41 Նորագիրներ Համալրեցին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Շարքերը

ԷՆՍԻՆՕ.- Շաբաթ, 20 Յունուարին, Էնսինոյի Ազգային «Ֆերահեան» վարժարանի «Տիգրանեան» սրահին մէջ 35 հայորդիներ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան շարքերուն միացան՝ ընկերական լայն շրջանակի մը ներկայութեամբ տալով իրենց երդումը:

Չորս նորագիրներ Ֆրեզնոյէն եւ մէկ նորագիր Լաս Վեկասէն պիտի միանան երդուեալներու այս խումբին: Երկու երիտասարդներ աւելի ուշ պիտի միանան Լոս Անճելըսի խումբին:

Երդման հանդիսաւոր արարողութեան բացումը կատարեց նորագիրներու կուսակցական նախապատրաստական աշխատանքները կազմակերպած յանձնախումբէն Յարութ Մկրտիչեան: Ան ներկայացուց նորագիրները եւ հրաւիրեց կնքահայրը՝ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Լեւոն Կիրակոսեանը, որ իր պատգամը փոխանցէ անոնց եւ առնէ անոնց երդումը՝ Դաշնակցութեան դրօշին, ծրագրին, կանոնագրին եւ մարտունակութեան խորհրդանշին վրայ:

Հայ ժողովուրդին ծառայելու, հայրենիքի մէջ արդար ընկերային համակարգ ստեղծելու գաղափարական աշխատանք տանելու, սփիւռքի կազմակերպական կարողութիւնները հզօրացնելու վճռական յանձնառութիւնն է, որ այս երդումով կը նուիրականացուի, յայտնեց կնքահայրը, եւ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէին կողմէ շնորհաւորեց անոնց մուտքը կուսակցութեամ շարքերը:

ՀՅԴ Բիւրոյի կողմէ նորագիրներուն պատգամ փոխանցեց դոկտ. Վիգէն Եագուպեան: Մեր ժողովուրդը դժուարին անկիւնադարձի մը սեմին կը գտնուի, լուրջ մարտահրաւէրներով: Այդ մարտահրաւէրները դիմագրաւելու աշխատանքը, որուն մասնակցելու երդումը տուիք, զոհողութիւն եւ հետեւողականութիւն պիտի պահանջէ ձեզմէ եւ այս երդման հանդիսաւոր պահը դժուարութեանց յաղթահարելու ներշնչման աղբիւր կրնայ դառնալ ձեզի, ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամը:

Երդման արարողութիւնը աւարտեցաւ Դաշնակցութեան քայլերգի խմբերգումով: Ներկայ շարքային ընկերները, որոնց մէջ նկատառելի էր իրենց զաւակներու ստանձնած յանձնառութեամբ հպարտ ծնողներու թիւը, շնորհաւորեցին նորագիրները:

Երդման արարողութենէն ետք, «ֆերահեան» վարժարանի «Աւետիսեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ խրախճանք:

asbarez.com

Տպել Տպել