ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ -Պասիլ Հանդիպում

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեցին Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան եւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Րաֆֆի Աշգարեան, երէկ այցելեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլի:

Հանդիպումէն ետք երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ Պասիլի հետ հանդիպումը մաս կը կազմէ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին ծաւալած քաղաքական գործունէութեան: Ան նշեց, որ կարիք չի տեսներ բոլորին յիշեցնելու, թէ ՀՅ Դաշնակցութեան եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան միջեւ յարաբերութիւնները աւելի քան սերտ են: «Մենք ծանօթ ենք մեր հին եւ նոր դաշնակիցներուն նկատմամբ մեր հաւատարմութեամբ, իսկ այսօրուան այցելութեան նպատակն է ընդգծել Ազգային ազատ հոսանքին հետ ՀՅ Դաշնակցութեան ամուր կապերը», ըսաւ ան:

Յ. Բագրատունի նշեց, որ նախարար Պասիլի հետ քննարկած են տեղական, շրջանային եւ միջազգային իրադարձութիւնները, երեսփոխանական ընտրութիւններուն վերաբերող հարցեր, որոնց շարքին` արտերկրի լիբանանցիներուն վերաբերող կանխաւ անունները արձանագրելու հոլովոյթը, ինչպէս նաեւ կառավարութեան եւ խորհրդարանին աշխատանքներուն վերաբերող խնդիրներ:

Երեսփոխան Բագրատունի ընդգծեց, որ ՀՅ Դաշնակցութեան եւ Ազգային ազատ հոսանքին միջեւ հանդիպումները պիտի շարունակուին ո՛չ միայն ղեկավարութեան մակարդակով, այլեւ` կուսակցական քատրերու:

Ընտրական դաշինքներուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի ընդգծեց, որ Ազգային ազատ հոսանքին հետ ընտրական դաշինքը ի զօրու է` յուսալով, որ ընտրական բոլոր շրջաններուն մէջ այդ դաշինքը գործադրուի: «Ազգային ազատ հոսանքին հետ մեր դաշինքին կողքին, մենք պիտի պահպանենք նաեւ հինէն եկող մեր դաշինքները, առանց զանց առնելու ապագային գոյանալիք նոր դաշինքներ` թէ՛ հայութեան, թէ՛ ՀՅ Դաշնակցութեան, եւ թէ՛ Ազգային ազատ հոսանքին ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն ապահովելու նպատակով:

aztagdaily.com

Տպել Տպել