«Կը Զօրակցինք Նախագահ Աունի Նախաձեռնութեան» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հրաւիրած քաղաքական խորհրդակցութիւններու շրջագիծին մէջ, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ այցելեց նախագահական պալատ:

Նախագահ Աունի հետ հանդիպելէ ետք, Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն կը զօրակցի նախագահ Աունի նախաձեռնութեան, որուն նպատակն է երկրին քաղաքական աշխատանքը հունի մէջ դնել:

«Մաղթեցինք, որ նախագահ Աուն այդ նախաձեռնութեան կառչած մնայ` մինչեւ տագնապին լուծումը», ընդգծեց ան:

Երեսփոխան Բագրատունի յոյս յայտնեց նաեւ, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի կառավարութիւնը կը հրաւիրէ նիստի եւ իր աշխատանքները կը շարունակէ մինչեւ երեսփոխանական ընտրութիւններու կայացումը` ըստ նախարարաց խորհուրդի աշխատանքային ծրագիրին եւ նախագահական համաձայնութեան:

Եարզէի Մէջ

Յ. Բագրատունի այցելեց նաեւ Եարզէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ երկրին ապահովութեան կացութիւնը` շեշտելով կայունութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը:

Ապպաս Իպրահիմի Մօտ

Երեսփոխան Բագրատունի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի հետ:

Քննարկուեցան Լիբանանի ապահովական իրավիճակին վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ իրաքահայ եւ սուրիահայ տեղահանուածներուն կապուած խնդիրներ:

aztagdaily.com

Տպել Տպել