Ազրպէյճանի Թիւ Մէկ Թշնամիին Յառաջխաղացքը

Նախագահ Ալիեւի նորագոյն յայտարարութիւնը առաջին հայեացքով քաղաքական անհեթեթութեան հերթական նմուշ կարելի է համարել։ Պէտք է փորձել սակայն յայտարարութեան շարժառիթը տեսնել՝ հայ-ազրպէյճանական հակամարտութեան գործընթացի ժամանակի ներկայ տարածքին եւ այնտեղ կատարուած վերջին զարգացումներուն լոյսին տակ։

Նախ ամփոփենք յայտարարութեան բովանդակութեան հիմնական կէտերը։

Նախագահ Ալիեւի համար Ազրպէյճանի թիւ մէկ թշնամին հայկական լոպին է։ Հայաստանի հանրապեութիւնը, ըստ ազրպէյճանցի ղեկավարին արուեստական պետութիւն մըն է, հիմնուած հնադարեան ազրպէյճանական տարածքներու վրայ։

Ալիեւ շարունակած է քաղաքական «գիւտարարութիւն»ը եւ այս անգամ հայկական լոպիին կողմէ դիտելով հարցը յայտարարած, որ Ազրպէյճանի համար հայկական լոպին թիւ մէկ թշնամին է, բացատրելու համար թէ ինչո՞ւ Պաքուն թշնամի կը նկատէ հայկական լոպին։ Թշնամանքը թշնամանքի արդիւնք է «խաղաղասէր» Պաքուին համար։

Ապա, Ալիեւ անցած է դասակարգելու համար իր երկրի թիւ երկու թշնամին, որ իսլամաֆոպիան է, որուն կլանուած են տարբեր պետութիւններ։ Այստեղ իսլամաֆոպիային զարգացումի ալիեւեան բացատրութիւնը այնքան էական չէ, որքան երեւոյթի նշումը իբրեւ երկրորդ թշնամի։ Բայց այդ մասին քիչ ետք։

Շատ արագ, ալիեւեան այս յայտարարութիւնը կը յուշէ համահնչեղութիւն մը Անգարայի տարբեր վարչիներուն կողմէ կրնուող յանկերգին հետ՝ Թուրքիան պատրաստ է Հայաստանի հանրապետութեան հետ բնականոն յարաբերութիւններ մշակելու, սակայն Սփիւռքն է (իմա՛ հայկական լոպին) խանգարողը.կամ՝ ծայրայեղական Սփիւռքի եւ չափաւորական Հայաստանի անտեղի բնութագրումներն ու որակաւորումները՝ ներհայկական ճեղքեր յառաջացնելու անարդիւնք քաղաքականութեան կիրարկումի փորձերով։

Այս պարագային սակայն աշխատած է այլ տրամաբանութիւն մը։ Չմոռնանք, որ քաղաքական ի՛նչ տեսակի կարեւորութիւն ներկայանցող երեւոյթի եւ ժամանակի հանգամանքները ստիպած են Ալիեւը կատարելու նման յայտարարութիւն։

Խնդիրը շատ բնական կարգով կը կապուի պաշտօնական Մոնտեվիտէոյի առած քայլերուն։ Պաքուի ղեկավարն ու իր խորհրդականները շատ լաւ գիտցած են, որ Ուրուկուէյը զուտ յայտարարողական հարթութենէն դուրս եկած է եւ իրօք քայլ առ քայլ կը պատրաստուի Արցախի իրաւական ճանաչումի առնչութեամբ պաշտօնական դիրք ճշդելու։ Պաքուի բողոքի գիրերը եւս որեւէ ազդեցութիւն չեն գործած Մոնտեվիտէոյի վրայ, որ միեւնոյն հետեւողականութիւնն ու յայտարարուած յանձնառութիւնը ցոյց կու տայ Արցախի թղթածրարին նկատմամբ։ Թէկուզ նուազ ազդեցիկութեամբ, այսուհանդերձ տագնապի մատնող քայլ էր նաեւ Աւստրալիոյ մեծագոյն նահանգին ճանաչումը Արցախի հանրապետութեան, որ շփոթահար վիճակի մէջ յայտնուիլ տուաւ Ալիեւի վարչակարգը։

Ուրուկուէյի արեւելեան հանրապետութեան ներկայացուցիչներու պալատի նախագահին այցելութիւնը Ստեփանակերտ ինքնին Պաքուն անճըրկութեան մատնող քայլ է։ Ճիշդ է, որ երկար ճամբայ կ՛ենթադրէ տակաւին, այսուհանդերձ առաջին քայլը առնուած է եւ դէպի իրաւական ճանաչումը քայլ առ քայլ կտրելիք ուղի է։

Հիմա, պէտք է զօրաշարժի ենթրակել ուրեմն ազրպէյճանական դիւանագիտութիւնը, թիրախ ընտրելով հայկական լոպին։ Ալիեւի վարչախումբը նկատած է, որ ինչպէս Աւստրալիոյ եւ ամերիկեան որոշ նահանգներու, այնպէս ալ Ուրուկուէյի պարագային տեղւոյն շարժիչ գործօնները՝ Հայ Դատի գրասենեակներն ու յանձնախումբերը հիմնական դերակատարութիւն ունեցած են։ Ուրեմն պէտք է թիւ մէկ թշնամի նախ յայտարարել ու ճանչնալ հայկական լոպին, մշուշապատել թշնամանքի բուն պատճառը՝ յայտարարելով որ իրենց թշնամանքը՝ հայկական լոպիի կողմէ դաւանած թշնամանքի արդիւնք է պարզապէս եւ ապա յայտարարուած թիւ մէկ թշնամիին դէմ հաւաքագրել եւ զօրաշարժի ենթարկել անոնք որոնք իսլամաֆոպիայի զոհ են։ Կրօնական հանգամանքի այս իբրեւ թէ հեզասահ անցումը կատարելով Ալիեւը կը խաղայ հայկական լոպիին դէմ իսլամական աշխարհը զինուորագրելու նպատակով հին մարտավարութեամբ նոր խաղը։

Ուրուկուէյի առած քայլերը հունէն հանած են նախագահ Ալիեւը։ Այս կը նշանակէ, որ դիւանագիտական պատերազմ յայտարարող Ալիեւին համար հետզհետէ, քայլ առ քայլ տեսանելի դառնալու ընթացքին մէջ է Արցախի հանրապետութեան ճանաչման գործընթացը։ Իսկ այս մէկը կը փաստէ արդէն Պաքուի վրայ արձանագրած յառաջացխաղացքը հայկական լոպիին։Կամ՝ Ազրպէյճանի թիւ մէկ թշնամիին։

«Ա.»
«ԱԶԴԱԿ»

Տպել Տպել