութիւններու եւ ընդհանրապէս միջազգային հանրային կարծիքին մօտ:

Ո՛չ միայն ներլիբանանեան ամբողջականութեան ամրակայման նպաստող փաստացի իրականութիւններ են թէ՛ լիբանանցի զինուորներուն նահատակութիւնը եւ թէ՛ լիբանանեան բանակին իրագործածը, այլ նաեւ Լիբանան երկրին դերն ու դերակատարութիւնը ճշդող կարեւորագոյն նախանիշ են նոր աշխարհակարգին մէջ:

Լիբանան-Սուրիա ռազմագիտական կարեւորութիւն ներկայացնող սահմանագօտիի մաքրագործումը սակայն չ՛ենթադրեր ահաբեկչութեան արմատախլումը: Միջազգային եւ գերտէրութենական կանաչ լոյսեր, լուռ համաձայնութիւններ, դերերու բաշխումներ եւ պատերազմական գործողութիւններու ընդհանուր վերահսկողութիւնը պահպանելու նախադրեալները շատ են արձանագրուող դիպաշարերուն վրայ:

Գերագնահատում կատարուած չ՛ըլլար, եթէ արձանագրուի, որ Երկիր մոլորակին սպառնացող ստեղծուած եւ վերահսկողութենէ դուրս եկած ահաբեկչական գործիքակազմը, գետնի վրայ ամէնէն ճակատագրորոշ մաքրագործումին ենթարկուեցաւ լիբանանեան բանակին կողմէ:

Այս փաստը կրնայ համոզել, որ Լիբանան երկրին եւ անոր գոյութեան երաշխիք հանդիսացող բանակին վերապահուած է կարեւորագոյն դերակատարութիւն յառաջիկային սպասուող գործընթացներուն մէջ:

«Ա.»

aztagdaily.com

Տպել Տպել