Դեսպան Մկրտչեան Այցելեց Բագրատունիի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ Հայաստանի միջեւ յաւելեալ կապեր հաստատելու կարելիութիւնները:

Յիշենք, որ անցեալ շաբաթ Հայաստանի դեսպանը հանդիպում ունեցած էր նաեւ Լիբանան – Հայաստան բարեկամութեան խորհրդարանական յանձնախումբին հետ, որուն մաս կը կազմէ երեսփոխան Բագրատունի: Այս առիթով նաեւ քննարկուեցան խորհրդարանական գործակցութեան կարելիութիւնները:

Հանդիպումը առիթ մը եղաւ արծարծելու Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութիւններու ներկայի համապատկերը:

Դեսպան Մկրտչեան եւ երեսփոխան Բագրատունի քննարկեցին նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակի զանազան նախաձեռնութիւնները եւ Լիբանանի մէջ պատրաստուող ծրագիրները:

Տպել Տպել