Ջնջենք Սահմանները

«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Չորեքշաբթի, 21 Նոյեմբերին՝ «Հայաստան» հիմնադրամի տարեկան թելեթոնէն մէկ օր առաջ, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան, Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան, ԱՄՆի եւ Գանատայի մօտ Արցախի ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեան եւ Արցախի արտաքին գործոց նախարարութեան բազմակողմանի կապերու վարչութեանպետ Արմինէ Ալեքսանեան այցելեցին ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի կեդրոնատեղին, ուր զանոնք դիմաւորեցին Կեդրոնական կոմիտէիանդամներ, շրջանային մարմիններու ղեկավարներ ու գաղութիս մէջ գործող բազմաթիւ միութիւններու ներկայացուցիչներ: Ստորեւ կը ներկայացնենք ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ դոկտ. Վիգէն Եագուպեանի ողջոյնի խօսքը.

Հպարտութեան անհուն զգացումներով այսօր մեր յարկին տակ կը հիւրընկալենք Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ պրն. Աշոտ Ղուլեանը:

Կրկնակի հպարտութիւն է մեզի համար, որ մեր պատուոյ հիւրին եւ իրեն ընկերակցող շքախումբին այցելութիւնը մեր ափերը սրբազան նպատակ ունի՝ հասնիլ մեր ժողովուրդի զաւակներու բազմերես պէտքերուն՝ թելեթոնի ճամբով, որ անգամ մը եւս պիտի գայ հաստատելու մեր ժողովուրդի հաւաքական կամքին, աննկուն յանձնառութեան վեհ ուժը:

Մենք՝ ինչպէս միշտ, մեր բոլոր ուղեկից միութիւններուն եւ մեր լայն շրջանակին հետ միասին, կը մնանք յանձնառու մեր ժողովուրդի, մեր հայրենիքի, Արցախի կողքին՝ մեր ներուժն ու կարողականութիւնը ի սպաս դնելով անոնց ամբողջական ազատութեան՝ անպարտելի արդարութեան ու անզիջող պահանջատիրութեան տեսլականը ունենալով իբրեւ մեզ առաջնորդող պայծառ մտասեւեռում:
Քանի մը օր առաջ, մեր հանդիպման ընթացքին պրն. Ղուլեանի հետ, կը խօսէինք Արցախի Ազատագրական շարժման մասին, որ արդէն հասած է քառորդ դարու իր տարեդարձի շեմին: Շարժում մը, որ ազատագրեց մեր Արցախը, կենդանի իր օրինակով ազատագրելով նախ մեզ՝ իւրաքանչիւր հայ, աշխարհի ո՛ր անկիւնն ալ գտնուէր, որովհետեւ Արցախեան շարժումը վերընձիւղեց ազգային հաւաքական տենչի քաղցր երազը:

Յաջորդ քառորդ դարը մեզ կը դնէ նոր մարտահրաւէրներ ստանձնելու պարտաւորութեան առջեւ: Իբրեւ առաջնահերթ խնդիր, պէտք է վերջնականօրէն ջնջել հոգեբանական այն սահմանները, որոնք կը բաժնեն Հայաստան աշխարհը Սփիւռքէն: Հարկ է նուաճել գիտակցական, գոյակցական, զգացական գերադասող այն հանգրուանը, ուր մէկ ազգ ըլլալու՝ նոյն ճակատագիրը ունենալու, հաւատքն ու զգացումը լոկ հռետորական խօսք չէ այլեւս, այլ՝ մեր ուղղութիւնըճշդող կողմնացոյց: Մէկ բռունցք ըլլալը, իրապէս հաւաքուիլը, հարազատօրէն համադրուիլը կառոյցի խնդիր չէ, ընկերային շինարարութիւն չէ, այլ համադրուած ազգային ինքնութեան մը կերտումն է, որ ի վերջոյ պիտի թելադրէ աշխատելաոճի գործնական մեքանիզմները: Ահա ա՛յս է մեր դէմ ծառացող հիմնական մարտահրաւէրը յաջորդ տասնամեակներուն ընթացքին:

Այս պարունակին մէջ, սիրելինե՛ր, այս հասկացողութեամբ, շատ հեշտ է անդրադառնալ, թէ այսօր տալով հայրենիքին, տալով Արցախին՝ տուած կ՛ըլլանք մեզի: Տալով Սուրիա բնակող հայերուն՝ տուած կ՛ըլլանք մենք մեզի, երաշխաւորած կ՛ըլլանք մեր իսկ գոյութիւնը, մեր իսկ վերապրումը: Իրենց ապահովութեամբ, ապահոված կ՛ըլլանք մեր ապագան: Ի վերջոյ հարուածը ստացողը մենք բոլորս ենք: Մենք ենք սուրիահայը, մենք ենք արցախցին, մենք ենք ամերիկահայը, մենք ենք հայաստանցին:

Այսօր, այս սրահին մէջ հաւաքուած հայորդիները լաւագոյնս կ՛արտայայտեն այն ներուժը, այն կարողականութիւնը, զոր այս գաղութը կը ճառագայթէ աշխարհով մէկ: Մեր այս ընտանիքը՝ իւրաքանչիւրը իր բնագաւառին մէջ, պանծալի լաւագոյն օրինակը կը հանդիսանայ ներգործօն մասնակցութիւն բերելու հասկացողութեան մեր համայնքէն ներս:

30 Նոյեմբեր 2012

Տպել Տպել