ՀՅԴ Պատուիրակութիւն Մը Տեսակցեցաւ Հայաստանի Դեսպան Գրիգոր Յովհաննիսեանի Հետ

Շաբաթ, Յունուար 13ի յետմիջօրէին, ՀՅԴ պատուիրակութիւն մը տեսակցութիւն ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Գրիգոր Յովհաննիսեանի հետ։

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան ու Արեւմտեան շրջաններու Կեդրոնական կոմիտէներու ներկայացուցիչներ Ճորճ Աղճայեան եւ Տարօն Տէր Խաչատուրեան, ինչպէս նաեւ Ուաշինկթընի Հայ Դատի գրասենեակի ներկայացուցիչ Արամ Համբարեան մաս կը կազմէին նշեալ պատուիրակութեան:

Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան յատկապէս Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւնները եւ այս տարուան ընթացքին կայացող Հայաստանի Ա. անկախութեան հարիւրամեակի ձեռնարկները:

Նշենք, թէ Հայաստանի Ա. անկախութեան հարիւրամեակին առթիւ արդէն իսկ նկատի առնուած են բազմաթիւ ձեռնարկներ: Արդարեւ, ՀՅԴ Արեւմտեան շրջանը, Քալիֆորնիոյ համալսարանի Նորթրիճի մասնաճիւղին մէջ, Մայիս 5-6ին պիտի կազմակերպէ գիտաժողով մը՝ մասնակցութեամբ ակադեմականներու եւ դասախօսներու: Իսկ ՀՅԴ Արեւելեան շրջանը նոյն առիթով գիտաժողով մը պիտի կազմակերպէ Մայիս 11-12ին, Նիւ Եորքի «Քոլումպիա» համալսարանին մէջ:

asbarez.com

Տպել Տպել