Հայ Դատը Հիւրընկալեց Նոր Հարաւային Կալեսի Վարչապետ Կլետիս Պերեճիքլեանը

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ մայրաքաղաք Ուաշինկթընի իր կեդրոնատեղիին եւ «Արամեան Տան» մէջ հանդիպումներով հիւրընկալած է Աւստրալիոյ պետական պատուիրակութեան հետ Միացեալ Նահանգներ պաշտօնական այցելութիւն տուող Նոր Հարաւային Կալես նահանգի հայազգի վարչապետ Կլետիս Պերեճիքլեանը։

«Արամեան Տան» մէջ կայացած հանրային հանդիպման ընթացքին Պերեճիքլեան յայտնած է, թէ ինք այնտեղ կը գտնուի ոչ միայն իբրեւ Աւստրալիոյ մեծագոյն նահանգի վարչապետը, այլ՝ իբրեւ հայ։

Հանդիպումին ներկայ եղած են նաեւ Հայ Դատի վարժողական ծրագիրին մասնակցող երիտասարդները. վարչապետը անոնց ըսած է, թէ հակառակ անոր որ դիւրին չէ հայ ըլլալ եւ պայքարիլ Հայ Դատին համար, համատեղ ջանքերով կարելի է շօշափելի յաղթանակներ արձանագրել, որովհետեւ՝ «աշխարհի չորս կողմը մեծ ընտանիք ունինք»: Ան դրուատած է Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին արդիւնաբեր գործունէութիւնը, որմէ օրինակ կ՛առնեն աշխարհի տարածքին գործող հայկական կազմակերպութիւնները։

Վարչապետը յայտնած է, թէ Աւստրալիոյ մօտաւորապէս 50,000 հաշուող հայ համայնքը շուրջ կէս դարու պատմութիւն ունի՝ աւելցնելով, որ թէեւ անիկա Միացեալ Նահանգներու հայ համայնքին նման ազդեցիկ չէ, սակայն կարեւոր դեր կը խաղայ երկրի կեանքին մէջ:

Անդրադառնալով հայ մշակոյթի ու լեզուի պահպանութեան՝ վարչապետ Պերեճիքլեան ըսած է, թէ իր կեանքին մէջ այդ գծով հիմնական դեր խաղացած են ընտանիքն ու հայ համայնքը։ «Որեւէ երկրի մէջ կրնաք ապրիլ, բայց շատ կարեւոր է, որ հայապահպանման պայքարը շարունակուի», եզրակացուցած է ան։

Կլետիս Պերեճիքլեան, որ նախապէս գանձապետն էր մօտաւորապէս 8 միլիոն բնակչութիւն ունեցող Նոր Հարաւային Կալեսին, թոռնիկն է Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրած հայորդիներու: Ան վարչապետի պաշտօնին վրայ պիտի մնայ մինչեւ 2019ի ընտրութիւնները: Կլետիս յաճախած է շրջանի Համազգայինի Շաբաթօրեան, գործօն դէմք է Սիտնիի հայ համայնքէն ներս եւ մեծապէս նպաստած է նահանգին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնն ու Արցախի անկախութիւնը ճանչցող բանաձեւերու վաւերացման ջանքերուն: Ան նաեւ Ատրպէյճանի «սեւ ցանկ»ին վրայ կը գտնուի, որովհետեւ Նոր Հարաւային Կալես նահանգէն քաղաքական պատուիրակութեան մը հետ Արցախ այցելած էր:

asbarez.com

Տպել Տպել