Ակնարկ. Թէ՛ Թէ՛-ն Նաեւ Ռազմաքաղաքական Ոլորտին Մէջ

Անդրադառնալով Վրաստանի մէջ Agile Spirit 2017 բազմազգ ռազմափորձերուն Հայաստանի չմասնակցելուն` Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալը նշած է, որ Հայաստան պաշտօնապէս չէ յայտարարած, որ պիտի մասնակցի ռազմափորձերուն. «Գաղտնիք չէ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերը եւ ընդհանուր անվտանգային համակարգը ՀԱՊԿ համակարգում ունի շատ կարեւոր դերակատարութիւն եւ ՀԱՊԿ-ի դերակատարութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգային համակարգին համար կարեւոր եւ առանցքային նշանակութիւն ունի: Գաղտնիք չէ, որ Հայաստանը շատ երկար ժամանակ ե՛ւ քաղաքական, ե՛ւ ժողովրդավարական հիմնարկներու զարգացման, ե՛ւ խաղաղարար առաքելութեան իրականացման շրջանակներում ունի լայն համագործակցութիւն ՕԹԱՆ-ի կառոյցի եւ անդամ երկրների հետ: Այստեղ մի միջոցառմանը չմասնակցելը կամ մասնակցելը նոյնիսկ արտառոց պէտք չէ դիտարկել»:

Այս յայտարարութեան բովանդակային տարբաղադրումը հետեւեալ կէտերուն մէջ կ՛ամփոփէ մեր պաշտօնական ռազմաքաղաքական հայեցակարգը աշխարհաքաղաքական նշանակութիւն ունեցող երկու բեւեռային միաւորներու նկատմամբ:

ՀԱՊԿ-ի առնչութեամբ` Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերը եւ ՀԱՊԿ-ի համակարգը փոխադարձաբար ունին շատ կարեւոր նշանակութիւն: Այստեղ շեշտուած է ՀԱՊԿ-ի դերակատարութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան ընդհանուր համակարգին մէջ: Այս նշանակութիւնը որակուած է նոյնիսկ առանցքային:

ՕԹԱՆ-ի առնչութեամբ` նշուած են երեք ուղղութիւները եւ շեշտուած Հայաստանի Հանրապետութեան լայն համագործակցութիւնը հաւասարապէս այս երեք ուղղութիւններով:

Բացատրութիւններուն հիմնական նպատակը այն է, որ Վրաստանի մէջ կայացած ռազմափորձերուն հայկական կողմին չմասնակցիլը պէտք չէ քաղաքականացուած մեկնաբանութիւններու դուռ բանայ:

Անդամակցելով ՀԱՊԿ-ին, բայց ոչ ՕԹԱՆ-ին, այսուհանդերձ պաշտօնական Երեւանը կը շարունակէ հաւասարակշռուած եւ այս պարագային երկկողմ յարաբերութիւնները: Ուղղութիւններու հաւասարակշիռ պահպանման այս վարքագիծը թէ՛ ռազմաքաղաքական, թէ՛ դիւանագիտական եւ թէ՛ ընդհանրապէս միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ առանցքային բնոյթ ստացած է հայկական կողմին համար: Աշխարհագրական դիրքը, տարածաշրջանին մէջ կիրարկուող աշխարհաքաղաքականութիւնը, տարբեր պետութիւններու շահագրգռուածութեան նշաձողի անվերջանալի բարձրացումը, անվտանգութեան հետ առնչուած տարբեր իրադարձութիւններու արձանագրումը հանգամանքներ են, որոնք հաշուի կ՛առնուին հայկական կողմէն եւ կը մղեն, որ նշուած ոլորտներուն վերաբերեալ մշակուած հայեցակարգերուն մէջ ներառուին:

Համապատասխան գերատեսչութիւնը առանց նախապէս յայտարարելու, թէ պիտի մասնակցի՞, թէ՞ ոչ Վրաստանի մէջ կայացող ռազմափորձերուն որոշած է այս փուլին չմասնակցիլ: Անշուշտ, որոշումը բնականաբար կ՛ունենայ իր պատճառականութիւնը:

Եւ եթէ ռազմաքաղաքական մէկ բեւեռ միաւորին հետ համագործակցութիւնը առանցքային բնոյթ ունի, մինչ երկրորդին պարագային երկարամեայ եւ լայն ձեւաչափ, այդ բնականաբար կ՛ենթադրէ, որ առանցքայինին նման բոլոր ծրագիրներուն ինքնաբերաբար մասնակցութիւն չ՛արձանագրուիր:

Այստեղ կայ տարբերութիւն, որ կը բացատրուի ռազմական, քաղաքական, դիւանագիտական եւ ապահովական հարթութիւններու վրայ տիրող իրավիճակներով եւ անոնցմէ մեկնած կայացած անդամակցութիւններով: Մէկուն պարագային լիարժէք անդամակցութիւն է, միւսին` համագործակցութիւն:

Այս հանգամանքները նատի ունենալով արտառոց երեւոյթ պէտք չէ փնտռել ՕԹԱՆ-ի հերթական ռազմափորձերէն մէկուն Երեւանի չմասնակցելու որոշումին մէջ: Այս բոլորով հանդերձ, այս ոլորտին մէջ եւս թէ՛, թէ՛ն կը կիրարկուի հայկական կողմէն:

«Ա.»
aztagdaily.com

Տպել Տպել