Հայ Դատը Նեցուկ Կը Կանգնի Ծերակոյտի Ընտրութեանց Մասնակցող Քեւըն Տէ Լէոնին

ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը որոշած է նեցուկ կանգնիլ Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի նախագահի պաշտօնակատար Քեւըն տէ Լէոնին, որ Հոկտեմբեր 18ին պաշտօնապէս յայտարարած էր, թէ պիտի մասնակցի Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի ընտրապայքարին՝ դէմ գալով 1992էն ի վեր նահանգը Ծերակոյտին մէջ ներկայացնող Տայէն Ֆայնսթայնին:

«Իր քաղաքական ասպարէզին ընթացքին, Քեւըն տէ Լէոն փաստած է, թէ հայ համայնքին իսկական բարեկամ մըն է՝ զօրակցելով մեր շարք մը նախաձեռնութիւններուն եւ լրջօրէն անսալով մեր մտահոգութիւններուն», կը յայտնէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Նորա Յովսէփեան, միաժամանակ յիշեցնելով, որ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը իր 2014ի տարեկան ձեռնարկին ընթացքին «Տարուան Օրէնսդիրը» մրցանակը շնորհած էր տէ Լէոնին:

Օրէնսդիրը իրեն համար մեծ պատիւ մը որակած է Հայ Դատին ցուցաբերած զօրակցութիւնը՝ նշելով, որ երկար տարիներէ ի վեր Քալիֆորնիոյ նահանգային օրէնսդիր մարմիններուն մօտ ներկայացուցած է հազարաւոր հայեր, որոնք կ՛ապրին իր ընտրաշրջաններուն մէջ, որոնց մէջ կ՛իյնայ նաեւ Փոքրիկ Հայաստան շրջանը. ան յիշեցուցած է, որ անդամ է նաեւ Քալիֆորնիոյ Օրէնսդիրներու հայկական համախմբումին:

?

Ծերակոյտի ընտրութեանց մասնակցելու որոշումը բացատրելով՝ Քեւըն տէ Լէոն օրին յայտնած էր, թէ յատկապէս քաղաքական ներկայ մթնոլորտին մէջ, երբ երկիրը կը դիմագրաւէ աննախընթաց դժուարութիւններ եւ մարտահրաւէրներ, հարկաւոր են նոր գաղափարներ եւ առոյգ ղեկավարներ։

0110kevin2Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի եւ ապա Ծերակոյտի անդամակցութեան տարիներուն, տէ Լէոն ամէն տարի, Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւերը ջատագովելու կողքին՝ կենսական դերակատարութիւն ունեցած է Ամերիկահայութեան թանգարանին համար 3 միլիոն տոլարի աջակցութիւն ապահովելուն մէջ, ինչպէս նաեւ նահանգային վարժարաններուն մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան դասաւանդման ծրագիրի ընդարձակման պայմանը պարունակող կրթական 10 միլիոն տոլարի բանաձեւի վաւերացման ջանքերուն մէջ։

Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը եւ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը ճանչցած բանաձեւին վաւերացումը ապահովելու ջանքերուն կողքին, ան նաեւ օժանդակութիւններ ապահոված է ՀՕՄի Ընկերային ծառայութեան Հոլիվուտի գրասենեակին, իրականացուցած է թիւ 101 ազատուղիին վրայ Փոքրիկ Հայաստանի ելքերը ծանուցող ցուցանակներու տեղադրումը, իսկ Հոլիվուտի «Համբաւի Ճեմուղի»ին վրայ աշխարհահռչակ երգիչ, դերասան եւ բարերար Շարլ Ազնաւուրի նուիրուած աստղի մը զետեղումը կարելի դարձուցած է:

Ան Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամ ընտրուած էր 2010ին։

Քեւըն տէ Լէոնի ընտրապայքարին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.kevindeleon.com կայքը։

asbarez.com

Տպել Տպել