«Հայրենիք»ի խմբագրական. Կառուցողական Հանդիպո՞ւմ

Վերջին անգամ, Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հովանիին տակ, Յունիս 20, 2016-ին, Սերժ Սարգսեան – Իլհամ Ալիեւ հանդիպումը տեղի ունեցած էր Սէնթ Փիթըրզպուրկի մէջ:

Աւելի քան տարի մը ետք, Հոկտեմբեր 16-ին, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն նախաձեռնութեամբ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն բանակցութիւնները տեղի ունեցան Ժընեւի Միացեալ Ազգերու Կեդրոնի գրասենեակին եւ այլ միջազգային կազմակերպութիւններու Զուիրցերիոյ մնայուն ներկայացուցիչի նստավայրին մէջ:

Միջանկեալ թաւալած 16 ամիսներուն ընթացքին, ո՛չ մէկ յիշատակելի յառաջխաղացք կարելի եղած էր արձանագրել, մինչ տեղի կ՚ունենանյին հերթական զինադադարի խախտումներն ու հետզհետէ աւելի կը կրկնուէին մարդկային զոհերը սահմանային դիրքերու վրայ։

Հանդիպումէն ետք, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն եւ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հրատարակած յայտարարութիւնը Լափալիսեան իրականութիւն կը բուրէր: Այսպէս, շինիչ մթնոլորտի մէջ, երկու երկիրներուն նախագահները պայմանաւորուած են միջոցներ ձեռնարկել բանակցային հոլովոյթը աշխուժացնելու եւ յաւելեալ քայլեր նախաձեռնել՝ շփման գիծին վրայ տիրող լարուած մթնոլորտը թեթեւցնելու։

Համանախագահները գոհունակութիւն յայտնեցին, որ երկու երկիրներուն նախագահները, առանձնանալով, շարունակած են խօսակցութիւնը։ Անոնք նաեւ տեղեկացուցին, թէ պիտի շարունակեն աշխատիլ կողմերուն հետ եւ, մօտիկ ապագային աշխատանքային խորհրդակցութիւններ պիտի կազմակերպեն նախարարներուն հետ։

Մինչ այդ, Պաքու եւ իր քարոզչական մեքենան ընդհանրապէս լուռ էին: Բացի խորհրդարանի անդամ Ասիմ Մոլազատէէն, որ նախքան հանդիպումը, ցեխարձակումի բնոյթ ունեցող արտայայտութեամբ մը տեղեկացուցած էր, թէ Հայաստանի կողմը բանակցութիւններու սեղան վերադարձած էր ճնշումի տակ գտնուելով, եւ շարունակած էր յանկերգը, թէ Ատրպէյճան խաղաղութեան պատրաստ է, իսկ Հայաստան՝ երբե՛ք…:

Ալիեւեան այդ քարոզչական մեքենան նոյնքան պապանձած եւ «ծածկած» էր, այդ ժողովէն օր մը ետք, Մալթայի մէջ անարգ ոճիրի մը զոհ գացած ընդդիմադիր լրագրող Տաֆնէ Քրուանա Կալիցիայի լուրը: Քրուանա Կալիցիա այն յանդուգն անձնաւորութիւնն էր, որ քննադատած ու մեղադրած էր Մալթայի վարչապետը իր կատարած զեղծարար արարքներով, որոնք կ՛առնչուին «Փանամայի փաստաթուղթեր» խորագրեալ թղթածրարի գայթակղութեան, ուր նշուած է, թէ ան Ալիեւէն գումարներ ստացած էր՝ դրամատնային գաղտնի հաշիւները ծածկելու համար:

Վերադառնալով շինիչ հանդիպումին, տեղին է եզրակացնել մէջբերելով Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ բանբեր Դաւիթ Բաբայեանի խօսքը. «Արցախը իբրեւ լիարժէք, լիիրաւ կողմ պէտք է ներգրաւուի բանակցային հոլովոյթին մէջ: Այլապէս, եթէ այդ հոլովոյթը տեղի չունենայ, մնացած բոլոր պայմանաւորուածութիւնները – առանց ղարաբաղեան կողմին – որեւէ գործնական հետեւանք չեն կրնար ունենալ»:

hairenikweekly.com

Տպել Տպել