Նախագահին Հետ Հանդիպումէն Ետք. Բագրատունի. «Տագնապը Երկարատեւ Պիտի Չըլլայ»

Լիբանանեան քաղաքական ղեկավարներու հետ հանրապետութեան նախագահի նախաձեռնած հանդիպումներու ծիրին մէջ, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ յետմիջօրէին այցելեց նախագահական պալատ:


Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ հանդիպելէ ետք Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ ներկայիս համբերատար զգուշաւորութիւնը տիրական է, որովհետեւ նման հարցեր ժամանակի կը կարօտին:

«Տագնապը քաղաքական է, եւ մենք կարիքը ունինք իմանալու վարչապետ Սաատ Հարիրիի հրաժարականին իսկական պատճառները», ըսաւ ան:

Երեսփոխան Բագրատունի հաստատեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները պիտի կատարուին ճշդուած թուականին: «Ճիշդ է, որ կայ տագնապ մը, սակայն նախագահ Աուն ունի սահմանադրական իրաւասութիւններ, եւ այդ տագնապը երկարատեւ պիտի չըլլայ», ընդգծեց երեսփոխան Բագրատունի:

aztagdaily.com

Տպել Տպել