Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ազգային դերակատարութիւնը՝ ռազմավարական տեսանկիւնէ

Վերջին քանի մը տասնամեակներուն ընթացքին տեղի ունեցած երկու հիմնական զարգացումներ մնայուն ազդեցութիւն ունեցան մեր հայկական, ազգային աշխարհաքաղաքական իրավիճակին վրայ:

Առաջին հերթին եւ գլխաւորաբար, Հայաստանի վերանկախացումով՝ 1991 թուականին, անգամ մը եւս հանրապետութիւնը կիզակէտի վերածուեցաւ եւ խլեց հայ ժողովուրդի ուշադրութիւնը: Վերջին 21 տարիներուն ընթացքին բաւական բարեփոխումներ տեղի ունեցան Հայաստանի մէջ, սակայն արդարօրէն կարելի է ըսել, որ պետութիւնն ու կառավարութիւնը հետամուտ չեղան ընկերային արժէքները գերադասելու՝ նպաստելու համար քաղաքացիական հասարակութեան զարգացման: Այս եղելութեան զուգահեռ եւ չորս տասնամեակներու ընթացքին, Միջին Արեւելքի կարգ մը երկիրներուն մէջ տեղի ունեցող ընկերային- քաղաքական զարգացումները պատճառ դարձան մեծ թիւով հայերու արտագաղթին՝ դէպի արեւմտեան երկիրներ: Այս երկու աշխարհաքաղաքական իրադարձութիւնները պարտադրեցին, որ հին հայկական սփիւռքը այլատեսակ դառնայ: Այս բոլորի որպէս հետեւանք, այսօրուան հայկական սփիւռքը կը բաղկանայ շարք մը լաւ կազմակերպուած համայնքներէ որոնք ունին տարբեր եւ/կամ զանազան ենթամշակոյթներ, ինչպէս նաեւ այլ համայնքներէ, որոնք կը տառապին հայ զանգուածի նուազումէն եւ կազմակերպուած կառոյցներու բացակայութենէն:

Այս նոր իրականութեան դէմ յանդիման գտնուելով՝ հայ ազգը ներկայիս նոր մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ: Յառաջացած է լայնածաւալ ռուսական սփիւռք մը, որ տակաւին նոր կը սկսի կազմակերպուիլ։ Միեւնոյն ատեն արեւմտեան երկիրներու եւ աւելի փոքր տոկոսով՝ Միջին Արեւելեան գաղութներու մէջ բնակող հայերու կազմած հին սփիւռքը կը դիմագրաւէ տեղական հասարակութիւններու հետ համարկման խնդիրը: Այս բոլորին համընթաց՝ համաշխարհայնացումը ահազանգային չափերով փոխած է մեր ճանչցած աշխարհը եւ տեղեկատուական-արհեստագիտութիւնը ազդած է մեր կեանքի բոլոր երեւոյթներուն, յատկապէս երիտասարդութեան կեանքին վրայ: Այս բոլորի արդիւնքը հայ երիտասարդներու նոր սերունդի զոյգ ինքնութեան ստեղծումն է: Մէկը՝ հայկական ինքնութիւնը, իսկ միւսը՝ ծննդեան կամ բնակութեան քաղաքի ինքնութիւնը:

Ասոնք լուրջ ազգային մարտահրաւէրներ են, որոնք պէտք է հետապընդուին ոեւէ շահագրգիռ ղեկավարութեան կողմէ: Յստակ է, որ կրաւորական մօտեցումով ո՛չ աւանդական հասկացողութեամբ հայկական ինքնութիւն մը կարելի պիտի ըլլայ պահպանել սփիւռքի մէջ, եւ ո՛չ ալ լաւ քաղաքացիութիւնը կարելի պիտի ըլլայ կերտել եւ զարգացնել Հայաստանի մէջ: Հետեւաբար, Հ.Մ.Ը.Մ.ի նման կազմակերպութիւն մը, որ կը ձգտի սկաուտութեան եւ մարմնակրթութեան միջոցով ազդել մեր հասարակութեան վրայ, պիտի չյաջողի իր առաքելութեան մէջ, եթէ վերադասաւորումներ եւ ռազմավարական բարեփոխումներ չկատարուին: Նկատի առնելով վերոնշեալները՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ը վերատեսութեան ենթար- կեց իր ազգային պարտաւորութիւնները եւ նախաձեռնեց բարեփոխութիւններ կատարելու՝ ռազմավարական ծրագրաւորումի միջոցով, ջանք թափելով ինքզինք աւելի լաւ սահմանելու, բարելաւելու իր պատկերը եւ ամէնէն կարեւորը՝ աւելի յարմար լուծումներ գտնելու ներքին զանազան մարտահրաւէրներուն:

Տպաւորութեան եւ Պատկերացումի Բարելաւում

Հ.Մ.Ը.Մ.ը համահայկական աշխուժ կազմակերպութիւն մըն է Սփիւռքի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ: Կ՛ակնկալուի, որ Հ.Մ.-Ը.Մ.ի նման ամուր ենթակառոյցով փորձառու երիտասարդական կազմակերպութիւն մը ունենայ ազգային մակարդակի համարժէք ռազմավարական կարեւորութիւն: Իր լայնածաւալ քաշողականութեամբ եւ ոչ քաղաքական, բայց հայրենասիրական առաքելութեամբ՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ը ամէնէն յարմար կազմակերպութիւնն է ոգեշնչելու եւ դաստիարակելու հայ երիտասարդներու մեծամասնութիւն մը, ներառեալ հայկական իրականութենէ հեռու մնացած երիտասարդներ:
Երբ խօսքը կը վերաբերի ազգային դերակատարութեան, իրականութիւնը այն է, որ Հ.Մ.Ը.Մ. պարտաւոր է բարելաւելու իր պատկերը հայ ժողովուրդին մօտ: Տրամաբանութիւնը կ՛ենթադրէ, որ հայկական ոչ մէկ կազմակերպութիւն կամ միութիւն գործէ դատարկութեան եւ անորոշութեան մէջ, այլ բոլորը միասին պէտք է հետապնդեն ազգային վերջնական նպատակը՝ կերտել աւելի հզօր հայ ազգ: Անշուշտ իւրաքանչիւր կազմակերպութիւն ունի իր գործունէութեան ծիրը եւ ծրագիրներու առաջնահերթութիւնները: Օրինակ՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի առաքելութիւնն է կրթել պատանիները, երիտասարդները եւ ապագայ սերունդները՝ անոնց մէջ զարգացնելով աւելի լաւ արժէքներ եւ օգնելով, որ անոնք դառնան յաջող եւ ներգրաւուած քաղաքացիներ: Այսպիսով կ՛ամրապնդուի անոնց հայկական ինքնութիւնը եւ նուիրուածութիւնը հայ ազգին նկատմամբ: Հ.Մ.Ը.Մ. սկաուտութեան եւ մարմնակրթութեան միջոցով կը փորձէ այդ նպատակին հասնիլ:

Իբրեւ հաւաքական խումբ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի ներդրումը մեր ժողովուրդի ընկերութեան եւ համայնքներու կեանքին մէջ միշտ ալ թերգնահատուած է: Այո՛, Հ.Մ.Ը.Մ. կը նկատուի սկաուտութեան եւ մարմնակրթութեան միջոցով երկարատեւ բարեկամութիւններ ստեղծող կազմակերպութիւն մը: Հ.Մ.Ը.Մ. կը համարուի նաեւ մեր հայկական հաւաքական ուժի ցուցական լաւագոյն մեքենան՝ տողանցքներու, դրօշակի արարողութիւններու, յաջող մրցաշարքերու եւ ճամբարներու ընդմէջէն: Կարգ մը երկիրներու մէջ ֆութպոլի խաղերու իր յաջողութիւնը ազգային հպարտութիւն կը ներշնչէ: Բայց Հ.Մ.Ը.Մ.ի իսկական ազգային արժէքը կը գերազանցէ բոլոր այդ զգացումները: Անոր արժէքը կը կայանայ այն փաստին մէջ, որ հայ պատանիներու եւ երիտասարդութեան նշանակալի զանգուած մը երկար տարիներով կը թրծուին հայկական առողջ միջավայրի մը մէջ եւ իբրեւ արդիւնք անոնցմէ շատեր կը դառնան գործօն անդամներ կամ ղեկավարներ հասարակական տարբեր կառոյցներու եւ կազմակերպութիւններու մէջ, եւ կամ՝ յանձնառու համակիրներ:

Հ.Մ.Ը.Մ. այն ազգային տարրական գործարանն է, որ փոքր տարիքին կը կաղապարէ, կը թրծէ ապագայի հայը: Ո՛չ մէկ կազմակերպութիւն իր թուային պատկերը ունի, եւ շատ քիչեր ունին իր քաշողականութիւնը: Ռազմավարական տեսակէտէն այս իրականութիւնը աւելի լաւ ձեւով պէտք է գնահատուի հայազգի շահագրգիռ ղեկավարութեանց կողմէ, որովհետեւ ատիկա եթէ ճշգրտութեամբ կատար-ւի դրական բացառիկ ազդեցութիւն կ՛ունենայ մեր ժողովուրդի ապագային վրայ: Բայց Հ.Մ.Ը.Մ.ը ինքն է, որ պէտք է բարելաւէ իր պատկերը եւ ինքզինք պատշաճեցնէ: Հ.Մ.Ը.Մ.ը եւ իր ղեկավարները անդրադարձած են այս կարեւոր ռազմավարական ազգային դերակատարութեան եւ նկատի առնելով նորագոյն ազգային մարտահրաւէրները՝ համոզում յայտնած են մեր կազմակերպութիւնը բարեփոխելու կարեւորութեան առնչութեամբ:

Ներքին Մարտահրաւէրներ

Ներքին ճակատի վրայ Հ.Մ.Ը.Մ. նախ պէտք է վերըստեղծէ ինքզինք՝ դառնալու համար արդիւնաւէտ, ժամանակակից եւ աւելի գրաւիչ կազմակերպութիւն մը, ապա նաեւ պէտք է շեշտադրէ իր առաքելութեան հիմնական սկզբունքները: Այս երկուքը պէտք է որ միասին կատարուին: Ասիկա կը նշանակէ, որ Հ.Մ.Ը.Մ. պարտի գրաւել այսօրուան երիտասարդութեան ուշադրութիւնը՝ անոնց մատուցելով զուարճալի միջավայր, միաժամանակ հսկելով, որ անոնք դառնան հայ ազգին ծառայելու պատրաստ, պատասխանատու անհատներ: Այս նաեւ կընշանակէ որՀ.Մ.Ը.Մ. պիտի ողջունէ եւ իր շարքերուն մէջ քաջալերէ բոլոր ենթամշակոյթերու պատկանող հայերը, եւ պատանի-երիտասարդներու այն խաւը որոնք դժուարութիւն ունին հայերէն լեզուով սահուն արտայայտուելու: Յետ այսու, իբրեւ միութենական որոշում, առաւել այն բոլոր հայ պատանիներուն եւ թերահաս երիտասարդներուն որոնք հեշտօրէն հայերէնով կը հաղորդակցին եւ մաս կը կազմեն մեր ընտանիքին, Հ.Մ.Ը.Մ.ը հաւասարապէս պիտի կեդրոնանայ եւ մօտենայ նաեւ անոնց որոնք սահմանափակ կարողութիւն ունին հայերէնով արտայայտուելու, եւ պիտի փորձէ իրենց նոյնանման առիթ եւ դաստիարակութիւն տալ:

Երբեք կասկածի տակ չէ առնուած մեր անդամներուն հաւաքական եւ անհատական միութենական յանձնառութիւնն ու նուիրումը, բայց իբրեւ կազմակերպութիւն երբեմն մենք կը մոռնանք կեդրոնանալու արդիւնքներու վրայ: Կարեւոր է, որ չշփոթենք կազմակերպութեան առաքելութիւնը սովորական գործունէութիւններէ կամ ծրագիրներէ, որքան ալ կարեւոր ըլլան անոնք : Մարզական մրցաշարք մը կամ որեւէ կազմակերպչական աշխատանք՝ նախադուռը կամ ամէնէն ցած յայտարարն է փափաքելի արդիւնքին, եւ պէտք չէ նկատուի Հ.Մ.Ը.Մ.ական գործունէութեան վերջնական նպատակը: Մեր գործունէութեան նպատակները, ծրագիրներն ու նախագիծերը պէտք է գերազանցեն անմիջական ընկերային կամ նիւթական շահերը եւ պէտք է ձգտին նուաճելու յաւելեալ պատշաճ գիտելիքներ, դրական վերաբերմունք եւ հաստատ արժէքներ Հ.Մ.Ը.Մ.ի անդամներուն մօտ, մասնաւորաբար պատանի սկաուտներուն եւ մարզիկներուն համար: Հ.Մ.Ը.Մ. արդէն ունի իր իւրայատուկ միութենական արժէքներու համակարգը, եւ սկաուտները ունին 12 գերազանց արժէքներ՝ սկաուտական դաւանանքին մէջ ամփոփուած: Մենք պէտք է յարգենք եւ գործադրենք Հ.Մ.Ը.Մ.ական այս արժէքները: Ասիկա չի բացառեր, որ գործունէութիւնը հաճելի եւ զուարճալի պահեր ունենայ, այլ պարզապէս շեշտը կը դրուի այն երեւոյթին վրայ, որ ղեկավարութեան աշխատանքային մօտեցումը պէտք է միշտ առնչէ օգտակար փոփոխութեան:

Իսկ ինչ կը վերաբերի Հայաստանի Հանրապետութեան, անհրաժեշտ է ունենալ յստակ տարբերակ մը, որ կը նշանակէ թէ մեր կազմակերպութիւնը՝ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ. իր սկաուտները եւ անդամները պէտք է կրթէ եւ դաստիարակէ բարոյական եւ ընկերային այնպիսի արժէքներով, որպէսզի իբրեւ Հայաստանի քաղաքացիներ անոնք կարելիութիւն ունենան դրական ազդեցութիւն ունենալու երկրի քաղաքացիական հասարակութեան եւ ժողովուրդին վրայ: Ասիկա միակ ձեւն է, որուն միջոցով Հ.Մ.Ը.Մ. կրնայ արդարացնել իր ազգային դերակատարութիւնը թէ սփիւռքի եւ թէ Հայաստանի մէջ, եւ այդ է պատճառը որ կայուն ռազմավարական ծրագիրի մը մշակումը անհրաժեշտ է, յստակացնելու համար մեր հետագայ ուղին եւ գործնականացնելու ծրագրուած գործունէութիւններու արդիւնքը:

Այսպիսի նպատակի մը իրականացումը դժուար աշխատանք է եւ կ՛ենթադրէ մեր կազմակերպութեան ընթացիկ մշակոյթին, արժէքներուն եւ գործառոյթներու հոլովոյթին փոփոխութիւնը: Ռազմավարական ծրագիրը պիտի փորձէ իրականացնել այդ մէկը: Ծրագիրը պատրաստուեցաւ, բիւրեղացաւ եւ համաձայնութեան արժանացաւ բազմաթիւ գործօններու մանրամասն քննարկումներէ եւ արժեւորումներէ ետք, ներառեալ Հ.Մ.Ը.Մ.ի աւանդութեան եւ փորձառութեան վերլուծումը, իր առաքելութեան եւ դաւանանքի վերատեսութիւնը, հայ ժողովուրդի դիմագրաւած այժմու մարտահրաւէրներու արժեւորումը եւ հայկական այլ հիմնարկներու, կառոյցներու հետ աւելի համագործակցելու անհրաժեշտութիւնը: Աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւններն ու ժողովըրդագրական տեղաշարժերը, ինչպէս նաեւ անհաւասար թիւով տարբեր գաղութներնուպահանջները ու ճկուն գործելու անհրաժեշտութիւնը քննարկուեցան: Հայերէն լեզուի գործածութեան եւ օգտագործման մարտահրաւէրները կարեւորութեամբ շեշտուեցան: Արհեստագիտութեան անհրաժեշտ օգտագործումն ու երիտասարդները գրաւելու նոր ձեւերու փնտռտուքը նոյնպէս արծարծուեցաւ: Այս հոլովոյթին ընթացքին քննարկուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ծրագիրներուն եւ գործունէութեանց լուրջ բովանդակութիւն ունենալու հարցը, լուսարձակի տակ առնուեցաւ փորձառու ու նուիրեալ մարդուժի նուազումը եւ արժեւորուեցաւ վարչական աշխատանքներու մէջ կամաւորութեան ու արհեստավարժ մօտեցումի անհրաժեշտութիւնը: Վերջապէս շեշտը դրուեցաւ միութեան կառոյցին առնչուող նոր աշխատանքային ձեւեր գտնելու, ինչպէս նաեւ տնտեսական ծրագրաւորումի եւ թափանցիկ հաշուապահութեան պահանջը:

Եզրակացութիւն

Համահայկական (Հայաստան-Սփիւռք) այս լայն ազգային տեսանկիւնով եւ տեսլականով է, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ի 10րդ Ընդհանուր Ժողովը վաւերացուց եւ որդեգրեց ռազմավարական ծրագիրը: Կեդրոնական Վարչութիւնը իւրացուց, որդեգրեց բարեփոխութիւններու գաղափարը եւ նշանակեց ռազմավարական ծրագրաւորման գործադիր յանձնախումբ մը, որպէսզի առաջնորդէ բարեփոխութեան այս հոլովոյթը: Խոստովանինք, որ մենք ունինք համարձակ, յաւակնոտ ծրագիր մը, բայց նաեւ նախատեսուած է, որ իրապաշտ մնանք: Ռազմավարական այս ծրագիրին յաջողութիւնը կախեալ է Հ.Մ.Ը.Մ.ի մշակոյթին՝ գործելաոճին մտայնութեան մէջ անհրաժեշտ փոփոխութիւնը յառաջացնելու կամքէն եւ կարողութենէն, ինչպէս նաեւ բոլոր մակարդակներու վրայ ընտրելու ճկուն եւ տքնաջան աշխատանքի ատակ ղեկավարութիւն, որ բաւարար չափով խիզախ, քաջ ըլլայ նախաձեռնելու, սատարելու դժուար փոփոխութիւններուն եւ բաւական նուիրուած, յանձնառու ըլլայ գործնականացնելու ծրագիրը: Հ.Մ.Ը.Մ.ի բոլոր շրջաններու եւ ամբողջ աշխարհի իր 104 մասնաճիւղերուն մէջ այս ծրագիրի բացայայտումը, ծանօթացումը, ճշմարիտ հաւատացողներու կամ փոփոխութեան գործիչներու զինուորագրումն ու նպատակներու առաջնահերթութեան յստակացումը մեծապէս պիտի օգնէ այս ծրագիրի իրականացման:
Երբ մենք կը նայինք դէպի մեր ազգի ապագան, ըլլայ ատիկա Հայաստանի կամ Սփիւռքի մէջ, յստակ կը դառնայ, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ի իւրայատուկ արժէքներու վերահաստատման ուղղութեամբ պէտք է ընթանայ մեր ճիգը՝ զարգացնել առողջ մարմին, հանրային սպասարկութիւն, քաջալերել կրթութիւնը եւ ամրապնդել հայ ընտանիքը: Ճիշդ է, որ պատմականօրէն մեր միութիւնը ծառայած է այն պատանիներուն, երիտասարդներուն, որոնք սահուն հայերէն կը խօսին, բայց այժմ ժամանակն է արդէն մեր թիրախը դարձնելու հայերէն խօսող կամ չխօսող բոլոր երիտասարդներն եւ պատանիները, առանց որեւէ սահմանափակութեան: Պատանիներն ու երիտասարդները իրենց հայ ինքնութեան հետ կամրջելով ու անոնց ընձեռելով կարելիութիւններ՝ համերաշխ եւ համահունչ ըլլալու հայկական խնդիրներու հետ, պէտք է ըլլայ մեր կարեւորագոյն կամ աւելի ճիշդը ամէնէն կարեւոր ազգային հեռանկարն ու նպատակը: Մարտահրաւէրը վերոնշեալ ռազմավարական նպատակներուն միջեւ հաւասարակշռութեան մը ստեղծումն է՝ այժմէական, հաճելի, զուարճալի եւ օգտակար գործունէութեամբ:

Երիտասարդութիւնն է, որ շատ մօտիկ ապագային Հայաստանի Հանրապետութեան աջակցելու խարիսխը պիտի հանդիսանայ, եւ կրկին երիտասարդութիւնն է, որ պիտի ստանձնէ Սփիւռքի ղեկավարման ղեկը: Ոչ մէկ ազգային նպատակ կարելի է շարունակել առանց հայրենասէր, աշխուժ, գործուն, նուիրուած երիտասարդներու, որոնք պատշաճօրէն կրթուած են իրենց հպարտ հայկական ինքնութեամբ եւ ունակ են իրենց զոյգ՝ հայկական եւ ոչ հայկական ինքնութիւններուն միջեւ հակամարտութիւն թուացող իրավիճակը վերափոխելու եւ կարգաւորելու՝ այդ տուեալը առաւելութեան վերածելով: Եթէ ասիկա ազգային պատշաճ նպատակ եւ հեռանկար չէ, ուրեմն ի՞նչ է:

Հ.Մ.Ը.Մ.ը կը ծառայէ աշխար- հասփիւռ հայ երիտասարդութեան պատկառելի զանգուածի մը եւ առիթը ունի ծառայելու մինչեւ այսօրս հայկական իրականութենէ հեռու մնացած յաւելեալ երիտասարդներու փաղանգի մը: Իր ռազմավարական ծրագիրով Հ.Մ.Ը.Մ. պիտի փորձէ իրականացել ճիշդ ա՛յդ նպատակը:


ՏՈՔԹ. ՇԱՀԷ ԵՆԻԳՈՄՇԵԱՆ
(Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական-Ռազմավարական
Ծրագիրի Գործադիր Յանձնախումբին կողմէ)

«ԱԶԱՏ ՕՐ»

Տպել Տպել