«Ազդակ»ի խմբագրական՝ Քայլ առ քայլ դէպի իրաւական ճանաչում

Ուրուկուէյի Արեւելան հանրապետութեան ներկայացուցիչներու պալատի նախագահին եւ անոր ընկերակցող բարձրաստիճան պաշտօնատարներէ բաղկացած պատուիրակութեան Արցախի հանրապետութիւն կատարած այցելութեան քաղաքական մեկնաբանութիւնը կատարելէ առաջ պէտք է վերյիշել ոչ շատ հեռու անցեալէն շատ կարեւոր հանգրուաններ՝ յատկապէս նախ ընդգծելու համար Ուրուկուէյ-ԼՂՀ հետեւողականութեամբ յատկանշուող յարաբերութիւններու ընթացքը, եւ այդ առումով ալ որոշ կանխատեսում կատարել թէ ո՞ւր կրնայ յանգեցնել հաստատուն քայլերով ընթացող միջպետական այցելութիւնները, քննարկումներն ու հասկնալիօրէն զուսպ նկատուող երկկողմանի յայտարարութիւնները։
9 սեպտմբեր 2011-ին, Ուրուկուէյի արտաքին գործոց նախարար Լուիս Ալմակրօ հարաւային Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին եւ Ուրուկուէյ-Հայաստան խորհրդարանական խումբին կողմէ նախաձեռնուած Հայաստան-Ուրուկուէյ յարաբերութիւններու թեմային յատկացուած համաժողովին ընթացքին կը կատարէր աննախադէպ յայտարարութիւն.-«Այսօր մենք կ՛ուսումնասիրենք հարցը՝ պետականօրէն տեսակէտ յայտնելու համար, սակայն ես անձամբ համոզուած եմ, որ Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանին պատմականօրէն մաս կը կազմէ եւ պէտք է ըլլայ անկախ կամ կարճ ժամանակամիջոցին կցուի Հայաստանին։ Այս է արցախեան խնդրին միակ լուծումը»։

Արցախի հանրապետութեան նախագահին փոխադարձ քայլը չէր ուշանար։ Երեք ամիս ետք արդէն՝ 1 դեկտեմբերին, Մոնթեվիտէոյի մէջ նախագահ Սահակեան կը յայտարարէր, որ Ուրուկուէյի հետ կապերու սերտացումը դրականօրէն կրնայ ազդել տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան պահպանման, ինչպէս նաեւ Արցախի հանրապետութեան միջազգային ճանաչման գործընթացին։
Եւ այժմ Ուրուկուէյի ներկայացուցիչներու տան պալատի նախագահը կը յայտարարէր՝ «Մեզ մօտ ոչ ոք կը հակադրուի այն իրողութեան, որ այսօր կը տիրէ այստեղ»։ Պարզ է, որ «այստեղ»ը Արցախն է եւ «այսօրուան իրողութիւն» անոր իրողական անկախութիւնն է։ Ուրուկուէյցի խորհրդարանականները սակայն, իրողականով չէին բաւարարուեր։

Խորխէ Օրիկոն նաեւ յայտարարած է, որ Ուրուկուէյի մէջ կ՛ընդունին եւ կը հասկնան, որ այլ ժողովուրդներ եւս ունին ինքնորոշման օրինական ցանկութիւն։ Այստեղ «օրինական» բնութագրումը վերը նշուած իրողականէն անդին կ՛անցնի եւ իրաւական անկախութիւնը կը նախանշէ։ «Օրինական ցանկութիւն»ը փաստօրէն միջազգային օրէնքի համապատասխան ժողովրդային հանրաքուէին կ՛ակնարկէ իբրեւ անհարժեշտ նախաքայլ հանրապետութեան իրաւական ճանաչումին։

Տակաւին. Ուրուկուէյ-Հայաստան միջխորհրդարանական բարեկամութեան խումբի ղեկավար, Ուրուկուէյի խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի անդամ Ռուսէն Մարտինես Ուելմոն, չէր բացառեր, որ իր երկիրը առաջինը ըլլայ՝ Արցախի հանրապետութիւնը ճանչցողը։ Այս, որպէս տեսութիւն պարզաբանած էր ուրուկուէյցի պետական գործիչը, յաւելելով, որ ճանաչումը քաղաքական գործընթաց է եւ պէտք է քայլ առ քայլ ընթանայ։

Փաստօրէն, այս քաղաքական գործընթացը քայլ առ քայլ կ՛ընթանայ։ Արտաքին գործոց նաախարարի կատարած յայտարարութիւն, ապա նախագահ Սահակեանի այցելութիւն Մոնթեվիտէո եւ այնտեղէն Արցախի անկախութեան ճանաչումի անհրաժեշտութեան յիշեցում՝ ամբողջ շրջանին մէջ առաջադրելի խաղաղութեան համար, Ուրուկուէյ-Հայաստան միջխորհրդարանական յանձնաժողովի աշխուժ բանակցութիւններ, տեղւոյն Հայ Դատի գրասենեակի կատարած կարեւոր կամրջումներ եւ համադրումներ իսկ այժմ Ուրուկուէյի արեւելեան հանրապետութեան ներկայացուցիչներու տան պալատի նախագահին շրջադարձային նշանակութիւն ունեցող այցելութիւն Արցախի հանրապետութիւն եւ այնտեղէն հնչած նախաճանաչումի յայտարարութիւններ։

Այո՛. Քայլ առ քայլ իրականացուող գործընթացին մասին է խօսքը, որուն ներգրաւուած են Արցախի հանրապետութիւնը, Հայ Դատի հարաւային Ամերիկայի յանձնախումբը, Ուրուկուէյի թէ՛ գործադիր եւ թէ՛ օրէնսդիր իշխանութիւններու ներկայացուցիչները եւ փաստօրէն Հայաստանի հանրապետութիւնը,։ Այս բոլորը կը յուշեն, որ իրաւամբ կ՛ընթանանք դէպի Արցախի հանրապետութեան իրաւական ճանաչումի առաջին հանգրուանը։ Քայլ առ քայլ։

«ԱԶԴԱԿ»ի խմբագրական

Տպել Տպել