Միջին Արեւելքի Հայ Դատի Խորհրդաժողովին Առիթով Զեկուցական Հանդիպում` «Հայ Դատի Մարզերը Եւ Մարտահրաւէրները» Նիւթով

Կազմակերպութեամբ Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակին եւ Լիբանանի Հայ դատի յանձնախումբին, երէկ` երկուշաբթի, 4 սեպտեմբեր 2017-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ զեկուցական հանդիպում` «Հայ դատի մարզերը եւ մարտահրաւէրները» նիւթով: Զեկուցաբերներն էին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու Վերա Եագուպեան եւ Միջին Արեւելքի Հայ դատի յանձնախումբերու ներկայացուցիչներ. Թեհրանէն` ՀՅԴ Բիւրոյի Թրքական հարցերու ուսումնասիրութեան գրասենեակի պատասխանատու Գրիգոր Ղազարեան, ՀՅԴ Թեհրանի ԿԿ-ի անդամ Արամ Շահնազարեան, Թեհրանի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Իսակ Ինանիւսեան, Լիբանանէն` Վահրամ Էմմիեան, Իրաքէն` Յակոբ Սիմոնեան, Եգիպտոսէն` Արմէն Մազլումեան:

Վերա Եագուպեան, ողջունելէ ետք ներկաները, ըսաւ, որ ՀՅԴ Բիւրոյի հրաւիրած եւ Միջին Արեւելիք Հայ դատի գրասենեակին կազմակերպած Միջին Արեւելքի Հայ դատի յանձնախումբերու խորհրդաժողովը տեղի ունեցաւ 2 եւ 3 սեպտեմբերին, Պէյրութի մէջ` նպատակ ունենալով քննարկել Միջին Արեւելքի Հայ դատի յանձնախումբերուն գործունէութիւնը եւ դիմագրաւած մարտահրաւէրները` շրջանային քաղաքական ու ապահովական ներկայ զարգացումներու լոյսին տակ: Ան նշեց, թէ նկատի ունենալով, որ Միջին Արեւելքի մէջ Հայ դատի աշխատանքներուն յաջողութիւնը պայմանաւորուած է շրջանի ներկայ ռազմա-քաղաքական իրավիճակով, հայկական գաղութներու անվտանգութեամբ, Թուրքիա-արաբական երկիրներ յարաբերութիւններու զարգացման գործընթացով, ժողովը քննարկեց հետեւեալ հարցերը. ա) Միջին Արեւելքի մէջ Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ պահանջատիրութեան հնարաւորութիւնները. բ) Թուրքիոյ մէջ ցեղասպանութեան կամ ջարդերու զոհ գացած ազգային փոքրամասնութիւններու հետ գործակցութեան կարելիութիւնները. գ) Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն, մասնաւորաբար Սուրիոյ հայութեան իրավիճակը. դ) Երիտասարդութեան ներգրաւումը Հայ դատի աշխատանքներուն մէջ:

Վերա Եագուպեան ըսաւ, որ խորհրդաժողովը քննարկեց նաեւ Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակին եւ յանձնախումբերուն միջեւ գործակցութեան ու համակարգումի ձեւերը, որոնցմէ կախեալ է շրջանին մէջ ծաւալած գործունէութեան յաջողութիւնը:

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան իր խօսքին մէջ դիտել տուաւ, որ խորհրդաժողովէն ետք կայացած է այս հրապարակային նախաձեռնութիւնը, որովհետեւ անիկա լաւ առիթ մըն է նաեւ լսելու ժողովուրդը: Ան բախտաւորութիւն համարեց ապրիլ այսպիսի ժամանակաշրջանի մը, երբ հարստացած է պայքարի օրակարգը` այն իմաստով, որ ժամանակին կեդրոնացումը հիմնականօրէն Ցեղասպանութեան հետապնդման հարցին վրայ կ՛ըլլար` ճանաչում, դատապարտում, հատուցում, սակայն ներկայիս ասոր կողքին ունինք շատ կարեւոր առաքելութիւն մը` Հայաստանի պետականութեան ամրապնդումը արտաքին ճակատի վրայ, անոր միջազգային հեղինակութեան բարձրացման համար տարուող աշխատանքները, թրքական-ազրպէյճանական հակահայ քարոզչութեան հակազդելը, մեր քարոզչութեան տարածումը, մեր հայապատկան հողերուն վրայ գտնուող հայութեան իրավիճակն ու անոնց իրաւունքներու խնդիրը, ժողովուրդի քաղաքականացման հարցը:

Ան յայտնեց, որ ներկայիս աւելի քան 35 երկիրներու մէջ Հայ դատի յանձնախումբը կորիզներ եւ մարմիններ ունի, եւ վերջին 5 տարուան ընթացքին բացուած են 10 նոր կորիզներ, որոնք կը գործեն ոչ դասական վայրերու մէջ: Ուստի, 45 տարբեր վայրերու մէջ տեղի ունեցող այս աշխատանքին համադրումը կը կատարէ Հայ դատի Կեդրոնական խորհուրդը: Ան նկատել տուաւ, որ սովորութիւն դարձած է տարի մը կազմակերպել տարածաշրջանային խորհրդաժողովներ, եւ յաջորդող երկու տարիներուն ընթացքին գումարել կեդրոնական խորհրդաժողով, որ ընդհանրապէս տեղի կ՛ունենայ Երեւանի մէջ` աւելցնելով, որ մէկը կ՛առաջնորդէ ընդհանուր ծրագրումի, իսկ միւսը մանրամասնօրէն հարցերը կը քննարկէ: «Այսօրուան հիմնական մարտահրաւէրները Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի շատ աշխուժացած լոպինկի հարցն է:

Եթէ որոշ չափով տարբեր երեսներ ունին լոպինկը եւ տարուած աշխատանքը Միջին Արեւելքի մէջ, բայց այլ երկիրներու մէջ շատ խիստ պայքար կը մղուի հայութեան դէմ: Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի կողմէ ծաւալած է հայատեաց քաղաքականութիւն, որուն մաս կը կազմէ իրենց սփիւռքի կազմակերպումը: Այս մէկը վերջին 5 տարիներու գործընթաց է, եւ կը նախատեսենք, որ տարիներու ընթացքին աւելի պիտի ծանրանայ:

Մեր այս պայքարին համար պէտք ունինք արհեստավարժ ուժերու եւ մեր ժողովրդային ամբողջական նեցուկին, որպէսզի կարենանք հակազդել եւ տանիլ նախայարձակ պայքար», շեշտեց Տէր Խաչատուրեան` աւելցնելով, որ Ցեղասպանութեան ճանաչման խնդիրի յառաջխաղացքին իբրեւ արդիւնք նոր մարտահրաւէրներ կը բացուին, որոնցմէ է օրինական միջոցով մեր պահանջատիրութեան թղթածրարի բացման խնդիրը: Ան յայտարարեց, որ ՀՅԴ Բիւրոյի որոշումով նախորդ տարի Ուաշինկթընի մէջ բացուեցաւ հայկական իրաւագիտական կեդրոնը, որուն վարչութեան անդամները կու գան աշխարհի զանազան կողմերէն, եւ որուն հիմնական նպատակն է ուսումնասիրել քաղաքական երեսէն անդին` օրինական ճամբով Հայ դատի հետապնդման, մանաւանդ հատուցումներու մեր ծրարին վերաբերող աշխատանքներուն ընթացքը: Եզրափակելով իր խօսքը` Տէր Խաչատուրեան հաստատեց, որ երիտասարդութիւնը ներկայիս մեր ամէնէն կարեւոր զէնքը եւ ուժն է, որպէսզի կարենանք մեր պայքարը տանիլ` աւելցնելով, որ մենք պատրաստ ենք լսելու զիրենք եւ որոնելու այժմէական ձեւեր:

Այնուհետեւ Արմէն Մազլումեան ներկայացուց Եգիպտոսի Հայ դատի յանձնախումբին աշխատանքը, որ սկսած է 2006-ին եւ 10 տարիէ ի վեր կը գործեն` աւելցնելով, որ Եգիպտոսի մէջ հայկական գաղութը պատմական կեանք ունեցող համայնք է, ասոր քաջ կը գիտակցի եգիպտացի հին մտաւորականութիւնը, սակայն նոր սերունդը շատ ծանօթութիւն չունի հայութեան եւ անոր պահանջքներուն մասին: Ան ըսաւ, որ Ցեղասպանութեան 100-ամեակի նշումէն երեք տարի առաջ սկսած են իրենց աշխատանքը աշխուժացնել` աւելցնելով, որ իրենց թիրախը եղած էր եգիպտացի մտաւորականութիւնը, համալսարանականները, մամուլը, որոնց միջոցով կրցած են բաւական աշխատանք տանիլ եգիպտացի հասարակութեան մէջ` տեղեկացնելու մեր ինքնութիւնը, պատմութիւնը, դրական կեցուածքները երկու ժողովուրդներուն միջեւ: Ան նկատել տուաւ, որ իրենց հիմնական աշխատանքը եղած է հարիւրաւոր յօդուածներ եւ ուսումնասիրութիւններ հրատարակել եգիպտական մամուլին մէջ, ինչպէս նաեւ քարոզչութիւն կատարել հեռատեսիլի միջոցով: Մազլումեան ըսաւ, որ Ցեղասպանութեան 100-ամեակին Հայաստան այցելող երկրորդ մեծագոյն պատուիրակութիւնն էր Եգիպտոսինը` 115 հոգի, եւ յաջողած են Հայաստանէն ուղղակիօրէն սփռել 100-ամեակի նշումը` առիթ տալով, որ Եգիպտոսի մէջ մարդիկ ծանօթանան Ցեղասպանութեան եւ հայութեան պահանջքներուն: Ան ըսաւ, որ երկրորդ կարեւոր աշխատանքը վաւերագրական ժապաւէնի մը պատրաստութիւնն էր արաբերէն լեզուով` աւելցնելով, որ անոր նկարահանումը կատարուած է Հայաստանի, Եգիպտոսի ու Լիբանանի մէջ, եւ անիկա մասնակցած է «Ոսկէ Ծիրան» փառատօնին, նաեւ ստացած է մետալի Հայաստանի նախագահին կողմէ: Մազլումեան նաեւ նշեց, որ տարեկան դրութեամբ Եգիպտոսէն թղթակիցներ կ՛այցելեն Հայաստան, հանդիպումներ կ՛ունենան պետական անձնաւորութիւններու հետ եւ երբ վերադառնան, եգիպտական թերթերուն մէջ կը գրեն իրենց այցելութեան եւ հանդիպումներուն մասին: Ան յայտնեց, որ աշխատանք տարած են նաեւ Եգիպտոսի խորհրդարանին մէջ Ցեղասպանութեան նախագիծը ներկայացնելու ուղղութեամբ եւ յաջողած են 596 անդամներէն 337-ին ստորագրութիւնը հաւաքել. ըստ անոր կը սպասուի, որ պատեհ առիթ ընծայուի եւ անիկա քուէարկութեան դրուի, որպէսզի Եգիպտոսի խորհրդարանը ընդունի Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Յակոբ Սիմոնեան` խօսեցաւ Իրաքի մէջ Հայ դատի աշխատանքներու մասին եւ անդրադարձաւ անոր գործելաոճին: Ան նկատել տուաւ, որ Իրաքը ունի հարաւային եւ հիւսիսային բաժիններ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի իր յատկութիւնները, պայմանները, զորս նկատի պէտք է ունենալ եւ յարգել: Ան նկատել տուաւ, որ 2003-էն ետք կացութիւնը փոխուած է, եւ իրենք կրցած են օգտուիլ տիրող ազատութենէն: Ցեղասպանութեան 100-ամեակի առիթով կազմակերպած են 2 կարեւոր ձեռնարկներ. առաջինը` քայլարշաւ դէպի թրքական դեսպանատուն, առաջին անգամն ըլլալով, որուն մասնակցեցան իրաքցիներ եւս, երկրորդ` 100-ամեակի նուիրուած համագումար, որ տեղի ունեցաւ մեծ շուքով, եւ որուն ընթացքին լաւապէս ներկայացուեցաւ Ցեղասպանութիւնը, եւ իբրեւ արդիւնք արաբերէն լեզուով քանի մը գիրքեր հրատարակուեցան Ցեղասպանութեան մասին: Պասրայի եւ Իրաքի հիւսիսային շրջանին մէջ եւս տեղի ունեցան ձեռնարկներ:

Վահրամ Էմմիեան Լիբանանի մէջ Հայ դատի աշխատանքներուն անդրադառնալով դիտել տուաւ, որ անոնք միայն Հայ դատի մարմինին կողմէ չեն կատարուիր, այլ անոնց մեծ մասը կը կազմակերպուին ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէին կողմէ: Ան նկատել տուաւ, որ Միջին Արեւելքի մէջ Լիբանանը միակ երկիրն է, որ ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը , ուստի այդ ուղղութեամբ կատարելիք աշխատանք չկայ, այլ իրենց աշխատանքները կը կեդրոնանան երեք ծիրերու վրայ. առաջին` հայանպաստ քարոզչութիւն կատարել հայանպաստ մթնոլորտի ստեղծման ի խնդիր, եւ այս ծիրին մէջ յանձնախումբը իր առաջին ձեռնարկը կատարած է ՀՅԴ Քարոզչական մարմինին հետ` «Խոստումը» ժապաւէնի ցուցադրութեամբ, երկրորդ` հակազդել լիբանանեան մամուլի մէջ տեղ գտած թրքական հակահայ քայլերուն կամ ապատեղեկատուութիւններուն: Էմմիեան ըսաւ, որ յանձնախումբը մօտէն կը հետեւի այդ զարգացումներուն եւ հարկ եղած պարագային կը միջամտէ եւ պարզաբանութիւնները կը ներկայացնէ լիբանանեան հանրութեան: Երրորդ` Արցախի կամ Հայաստանի վերաբերեալ տարբեր իրադարձութիւններ եւ անակնկալ զարգացումներ, անոնց քարոզչական աշխատանքը կը տանին դեսպանատուներուն հետ:

Արամ Շահնազարեան իր զեկուցումին մէջ բացատրեց, որ Թեհրանի Հայ դատի յանձնախումբը կ՛աշխատի երկրի մը մէջ, որ անմիջականօրէն սահմանակից է Հայաստանի, բարի դրացիական յարաբերութիւնները, բարեկամական կապերը ռազմավարական մեծ նշանակութիւն ունին Հայաստանի, ինչպէս նաեւ ողջ հայութեան համար եւ այդ պատճառով իրերայաջորդ Հայ դատի յանձնախումբեր միշտ փափաքած են առաջին հերթին նպաստել Իրան-Հայաստան յարաբերութիւններու ամրապնդման եւ արմատաւորման: Բնականաբար պետական յարաբերութիւնները կառուցուած են պետական մակարդակով: Անոնք նաեւ աշխատանք կը տանին հայութիւնը ներկայացնելու իրանական քաղաքական շրջանակներու, հասարակութեան, մամուլի, մտաւորական շրջանակներու մէջ` բացատրելով, թէ իրանահայութիւնը ի՛նչ կը ներկայացնէ այդ երկրին մէջ, ի՛նչ դերակատարութիւն ունի, նաեւ Իրան-Հայաստան յարաբերութիւններուն կարեւորութիւնը լուսարձակի տակ կ՛առնուի, ան ըսաւ նաեւ, որ Հայ դատի աշխատանք կը ծաւալի նաեւ Արցախի տագնապին ողջ իրողութեան ներկայացման մէջ, նաեւ հակահայ քարոզչութեան դիմաց իրականութիւններու ներկայացում կը կատարէ` օգտագործելով քարոզչական բոլոր կարելիութիւնները, ինչպէս` գիրքերու հրատարակութիւն, համացանց:

Գրիգոր Ղազարեան իր ելոյթին մէջ նկատել տուաւ, որ տարիներով պայքարած ենք Թուրքիոյ դէմ` փորձելով աշխարհին պարզաբանել, որ ի՛նչ է Ցեղասպանութիւնը, բողոքել, եւ Թուրքիոյ պետութիւնը տարիներով փորձած է ժխտել եւ ուրանալ իրականութիւնը: Ան ըսաւ, որ կը փորձեն կապեր հաստատել անհատներու եւ լրագրողներու հետ: Ղազարեան նկատել տուաւ, որ շատեր ընդունած են Ցեղասպանութիւնը, ոմանք` ոչ, սակայն մեծ մասը լուռ է` աւելցնելով, որ իրենց գրասենեակին առաքելութիւնն է լուռ թուրքերուն թիւը աւելցնել, որովհետեւ ի նպաստ հայութեան կրնայ ըլլալ: Ան ըսաւ, որ իրենց համար կարեւոր է իմանալ, որ Թուրքիոյ մէջ ի՛նչ փոքրամասնութիւններ կամ ազգեր կան, որոնք հայերուն պէս կը մտածեն կամ նոյնիսկ դէմ են` մտածելով, որ ինչպէս կարելի է համագործակցիլ անոնց հետ:

Ղազարեան նաեւ շեշտեց, որ Թուրքիոյ մէջ Ցեղասպանութեան վերաբերեալ ցուցահանդէսներ, դասախօսութիւններ կը կազմակերպուին, գիրքեր կը հրատարակուին նոյնիսկ թուրք մտաւորականներու կողմէ:

Աւարտին կրկին խօսք առաւ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, որ մատնանշեց հետեւեալ կէտերը. ա) Այս շրջանին մէջ Հայ դատի պայքարի համար մարտնչող Հայ դատի յանձնախումբերը տարբեր ձեւով կը տանին պայքարը, քան Միացեալ Նահանգներու, Աւստրալիոյ մէջ կամ այլուր, ուր կայ քաղաքական յարաբերութիւններու հսկայական կծիկ մը, որ յանձնուած է Հայ դատի յանձնախումբերուն: Բ) Հայ դատի հետապնդման իմաստով Միջին Արեւելքը բարդ շրջան է, որ իր ունեցած այլազան առաւելութիւններու կողքին ունի նաեւ մեծ անպատեհութիւններ, սահմանափակումներ: Սակայն, հակառակ այս բոլորին, կան առիթներ, զորս պէտք է օգտագործել: Գ) Մենք կարիք ունինք զարգացնելու մեր ընկերային ցանցի կարողականութիւնը, որ աւելի ազդեցիկ է, քան գրաւոր կամ բանաւոր ցանցը: Ան ըսաւ, որ հսկայական աշխատանք կայ տարուելիք այս ուղղութեամբ` աւելցնելով, որ կարգ մը երկիրներու մէջ արդէն սկսած են այս աշխատանքին: Դ) 20-րդ դարուն պայքարի մէկ մասը պէտք է տանինք արհեստավարժ ձեւով:

Աւարտին առիթը տրուեցաւ ներկաներուն լուսաբանական հարցումներ ուղղելու զեկուցաբերներուն:

aztagdaily.com

Տպել Տպել