ՀՅԴ Պատուիրակութեան Հետ Ներդրումային Ծրագիրներու Քննարկում` Վարչապետարանին Մէջ

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի 21 հոգիներէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը երէկ վարչապետարանին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Հարիրիի տնտեսական խորհրդատուներուն հետ, որոնք ներկայացուցին յառաջիկայ ութը տարիներուն վրայ իրագործուելիք տնտեսական ներդրումային ծրագիրը իր մանրամասնութիւններով:

Տարբեր կուսակցութիւններու հետ հանդիպումներու շրջագիծին մէջ, Դաշնակցութեան ներկայացուցիչներուն հետ կատարուած խորհրդակցութիւնները կը միտին ընդհանուր համաձայնութիւն գոյացնել երկրի տնտեսական կացութիւնը բարելաւելու եւ ենթակառոյցի բարեկարգումներ կատարելու առումով:

Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի, զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, երեսփոխան Արթիւր Նազարեան, նախկին նախարարներ, Տնտեսական եւ ընկերային խորհուրդի անդամներ, ինչպէս նաեւ տարբեր մարզերու մէջ գտնուող հայ գործարարներ եւ մասնագէտներ:

Համաձայնութիւն գոյացաւ ծրագիրի քննարկումէն ետք երկրորդ հանդիպում մը կայացնելու:

Այս ժողովին ներկայ էին նաեւ Բարգաւաճման եւ վերակառուցման խորհուրդի եւ Տար Էլ Հանտասայի ներկայացուցիչներ:

aztagdaily.com

Տպել Տպել