Արցախի Հանրապետութեան Նախագահին Քոնկրես Այցը

Ձախէն աջ՝ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Նորա Յովսէփեան, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, նախագահ Բակօ Սահակեան, Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Գասպար Կարապետեան եւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Մարտ 14ին, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան այցելած է Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը՝ շեշտելով Արցախի ժողովուրդին անկախ, ինքնավար եւ ժողովրդավար հանրապետութիւն կերտելու ջանքերուն աջակցելու կարեւորութիւնը:

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան անկիւնադարձային համարած է պատմական այս այցելութիւնը։

Նախագահը հանդիպում ունեցած է Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի անդամներուն ու Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի խումբ մը անդամներու հետ, եւ քննարկած է Արցախ-Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւններուն, Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման եւ տարածաշրջանային գործընթացներուն վերաբերող հարցեր:

Նախագահ Սահակեան՝ իր ելոյթին ընթացքինն

Այնուհետեւ, Քոնկրեսին մէջ կազմակերպուած է ընդունելութիւն մը՝ նուիրուած Արցախեան շարժման 30րդ տարեդարձին, որուն բացումը կատարած է Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի համաատենապետ Ֆրենք Փալոն: Ընթացքին ելոյթներ ունեցած են Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի համաատենապետներ Ճեքի Սփիր, Տէյվիտ Վալատաօ, փոխատենապետ Էտըմ Շիֆ եւ քոնկրեսականներ Տէյվիտ Սիսիլին, Ճիմ Քոսթա, Աննա Էշու եւ Պրետ Շըրմըն։

Իր խօսքին մէջ նախագահը կարեւոր համարած է Միացեալ Նահանգներու օրէնսդիր բարձրագոյն մարմինին հետ կազմակերպուած հանդիպումները՝ նշելով, որ անոնք նաեւ կը բարձրացնեն մեր պատասխանատուութեան աստիճանը յամառ ու քրտնաջան աշխատանք իրականացնելու եւ երկկողմանի յարաբերութիւնները ա՛լ աւելի խորացնելու ու զարգացնելու գործին մէջ:

Ան շեշտած է, թէ Միացեալ Նահանգները կը նկատէ իբրեւ բարեկամ երկիր, որ միլիոնաւոր հայերու համար դարձած է երկրորդ հայրենիք՝ դրուատելով Արցախի «ազնիւ եւ անշահախնդիր բարեկամներ»ը, որոնք արդէն իսկ երկար տարիներէ ի վեր Արցախի հետ են, կ՛աջակցին անոր ժողովուրդին եւ աշխարհին ճշմարիտ տեղեկութիւններ կը ներկայացնեն Արցախի մասին:

Նախագահը արժեւորած է Ուաշինկթընի շօշափելի դերակատարութիւնը՝ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան պահպանման եւ Արցախի հակամարտութեան խաղաղ ու արդարացի կարգաւորման գործին մէջ:

Այս առիթով, նախագահը Արցախի Հանրապետութեան պետական պարգեւներ յանձնած է խումբ մը քոնկրեսականներու եւ ծերակուտականներու՝ Արցախին սատարելու եւ Արցախ-Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւններու զարգացման գործին մէջ շօշափելի ներդրում ունենալու համար: Անոնք են՝ Ճեք Ռիտ, Էտ Ռոյս, Էլիըթ Էնկըլ, Տէյվիտ Սիսիլին, Ճիմ Քոսթա, Պրետ Շըրմըն, Էտըմ Շիֆ եւ Տէյվիտ Վալատաօ։

Քոնկրեսին մէջ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի խօսքը կարելի է ունկնդրել՝ https://youtu.be/HkZ8l3ZASaw կայքէջին վրայ։

Քոնկրեսական Փալոն եւ նախագահ Սահակեան

Յայտնեք, թէ նոյն օրը Սահակեան այցելած է նաեւ Ամերիկայի Հայ Դատի կեդրոնը ու հանդիպած է կառոյցի ղեկավար կազմին եւ աշխատակիցներուն հետ: Նախագահ Սահակեան գնահատած է Հայ Դատին աշխատանքը ազգային տարբեր խնդիրներու լուծման գործին մէջ՝ երախտագիտութիւն յայտնելով Արցախին վերաբերող հարցերը մշտապէս յատուկ ուշադրութեան արժանացնելուն համար: Բակօ Սահակեան վստահութիւն յայտնած է, որ Հայ Դատին հետ սերտ գործակցութիւնը պիտի ամրապնդուի՝ օրինակելի որակելով կազմակերպութեան ազգանուէր գործունէութիւնը:

Արցախի Հանրապետութեան նախագահը հանդիպում ունեցած է նաեւ ՀՅԴ Արեւելեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներուն հետ՝ քննարկելով Արցախի ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան, Արցախ-Սփիւռք համագործակցութեան, Ամերիկա-Արցախ կապերու զարգացման ու խորացման վերաբերող հարցեր: Սահակեան բարձր գնահատած է ՀՅԴ Արեւելեան Ամերիկայի կառոյցին գործունէութիւնը՝ ուղղուած Արցախի սատարման, համազգային կարեւորագոյն հարցերու լուծման եւ հայրենիք-Սփիւռք կապերու ամրապնդման, յոյս յայտնելով, որ ապագային եւս աշխատանքները կը շարունակուին նոյն եռանդով եւ արդիւնաւէտութեամբ:

asbarez.com

Տպել Տպել