Եւրոպայի Հայ Դատի յայտարարութիւնը ԵԱՀԿ վեհաժողովի նախօրէին

Եւրոպայի ապահովութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան խորհրդարանական վեհաժողովը յուլիս 5-9 Մոնաքոյի մէջ տեղի ունենալիք լիագումար նիստին, զեկոյց մը պիտի քննարկէ քաղաքական եւ ապահովութեան հարցերու ընդհանուր յանձնախումբին մէջ, «ԵԱՀԿ, փոփոխութեան տարածք» խորագրով, որ պիտի ներկայացուի Լիթուանիացի զեկուցաբեր տիկին Վիլիա Ալեքնայթէ Ապրամիքիենէի կողմէ։

Զեկոյցը կը ներառէ անվտանգութեան, պաշտպանութեան, հակամարտութիւններու եւ սպառնալիքներու մասին գլուխներ, սպառազինութիւններու վերահսկողութիւն եւ համացանցի անվտանգութիւն ու նման այլ հարցեր։

Զեկոյցին մէջ յատուկ նշում կատարուած է, անլոյծ եւ ձգձգուած հակամարտութիւններու. մասնաւորապէս նշուած է, «Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը կը շարունակէ կեանքեր խլել շփման գծին վրայ, եւ լարուածութիւնը այս տարածաշրջանէն ներս տակաւին չափազանց բարձր է։ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահները Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն հետ համատեղ, կ’աշխատին խաղաղութեան ծրագրի մը մշակման ուղղութեամբ, եւ ներկայիս հիմնականին մէջ այս կողմերէն կախեալ է աշխատանքը՝ լուծելու հակամարտութիւնը եւ հասնելու համաձայնութեան մը։ Կարեւոր առաջին քայլ մըն է երաշխաւորել, որ հրադադարի պայմանաւորուածութիւնը յարգուի եւ դիպուկահարները քաշուին շփման գծէն»։

Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակը, անգամ մը եւս կը վերահաստատէ իր մշտական ամուր դիրքորոշումը, որ դիպուկահարները պէտք է քաշուին շփման գիծէն, որպէս վստահութեան շինիչ քայլ։ Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկավարութիւնը համաձայնած է, բայց Ազրպէյճանի մերժողական կեցուածքի պատճառով՝ խլուող անմեղ կեանքերու թիւը կը շարունակէ բարձրանալ։ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակը անգամ եւս կը պահանջէ ԵԱՀԿ Խորհրդարանական վեհաժողովէն ուժեղ դիրքորոշում ցուցաբերել այս հարցին մէջ եւ պահանջել Ազպէյճանի նախագահէն որ դիմէ այս քայլին, եւ հեռացնէ դիպուկահարները շփման գիծէն։

Զեկոյցին մէջ նաեւ նշուած է թէ, «կենսական է, որ ամբողջական հետաքննութիւններ կատարուին, երբ հակամարտութեան կապուած միջադէպեր տեղի կ’ունենան. Մինսկի խմբակի համանախագահները եւ Հայաստանի ու Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու համատեղ յայտարարութիւնը Վիլնիուսի մէջ, 7 դեկտեմբեր 2011-ին, վերահաստատեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը պէտք է կարգաւորել խաղաղ միջոցներով»։

Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան ըսաւ, «մենք ԵԱՀԿ խորհրդարանական վեհաժողովէն կը պահանջենք ամուր քայլեր առնել, ինչ կը վերաբերին Ազրպէյճանի յարձակողական խափանիչ գործողութիւններուն, յատկապէս Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ, որոնց ականատէսն եղանք անցեալ ամիս, նոյն օրը երբ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի համանախագահ, ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարարուհի Հիլարի Քլինթոնի տարածաշրջան կ’այցելէր, ընդամէնը մի քանի ժամ առաջ անոր Հայաստան ժամանումէն»։

«Մենք ԵԱՀԿ խորհրդարանական վեհաժողովին հետ պիտի շարունակենք մօտէն հետեւիլ այս հարցերուն, ինչպէս նաեւ պիտի հետեւինք սպառազինութիւններու վերահսկողութեան եւ վստահութեան շինիչ քայլերուն: Ազրպէյճանի արկածախնդրութիւնը կը վտանգէ հրադադարի էութիւնը, եւ տարածաշրջանը կը մղէ պատերազմն վերսկսելու։ Ազրպէյճան պէտք է խուսափի բռնութեան նման քայլերէ եթէ տարածաշրջանէն ներս իսկապէս հետաքրքրուած է խաղաղութեամբ, անվտանգութեամբ եւ համագործակցութեամբ։ Հայաստանը բազմիցս ցուցաբերեց բարի կամք, հիմա Ազրպէյճանի կարգն է», եզրափակեց Գ. Կարապետեան։

Տպել Տպել