Քոնկրեսի Հայկական Համախմբումը Կը Նշէ Արցախի Շարժումին 30-ամեակը

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի համաատենապետներ Ֆրանք Փալոն, Ճեքի Սփիր եւ Տէյվիտ Վալատաօ, ինչպէս նաեւ փոխատենապետ Էտըմ Շիֆ պաշտօնական յայտարարութիւններ կատարած են Արցախի ազատագրական շարժման 30-ամեակին առիթով:

Քոնկրեսականները իրենց յայտարարութեան մէջ դրուատած են իրենց ինքնորոշման իրաւունքին տէր կանգնած Արցախի ժողովուրդի կամքը եւ վերջին 30 տարիներուն ընթացքին Արցախի Հանրապետութեան մէջ արձանագրուած ժողովրդավարական յառաջդիմութիւնները, որոնք կ՛իրականացուին` հակառակ Ազրպէյճանի յարձակողապաշտ քաղաքականութեան, սպառնալիքներուն եւ զինուորական գործողութիւններուն:

aztagdaily.com

Տպել Տպել