«Ազդակ»ի Խմբագրական. 4-րդ Նախագահի Ընտրութեան Սեմին. Համահայկական Կերպար Եւ Քաղաքական Ներկայ Պահու Ընտրանք

Հաշուըւած օրեր ետք, նորացուած Սահմանադրութեան հիման վրայ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը կ՛ընտրէ Հայաստանի Հանրապետութեան 4-րդ նախագահը:

4-րդ նախագահը պիտի չունենայ իր նախորդին` այժմու գործող նախագահին միեւնոյն լիազօրութիւնները: Ան, շարունակելով պահել երկրի ու պետութեան բարձրագոյն պաշտօնը, ըստ էութեան յանուն երկրին ու պետութեան պիտի մասնակցի ազգային, միջազգային արարողութիւններու, միջազգային բարձրագոյն ատեաններուն պիտի շարունակէ ներկայացնել պաշտօնական Երեւանը, պիտի ստորագրէ համաձայնագիրներ ու փաստաթուղթեր, պիտի ընդունի օտարերկրեայ դիւանագէտներու հաւատարմագիրները, պիտի շնորհէ բարձրագոյն դիւանագիտական, զինուորական եւ տարբեր ոլորտներու աստիճաններ, կոչումներ, քաղաքացիութիւն: Նման գործառոյթներ եւ լիազօրութիւններ սահմանուած են անշուշտ սահմանադրականօրէն:

Նախագահի լիազօրութիւններու փոփոխութիւնը պէտք չէ ձգէ այն տպաւորութիւնը, որ գործող լիազօրութիւններով ղեկավարելու համակարգը կիսանախագահականէն կ՛անցնի վարչապետականի: Նոր Սահմանադրութեան ամբողջ փիլիսոփայութիւնը կառավարման լիազօրութիւնները մէկ հոգիի վրայ չկեդրոնացնելն է. կամ ալ պետական մէկ հիմնարկին գերիրաւասութիւններ շնորհելը չէ: Իշխանութեան տարածումն է, գործադիր, օրէնսդիր հարթութիւններու վրայ որոշում կայացնելու գործընթացի հաւաքականացումը եւ արդարադատութեան համակարգի ամբողջական անկախացումը:

Ամէն ինչ չէ, որ այս պարագային Սահմանադրութեամբ մանրամասնուած է, եւ ասիկա բնական է: Հանրապետութեան նախագահը յայտնաբար պիտի զբաղի նաեւ համահայկական խնդիրներով, արդէն իսկ որոշ ճամբայ կտրած Հայաստանի Հանրապետութիւն-Արցախ-սփիւռք եռամիասնութեան ուղղութեան ամրակայման եւ զարգացման ծրագիրներով: Ահա այստեղ է նաեւ նախագահի անձին ընտրութեան գերակայ շարժառիթներէն մէկը: Նախագահական պաշտօն ստանձնող անձնաւորութիւնը պէտք է իրազեկ ըլլայ համահայկական դաշտին եւ այդ ուղղութեամբ` աշխատանքային կենսափորձ ու կենսագրութիւն արձանագրած:

Արմէն Սարգսեանի ուղեւորութիւնը Լիբանան կը տեղադրուի իր` հայկական աշխարհին մէջ գործող հայկական հոգեւոր, ազգային, կուսակցական կեդրոններ շրջապտոյտի ընդհանուր շրջագիծին մէջ: Եւ ուշագրաւ երեւոյթ է, որ լիբանանահայ համայնքին տուած այցելութեամբ իր աշխատանքային շրջապտոյտը կը փակէ խորհրդարանական մեծամասնութեան եւ արդէն համախոհական կառավարութիւն կազմած կուսակցութիւններու` ՀՀԿ-ի եւ ՀՅԴ-ի հանրապետութեան նախագահի թեկնածուն:

Այդ այցելութիւններուն ընթացքին կայացած քննարկումները ընդգծեցին, որ նախագահութեան թեկնածուն, իրօք, իրազեկ է համահայկական դաշտին, հայրենիքի խնդիրներուն, արցախեան հակամարտութեան բանակցային գործընթացի նուրբ դրոյթներուն, սփիւռքի իւրայատկութիւններուն, համահայկական հասարակութիւն ստեղծելու կարեւոր առաջադրանքի իրականացման համար գոյութիւն ունեցող խնդիրներուն: Այս բոլորին առընթեր` միջազգային տնտեսաքաղաքական ընդհանուր միտումներուն, արհեստագիտութեան ոլորտի թռիչքային զարգացումներուն եւ գիտելիքի ու մտքի հիման վրայ հայրենիքը 21-րդ դարու երկիր ու պետութիւն դարձնելու հրամայականի գործադրման հնարաւոր ուղիներուն:

Թէ՛ համահայկական հարթութեան ծանօթ ըլլալու եւ թէ՛ միջազգային ատեաններու մէջ տնտեսաքաղաքական լեզուին ու մշակոյթին տիրապետած ըլլալու հանգամանքներուն առընթեր Արմէն Սարգսեանի անձին նշանակումը քաղաքական ներկայ պահու համահունչ նշանակութիւն ունի Հայաստանի Հանրապետութեան ստանձնած նոր դերին եւ նոր հանգամանքին հետ:

Անդամակցելով Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵՏՄ)` Երեւանը ստորագրեց նաեւ համապարփակ եւ ընդլայնուած համագործակցութեան համաձայնագիր Եւրոպական Միութեան հետ, ստանալով եզակի եւ յատուկ հանգամանք երկու միջպետական միաւորներուն միջեւ կամուրջի դերակատարութեան իրողական հնարաւորութիւնով: Երկու ուղղութիւններով միջազգային ատեաններուն մէջ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ներկայացնող 4-րդ նախագահը ԵՏՄ-ի անդամ պետութիւններու յատկապէս տնտեսական ծրագիրներուն մասնակցութեամբ եւ այդ մշակոյթի տիրապետումով, ինչպէս նաեւ Լոնտոնի մէջ դիւանագիտական ծառայութեան հսկայական փորձի կուտակման ճամբով եւրոպական կառոյցներուն հետ սերտօրէն համագործակցելով վաստկած է կարեւորագոյն աւանդ եւ պատրաստ ենթահող այդ ուղղութիւններու համադրման կէտի վերածելու Երեւանը:

aztagdaily.com

Տպել Տպել